Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
15. ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԵՐԳ
       Կսկիծ կայ սրտիս մէջը վիրաւոր`
Զոր արեւին լո՜յսն անգամ չի բուժեր.
Խորունկ ու ցաւոտ մորմոքում մը որ`
Ա՜հ, պիտի լայննա՜յ երբ իջնէ գիշեր:
       Կը հիւծին ցոլքերն լոյսին հեռաւոր,
Խարոյկի մը պէս` որ վաղ է մաշեր .
Բայց դեռ կը յուզէ զիս տեսիլք մ'աղուոր`
Զոր ինձ կը բերեն անցեալին յուշեր:
       Ու պիտի ապրի՜մ, վիշտը նոր ուժեր
Կը բերէ յանկարծ հոգւոյս սիրաւեր ,
Կեանքին կը դառնամ դեռ չըրած գիշեր:
       Փուշեր նետուեցան օրէ օր վէրքիս ,
Ու հոն հեծեծանք մը բերին հովեր,
Բայց սիրոյ յոյս մը կ'արեւէ հոգիս: