ԵՐԳ
Բ
ՇՈՒՇԱՆ
Ողջո՛յն
ընդ
քեզ,
ո՛վ
շուշան,
Սիրոյ,
գեղոյ
սուրբ
ծաղիկ,
Ողջոյն
քեզ
տան
մայր-բնութեան,
Նոր
արթընցած
հրաշալիք:
Բուրաստանիս
ծաղկանց
մէջ
Ի՜նչ
սիրուն
ես,
ի՜նչ
շըքեղ`
Երբ
զերդ
դըշխոյ
վեհ
ու
պերճ
Կը
պանծաս,
վրադ
ես
շատ
հեղ:
Կը
մըտածեմ
հրապուրուած`
Թէ
դէպ
յերկին,
ո՜հ,
ինչո՞ւ
Չ’ըղձաս
ելլել`
փառապանծ
Գահոյքն
Էին
պըճնելու:
Ըսպիտակ
ես
իբրեւ
ձիւն,
Հրեշտակներու
ջինջ
պատկեր.
Արատած
չէ
բիծ
մ’իսկ
խուն
Բեհեզազգեաց
քու
թերթեր:
Նորա
սիրտն
ալ
է
մաքուր,
Գիրգ
ու
վըսեմ
քեզի
պէս.
Զոր
չարութեանց
սեւ
մըրուրն
Աղտոտած
չէ
գարշատես:
Բաժ’կիդ
նըման
որ
ծորէ
Շիթ
շիթ
քաղցրիկ
մի
նեկտար.
Անոր
հոգին
ալ
ցօղէ
Գութ
եւ
բարիք
անդադար: