11.
ԱՅԳԵՐԳ
Սարերուն
մէջ
կը
կոծկոծի
այգուն`
կոչնակը
վանքին,
Եղնիկները
մըթնշաղին
դէպ
ի
գետափ
կը
դիմեն.
Աղջիկ
մըն
է
կարծես
հովը`
գինով
մուրտի
բուրումէն`
Որ
ջուրերուն
վրայ
կը
դառնայ
սարսուռի
պարն
հեշտագին:
Վանքին
քովի
արահետէն
կարաւանները
կ'անցնի՜ն,
Բոժոժներուն
երգը
լալով
գիշերին
մէջ
տրտմօրէն.
Մինչ
կըսպասեմ
ջինջ
լոյսերուն`
որոնք
ծագիլ
կը
յամեն.
Ու
կը
լըսեմ
շշուկներն`
որ
կը
հծծեն
մէջը
ցանկին:
Կիրճին
խորը,
ժայռին
ծոցն
է
գիւղանըկարը
փռուած,
Տարտամօրէն,
հսկայական,
արծիւի
մը
ձեւերով,
Մագիլները
խորասուզած
խորշերու
մէջ
մըթամած:
Արբշիռ
բոյրէն`
զոր
կը
բերէ
ինծի
առտուն
անխըռով ,
Ես
կ'երազեմ
ծառերուն
տակ
ու
կըսպասեմ
խօլաբար,
Լոյս
պարիկին`
որ
իղձերըս
պըսակելու
պիտի
գար: