7.
ՇԵՐԱՄԻՆ
ՆԻՆՋԸ
Շերամատան
մէջ
կը
հնչեն
բոժոժները
զիլ`
դափին,
Որուն
յուշիկ
կ'ընկերանայ
ձայնն
երգեցիկ
կիներու,
Եւ
կը
մարի
մերթ
ճարճատուն
ծիծաղներուն
մէջ
ծափին,
Պատուհանէն
լուսնի
լոյսի
շափրակներ
ներս
կը
թափին:
Ըսթափանքի
ժամն
է
պչրոտ,
փափկամարմին
շերասին`
Խածումն
որուն`
կը
քթքթայ
տերեւուտքին
մէջ
դալար.
Ու
սատափներ,
ու
զիւմրիւթներ,
ու
շողակներ…
միասին.
Մէկ
փաղփի
մէջ
կը
նոյնանան
շերամ,
տերեւ
ու
լուսին:
Երազանուրբ
անասնիկին
օրհասն
ու
մահն
ըսպիտակ,
Վերջին
քունն
ալ
դափ
ու
ծափով
պիտի
տօնեն
վաղ
գիշեր,
Օդանոյշի
ձեռքով
բանուած
զանակածոպ
լոյսին
տակ
Հինգ
աղջիկներ
հուսկ
օրօրը
պիտի
երգեն
վաղ
գիշեր…