Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
37. ԱՌՏՒԱՆ ԱՐԵՒԻՆ ՄԷՋ
       Ահա՜ կ'անցնի ցայգս անքուն,
Մութին ծածքը կը մաշի.
Ու կը կայթէ կոյսն այգուն
Իր քօղքին մէջ մըշուշի:
       Անցան սայլերն ալ դանդաղ,
Ու մըշակներն երգեցիկ,
Ու բանուորներն ու հօտաղ`
Ճամբաներէն բալաձիգ:
       Ճառագայթներ խուսափուկ
Լիճերուն մէջ կը խաղան,
Եւ յանկարծ թոյր մը դեղձան
Կը ներկէ ջուրը փափուկ:
       Ու բոցեղէն լեզուակներ
Կը ծըծեն մէգն համօրէն,
Արեւին կեա՜նքն հըրեղէն,
Արեւին փա՜ռքն անըստուեր…
       Հոգիէս ներս կը խուժէ
Քրքումն ալիքի նըման,
Եւ հովիկին առտըւան
Գինովութիւնն հաշիշէ:
       Լիճը բոսոր հարսնուկի,
Ցորենի ծովը կանանչ,
Կը հծծին տաղն անճանաչ
Մըտերմասաց շըշուկի:
       Ու մարմանդները ճանճկէն,
Ու սարերը կապտորակ
Եղկ հծծիւնով մը կ'երգեն
Լոյսին ոսկի պատարագ:
       Տունկեր ռեհան ծաթրինի
Կը ծըխեն խունկ մը վայրի,
Որ կ'ամպանայ ու կ'այրի
Բուրվառին մէջ արփենի:
       Հոգիէս նե՜րս կը խուժէ
Քրքումն` ալիքի նըման,
Եւ հովիկին առտըւան
Գինովութիւնն հաշիշէ…