ԱՐԴԻ
ՄԱՐԴՈՒՆ
ՀԱՅՐ
ՄԵՐԸ
36.
ՏՈ՜ՒՐ
ԻՆԾԻ,
ՏԷՐ…
Դուրեան
սրբազանին
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական.
Ծաղիկներո՜ւ
պէս
զայն
ժողվեմ
ճամբուս
վրան`
Նայուածքներուն
մէջ
ամէնուն
եւ
ամէն
օր:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւննանանձնական.
Եւ
ես`
հանգոյն
երփնալուցկի
վառող
մանկան`
Զայն
գունաժպիտ
տեսնեմ
ուրիշ
դէմքի
մը
վրան:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական.
Զանգակներո՜ւ
պէս
զայն
կախեմ
ամէն
դըրան`
Ու
զերթ
նարօտ
ամէն
դըրան
զայն
պըսակեմ:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական.
Ճըրագներու
պէս
զայն
բոցեմ
բազմաստեղնեան`
Խաւարին
մէջ
ամէն
երդ
ու
խրճիթներու:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական.
Զայն
սրբասաց
իմ
հոգեակիս
ընեմ
խորան`
Զայն
իմ
մտքիս
ծըխեմ`
զերթ
խունկ
բազմաբուրեան:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական.
Ու
չըլլայ
որ
ուրիշներու
կոծն
ու
կական
Խեղդել
ուզեմ
ջըրվէժին
մէջ
դափիս
ձայնին:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական.
Ու
չըլլա՜յ
որ
ծափիս
ձայնին
երգը`
գուժկան
Եսիս
սենեա՜կն
ունենայ`
ցո՜ւրտ
առանձնարան:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական.
Ու
սեղանիս
վըրայ
դրուած
մէն
մի
նըկան`
Զոյգ
մը
խինդե՜ր
գէթ
ունենայ
թող
խաչանիշ:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական.
Ու
բաղխեմ
զայն
սրտիս
ժայռին`
իբրեւ
մական`
Որ
բղխեցնէ
ջուրն
աներկմիտ
երանութեան:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական.
Զայն
ջուրերուն
վըրայ
ձըգեմ
իբրեւ
ուռկան,
Զայն
իբր
արօր
ակօսներո՜ւն
ձըգեմ
վըրան:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական.
Զայն
իբր
անձրեւ
ցօղեմ
ամէն
դաշտի
վըրան,
Զայն
իբր
արեւ
բաշխեմ
ամէն
հորիզոնի:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական.
Զայն
ընդգրկած
իտէալին
ըլլամ
սրսկան.
Զայն
լաստ
ըրած
ես
Լոյսերու
նաւո՜րդն
ըլլամ:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական.
Ժողվել`
հոգւոյն
մէջ
ծերերուն,
կոյսին,
մանկան,
Պարզ
մարդերուն`
գեղջուկներուն
ու
բանուորին:
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական`
Ժողվել`
հոգւոյն
մէջ
ամենո՜ւն,
համայնական
Հոգւոյն
ամէն
մասնիկներուն
մէջ`
ամէն
ժամ:
Ճամբաներէն,
ու
գետերէն,
ու
դաշտերէն,
Անտառներէն,
ու
լեռներէն,
ու
ձորերէն,
Տանիքներէն,
ու
տուներէն,
ու
դուռներէն`
Տո՜ւր
ինծի,
Տէ՜ր,
ուրախութիւնն
անանձնական: