Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
3. ԿԱՅԾԵՐ
       Հոգւոյս դափ ու թմբուկի
Կ'իջնէ ծիծաղն այս գիշեր.
Ծնծղաներու պէս ցնծուն`
Ծափ կը զարնեն իմ յուշեր:
       Բամբիռներու երգին հետ
Քու շահէնի աչքերուդ
Ծիրանեծին բոցն հըրուտ
Կ'այրի հոգւոյս մէջ նորէն:
       Գինով` աննիւթ նեկտարէն
Համբոյրներուն ծաղկանոյշ`
Հոն խօլաբար կը պարեն
Շարժուձեւեր բամբիշի:
       Ցայգն յամրօրէն կը մաշի՜,
Ա՜հ, քի՛չ մըն ալ, քի՜չ մըն ալ,
Կ'ուզէ հոգիս գինովնալ
Նայուածքիդ մէջ հրահոսան: