Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌ ԱՐՈՒՍԵԱԿ

Ողջո՜յն ընդ քեզ, արուսեա՛կ,
Աստըղ պայծառ, լուսարձակ.
Ի՜նչ դիւթիչ է, ի՜նչ վըճիտ
Լուսոյդ աղբիւրն մեղրաշիթ:
Երբ կը փալփլիս վերէն լուրթ,
Անհունին մէջ` լո՜ւռ, անփո՜յթ,
Շիկնոտ հարսն ես փափկասուն`
Դեռափըթիթ, ջինջ այգուն:
Ո՜հ, կը խնդրեմ տըխրատես
Սառած ճակտիս կայլակես
Լուսէդ մի շիթ աստղածին:
Աւա՜ղ, ահա, վէս արփին
Անգըթօրէն, անարգել
Մեզ երկուքնիս գայ բաժնել.
Վանելով քեզ, դէպի ո՞ւր…
Ո՛հ, չեմ գիտեր, եւ իզո՜ւր
Ջանամ գիտնալ` թէ որ կոյս`
Աստը՛ղ չըքնաղ, կու տաս խոյս,
Այլ միմիայն երբ դարձեալ
Գայ առաւօտ` ցընդի բալն,
Այնժամ կանուխ` երկընքէն
Ժըպիտ ցանես յիս նորէն: