Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
36. ԻՐԻԿՈՒԱՆ ՁԱՅՆԵՐ
       Կ'ալեկոծին տարփոտ ձայներն իրիկուան,
Յորձանքին մէջ յոգնակոհակ հովերուն.
Անրջածուփ, նըւաղ բոյրերն երերուն
Վերջալոյսին մէջ ոսկեզօծ` կը հեւան:
       Խըրախութեան աղաղակներ հեշտալուր
Կը պլլըւին այդ ցնծաձայն նըւագին.
Ու կ'անհետին` մէջն այդ ծըփուն յորձանքին`
Հեշտերգութեանց թոյլ ծըւէններ կցկըտուր:
       Զիլ գեղգեղներ ու նըւագներ վրդովիչ,
Ու ջութակի սարսուռին գիծը կարմիր…
Արեւմարքին ծաղիկն, որ չի՜ թառամիր ,
Ինքն ալ գինով ըզգլխանքէն այս թովիչ:
       Աղմըկահար սոյլն ու արշաւն հովերուն,
Հծծիւնները ծաղիկներուն խատուտիկ,
Բարտիներու խարշափն ու ծափն հանդարտիկ,
Եւ համերգը խանդոտ` գետին մոլորուն:
       Կըստուարանայ ալիքն հրճուոտ այս ճիչին,
Ու կը բաղխի հոգւոյս պորփիւր քարափին,
Ու կ'ոռոգէ զիս փրփուրին մէջ ծըփին
Երբ խնկագոյն լոյսերն ինձմէ կը փախչին:
       Արծաթ լոյսերն հիմակ տակաւ կը ծաղկին,
Ու կը ցայտէ թաւ հեծեծանքն ուտերուն ,
Լազուարթ ժամեր լուսնի շիթ շիթ կաթիլքին
Մէջ կը թրթռան իրենց համբոյրն անանուն…
       Եւ հոգիներ կ'իյնան անոնց ծնրադիր,
Սիրերգութեանց ըմպած հըմայքն հըրեղէն.
Պայեր անոնց միստիք ճամբան կը պեղեն,
Ու կը ցնծան լոյսով` զէնիթ ու նատիր:
       Ու կը բացուի փալփլուն` գիշերն երջանիկ,
Արձագանգներ կը խաղան դեռ հոս ու հոն.
Քերթուած մըն է ցայգն համօրէն, ջի՜նջ գեղօն`
Որ կ'երփներգէ ծափ ու ծիծաղ ու ծաղիկ: