Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
22. ՑԱՅԳԵՐԳ
       Դադրեցան ձայներն ամէն,
Ցերեկուան ժըխորներուն,
Կը հընչեն բայց հոգւոյս մէջ
Դեռ սիրոյդ երգերն անհուն:

Կը հիւծին ցոլքերն հիւանդ,
Գիշերուան մեղկ լոյսերուն.
Կը փայլի հոգւոյս մէջ վառ
Տարփանքիդ բոցը սիրուն:

Կը նիրհեն քունի մէջ խոր
Թըմբիրով իրերն ամէն.
Կը յուզուի հոգին արթուն,
Քու սիրոյդ թունդ պաշտումէն:

Թո՛ղ մարին լոյսերն ամէն,
Ու մեռնին յոյզ ու ժըխոր,
Կ'ուռճանայ, կեանքոտ յաւէտ,
Սէրդ անջինջ իմ հոգւոյս խոր: