Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՑԱՅ ՀԱԶԱՐ ԱՆԳԱՄՆԵՐ

Պատուհանիդ ես տակէն
Անցայ հազար անգամներ,
Հոգիս յուսով մը կ’այրէր
Քեզ տեսնելու փափաքէն:

Հոն` չ’երեւցար դու բընաւ.
Դեղձանիկըդ կար միայն,
Թովուած քեզմէ` կ’երգէր ան
Քընարիս պէս տըխուր, սեա՜ւ…
Օր մ’ալ անցայ այդ տեղէն
Ըստուերի պէս. կանո՜ւխ էր.
Հազիւ արփւոյն ճաճանչներ
Կը փըթթէին լուսեղէն:

Նետեցի աչք մի անձկաւ.
Հոն էիր դու նոյն օրն այն,
Հուրիի մը ճիշտ նըման
Դիւթիչ տեսքով մ’ոգեգրաւ:

Տեսածիդ պէս զիս մէկէն
Ծածկուեցար, անգո՛ւթ սէր,
Վարագոյրիդ ժանեակներն
Ա՜հ, բաժնեցին քեզ ինծմէն: