15.
ՅԻՇԱՏԱԿԴ
Փըրփուրները
քարափին
Կ'երկնեն
երազն
հեշտաւէտ
Իմ
խոնջ
հոգւոյս
մըրափին.
Յոյսի
շող
մը
զիս
յաւէտ
Կը
կապէ
նուրբ
կապոյտին.
Կը
խոստանայ
ծովն
անհուն.
Ու
ալեակներ
կը
ժըպտին
Հոգւոյս
տենդոտ
իղձերուն:
Անոյշ
արցունք
մը
սըրտիս
Քուն
կը
բերէ
զովասուն,
Ու
դուն
ինծի՛
կը
մօտիս
Ջինջ
նըկարով
մը
խօսուն:
Ու
սիրավառ,
ես
յանկարծ
Աննիւթ
տեսքէդ
խելայեղ,
Կը
պըլլըւիմ,
մըշտարծարծ
Յիշատակիդ,
ամէն
հեղ: