Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
34. ԱՌՏՈՒՆ
       Սա առտուն ես ըլլայի,
Թոյր ու ճառագայթ հոսելու համար
Խոռոչներու մէջ մըթին, ամայի:
       Լուսաժպիտ մոմեր վառելու համար
Սեղանին վրայ հոգիներու վշտահար,
Սա առտո՜ւն ես ըլլայի:
       Վարդ պարեգօտով ու խարտիշագէս
Ա՜հ, սա առտո՜ւն ըլլայի ես.
Ու կաթիլ մը տայի աննիւթ նեկտարէս,
Ու գէթ ցո՜լք մը տայի ոսկի իմ հուրէս
Մութ հոգիի ճըրագներուն ցրտահար:
       Ա՜հ, սա առտո՜ւն ըլլայի ես: