ՄԱՆՈՒՇԱԿԻՆ
(Սիրերգ)
Առի
ըզքեզ
իր
ձեռքէն,
Որ
շուշա՜ն
մ’է
անարատ.
Արդեօք
սըրտին
լուսեղէն
Դըրա՞ւ
գաղտնիքը
վըրադ:
Դու
կապոյտ
գոյնն
հագեր
ես
Իր
աչքերուն
խոր,
հրափա՜յլ.
Աչքեր
դիւթող,
աչքեր
վէ՜ս`
Զոր
չը
կըրցայ
ես
մոռնալ…
Արդ
կը
հանգչիս`
տըխրունակ
Սըրտիս
խորունկն,
հոգւոյս
քով.
Վըրադ
կ’հըսկեմ,
մանուշակ,
Գուրգուրանքով,
արցունքով:
Եթէ
դրաւ
ծոցիդ
մէջ
Վարդ
շուրթերէն
համբոյր
մի,
Զայն
տուր
պահեմ
մինչեւ
վերջ,
Մինչեւ
յատա՜կը
շիրմի:
Եթէ,
ըսէ՛,
թերթերուդ
Ինկաւ
արցունք
մ’իր
աչքէն.
Այդ
արցունքին
խորը`
շուտ
Մ’հոգիս
խեղդեմ
հեշտօրէն…
Ինքն
է
հեռո՜ւ,
դու
մօտ
ես.
Քընքուշ
թերթերդ
կ’համբուրեմ.
Յուշերու
մէջ,
խենթի՜
պէս.
Անոնք
իր
սիրտ
կը
բուրեն:
Իր
կարօտովն
ես
միակ,
Դու
ալ
ողբէս
բոցարկու.
Պիտի
խամրինք
եւ
ըլլանք
Ցուրտ
շիրիմներ
մէկմէկու:
20
մայիս,
1901