Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
23. ՎԱՅՐԿԵԱՆՆԵՐ
       Ո՜վ սիրական խաւարներ:
Կեն դանի՜ երազ դանդաղ գիշերներու,
ուր կի՛րքը միայն նայուածքներ ունի:
Ու մի՜շտ, մի՜շտ, անխո՛նջ կերպով,
անպատում մելամաղձութիւնը Համբոյրին:
       Ռեյմոն Պոյէեռ
       Հըրայրքիս մէջ գիշերը զայն կ'երազեմ,
Շրթունքներըս պատրաստ իր մեղկ համբոյրին.
Բայց ժըխորին մէջ կը մոռնամ վերստին
Այն պահերն` ուր զայն սիրած եմ մոլեգին:
       Ու կը մոռնամ ես նոպաներն ալ բոլոր.
Յորդ կիրքերու ժամերն ամէն ըղձածոր`
Երբ կ'իյնամ ոտքն իր տեսիլքին` մինչեւ որ
Անշարժանամ պաղատանքիս մէջ մոլոր:
       Ու չեմ յիշեր ցորեկն ասոնք, երբ խունկէ
Ա՛լ աւելի հեշտ բուրմունք մը մեղկօրօր
Իր ծըփանքին մէջ յոյզերըս կը լլկէ:
       Այդ բուրումի եղկութիւնն, որ միշտ անկէ
Կը ծորի եւ կը պարուրէ զիս` բոլոր
Հոգիս անծիր մոգութեամբ մը կը խնկէ: