Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
17. ԱՇՆԱՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐ
       Կը խամրին աշնան ծաղիկներ տըժգոյն.
Լըքուած, անտերունջ հոգիներու պէս.
Կը ցընդի անոնց բոյրն անուշ ու վէս,
Հոգեվարք սիրտի հուսկ շունչին հանգոյն:
       Գօս տերեւներուն հետ, արագ արագ,
Կը խամրին աշնան ծաղիկներ տըժգոյն.
Սիրազեղ բոյրն ու թովքն իրենց հոգւոյն,
Կը մեռնին, հովուն հեծքերէն վայրագ:
       Արեւուն վերջին ցոլքերն աննըշոյլ
Կը մարին գոգը ամպին մըթագոյն.
Կը խամրին աշնան ծաղիկներ տըժգոյն,
Օր մըն ալ ձիւնէն սառելով բոյլ-բոյլ:
       Եւ յուզուած սիրտն ալ սիրատանջ մարդուն
Անըզգայութեան ձիւնին տակ, աւա՜ղ,
Կը սառի օր մ'ալ, ինչպէս որ դեռ վաղ
Կը մեռնի՜ն աշնան ծաղիկներ տըժգոյն…
       Բերա [1903]