Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
9. ՅԻՇԱՏԱԿ (Սիրերգ)
       Մութ ըստուերներ, ծաւի լոյսեր ցիրուցան`
Ցուրտ սարսուռով, լոյս-յոյզերով պարուրուած,
Հըպումով մը ազդու` եկան ու անցան,
Հուրքոտ բոցեր միայն թողլով շըրջայած:
       Այդ բոցերը փայլեցան հոս մըշտարծարծ,
Մեր վառ սիրոյն հընոցին մէջ ոսկեծին,
Անէացած, խելայեղած յեղակարծ`
Պըլլըւեցայ յիշատակիդ առանցքին:
       * * *
       Անցար, գացիր, բայց թողուցիր արիւնող
Ասղընտուքը տագնապայոյզ լըքումիդ.
Բոց սէրէն վերջ` լըքումի վի՞շտը մըրկող:
       Չէ՛, մի՛ ըլլար, անգո՜ւթ, այդչափ եսասէր`
Սըրտիս` որ դեռ չէ՛ վարժըւած աներկմիտ
Մոռացօնքին: Ան չի՛ կըրնար սառիլ դեռ: