ԻՂՁ
Ուսերէդ
վար
դեղձան
մազեր,
Կը
ծըփան
զերդ
ալիք
հիրեր.
Եւ
անձնատուր
մեղմիկ
սիւքին
Հեշտազուարճ
կը
տատանին.
Այդ
մազերէդ
ոսկեղէնիկ
Ա՜հ,
թել
մ’ինձ
տուր,
անգո՛ւթ
աղջիկ:
Մահկի
նըման
յօնքերուդ
տակ,
Փայլին
աչքերդ
իբր
արեւակ,
Ուրկէ
սիրոյդ
խոցող
նետեր
Կ’իյնան
սըրտին
իմ
կարեվէր.
Հուր
աչքերէդ
այդ
գեղեցիկ
Սէրդ
յիս
տեղայ,
անգութ
աղջիկ:
Դէմքիդ
երկու
կողմանց
վըրան
Դիւթող
այտերըդ
կը
ցոլան,
Եւ
կը
փըթթին
փունջ
փունջ
վարդեր
Ամէն
կողմը
բուրելով
սէր.
Գիրգ
այտերէդ
սիրոյ
ծաղիկք
Համբոյր
մ’ինձ
տուր,
անգո՛ւթ
աղջիկ:
Վարդակարմիր
շըղարշ
մ’անգայտ,
Քօղարկեր
է
շըրթունքներդ
այդ,
Որոնք
բերնիդ
մեղրածորան
Պերճ
ու
նըրբին
գեղ
մի
կու
տան.
Զիս
սիրելու
շրթներդ
նըռիկ
Ե՞րբ
խօսք
պիտ’
տան,
անգո՛ւթ
աղջիկ: