5.
ՑԱՅԳԱՆՈՒԱԳ
Կու
գայ
սիրերգն
հեղեղատին
Անտառներու
մէջ
մենիկ,
Երբ
ժըխորներ
պահ
մ'ընդհատին,
Հասնի
գիշերն
երջանի:
Արեւելքի
գիշեր
մը
ջինջ,
Շափիւղազարդ
երկինքով,
Ուր
հեշտութիւն
է
ամէն
ինչ,
Ամէն
իր
լի
բուրմունքով:
Ծառաստուերի
տակ
սխրալի,
Բուներուն
մօտ
ու
հեռու,
Ջինջ
հեղեղը
կը
թաւալի
Արծաթացօղ
լոյսերու:
Ու
կը
շրջի
անտես
ոգին
Հոն
անտառի
ծառերուն`
Խարշափն
որոնց,
թոյլ,
հեշտագին,
Կը
նըւագէ
օրօրուն:
Պիշ
կը
դիտեմ
սաղարթախիտ
Արահետները
նրբին,
Ու
երազներս
ականակիտ
Հետզհետէ
կը
թափի՜ն…
…Դեռ
մինչեւ
ե՞րբ,
ըսէ՜,
հոգի՛ս,
Դեռ
մինչեւ
ե՞րբ
տառապիմ
Պրպտելով
անրջանքիս
Թօշ
ծաղիկը
մտերիմ:
Գուցէ
վաղը
մթնէ
հոգիս,
Գուցէ
դո՜ւն
ալ
թարշամիս,
Մ'եղծեր
հըմայքն
անրջանքիս
Ու
ծաղիկը
պաշտումիս….