6.
ԾԱՂԿԷ
ՔԱՌԵԱԿ
Քերթողի
վառ
խանդով
գրուած
Քառեակներէն
աւելի,
Ես
կը
սիրեմ
նրբակազմած,
Գունեղ
քառեակը
ծաղկի:
Նկարագեղ
ոճով
գծուած
Պատկերն
յուզիչ
է
նուազ,
Քան
դաշտերէ
լայնատարած
Քաղուած
ծաղիկն
հեշտանազ:
Հո՛ն,
բաժակին
մէջ
ծաղիկին
Ոսկեփոշի
թեւով
գէջ,
Սիրով
պատած
սիրտի
մ'անգին
Կ'առնէ
պատկերն
ելեւէջ:
Այդ
պատկերը
շատ
աւելի
Յուզիչ
է`
քան
քերթողին
Յոյզով
մ'անհուն,
անպատմելի
Գրած
տողերն
քառեակին: