ԱՂՔԱՏԸ
Որո՞ւ
է
սա
տըմոյն
մանուկն.
Որ
կը
նիրհէ
հողին
վըրայ.
Չունի
օրրան,
շորերէն
զուրկ,
Ձըմրան
բուքէն
կը
դողդըղայ.
-Մի
հէգ
աղքատի
Որդին
է
ատի:
Որո՞ւ
է
սա
խեղճ
պատանին,
Որ
Լոյս,
Սերուե՛թ,
եւ
կամ
Ծաղիկ
Առած`
շըրջի
աստին
անդին,
Գըլուխը
բաց,
ոտքը
բոպիկ.
-Մի
հէգ
աղքատի
Զաւակն
է
ատի:
Ա՜հ,
սա
մարդուկն
ո՞վ
է
արդեօք,
Որ
աթոռին
վըրայ
նըստած`
Ծանրաթախիծ
եւ
մըտածկոտ
Շիթեր
թափէ
դառն
արտասուաց.
-Մի
թըշուառ
աղքատ
Կանամբի
մ’է
ատ:
Ո՞վ
է
սա
կոյր,
զառամ
ծերուկն,
Որ
արեւին
հետ
կանուխկեկ
Ելած`
կ’մուրայ,
կ’ըսէ
խեղճուկ.
-«Ի
գո՜ւթ
կոյրիս
ողորմեցէ՛ք».
-Այդ
ծերն
յուսահատ,
Է
Խեղճ
մի
աղքատ:
Որո՞ւ
է
սա
դագաղն
անշուք`
Հետը
ոչ
ոք
կայ
ողբերգու.
Զայն
կը
կըրեն
երկու
գեղջուկ,
Եւ
մէկ
տէրտէր,
մէկ
տիրացու.
-Մի
հէգ
աղքատի
Դագաղն
է
ատի: