Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
5. ՓՈՇԻՆ
       Ռուբէն Զարդարեանին
       Շարքովն եզերուած բարտիներու հոծ
Լայն ճամբուն վրայ, քաղաքին մօտիկ,
Իրիկնամուտին, պայծառ, խորոտիկ,
Փոշիի պար մը կ'ելլէ հողմակոծ:
       Կ'ոլորուի թախծոտ, կը շրջի տխուր
Ուռեցած շունչովն բիրտ հովին հըսկայ.
Սիրտըս յուզուած է, միտքըս կը խոկայ
Նենգութիւններուդ, դաւերուդ անլուր:
       Եւ ինչպէս հովը կը քալէ արագ,
Փոշիի անթիւ ամպերուն բոլոր
Ցրուելով խառնակ տարրերը մոլոր,
Տիրապետումի յոյզերով վայրագ:
       Արհամարհանքիս հովն ալ անխընայ
Պիտի ընդոտնէ փոշին կեղծ սիրոյդ,
Եւ ժըպիտներուդ մէջէն պատրանուտ
Սիրտըս միշտ կանգուն պիտի բարձրանայ: