Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԳ Զ

ՄԵԽԱԿ

Երբ մեղմ նըշոյլներ
Ճակտիս կը ցանես.
Հոգիս կը խայտայ,
Ցըրուին սե՛ւ խոհերս:

Քաղցըր բոյրիդ հետ`
Ոլոր ու մոլոր,
Կարծես միտքս ելլէ
Դէպ յերկինս անդորր:
Ծալքերը սըրտիս
Արցունքոտ խորքեր -
Ծաղկի-ժըպտիդ դէմ
Թողուն պահ մը’ ստուեր:

Կեանքն ալ ըստուեր մ’է,
Կամ խաբէութիւն,
Ծաղիկն իր հաճոյք`
Որք կ’անցնին իսկոյն:
Արդ` բա՛ց, ո՜ ծաղիկ,
Նեկտարիդ ծըրար,
Ըրէ զիս արբշիռ.
Հիւթով զովարար,

Որ թերեւս մոռնամ
Վայրիկ մը` կենաց
Դաժանքն ու մարդուն
Խօլ քէնն ու նախանձ:

Ահ, որքա՜ն սիրեմ
Բանաստեղծին կեանք,
Զի սէր է ան, խոհ,
Բոյր, ժըպիտ եւ նըւագ: