37.
ՄԱՆԻՇԱԿ
ՈՒ
ՄԱՄՈՒՌ
Ժայռերու
զով
շուքին
տակ
Կանանչ
խոտի
խուրձ
մը
կար`
Որ
ունենալ
կը
ցանկար
Քարին
գոյնը
կապուտակ:
Ինքը
ցօղի՛
պէտք
ունէր,
Որ
գոյներով
զանազան
Կազմէր
ծաղիկ,
ծիածան`
Երբոր
արեւը
փայլէր:
Քարն
երջանիկ
էր
ո՜րքան…
Առանց
ցօղի
ալ`
գոյներ
Ու
ծաղիկնե՜ր
կը
շինէր`
Շողերուն
հետ
օգնական:
*
*
*
Խոտին
խուրձը
բարձրացաւ
Քիչ
մ'ամէն
օր
քարն
ի
վեր,
Որուն`
սրտիկն
իր
բացաւ,
Պատմեց
բաղձանքն
ու
ցաւեր:
Ըսաւ.
Ի՜նձ
ալ,
ա՜ղբըրուկ,
Տայիր
գոյներ
անուշակ
Ու
նըւէրիդ
փոխանակ`
Գոյնիս
ընծա՜ն
առ
խաժուկ:
Ցանկալի՜
քոյր,
ա՜ռ,
որքան
Կ'ուզես
գոյնէս
եւ
ընծան
Տուր
կանանչիդ
կենսական`
Երակներուս
անկենդան:
*
*
*
Գիշերն
համբուն
քաղցրացան
Քարն
ու
խրձեակը
խոտին…
Եւ
երբ
շողերն
աւօտին
Հորիզոնէն
բարձրացան`
Ժայռի
շուքին
տակ
գըտան
Խոտին
ծաղիկն
ու
բաժակ,
Եւ
երբեմնի
անկենդան
Քարն
ալ`
ժպտուն
ու
խաժակ:
Եւ
այն
օրէն
մանիշակ
Ծաղկեցաւ
թուփն,
ու
դաժան
Ժայռէն
եղաւ
անբաժան`
Մամուռին
գոյնն
անուշակ: