Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՌ ՄԸ

Ո՛չ դայլայլը սոխակին,
Ո՛չ ալ արփւոյն ելքն երգող
Թըռչնոց աշխոյժ մեղեդին
Այնքան հաճոյ չեն ինծի:

Ալւոյն մըրմունջն անուշիկ,
Մեղմ սուլումը զեփիւռին,
Անմեղ մանկան երգն յուշիկ
Այնքան հաճոյ չեն ինծի:

Կուսի մը` տակ մատերուն
Վառվռուն երգը դաշնակին,
Կամ փողերուն գոռ բոբիւնն
Այնքան հաճոյ չեն ինծի:
Ո՜հ, ինձ հաճոյ է միայն`
‘Ւ ամէն երգէ ալ անոյշ,
Քու կենսատու մէ՛կ բառն այն,
Թէ - կը սիրեմ ես ըզքեզ…