4.
ԹՐԹՌՈՒՄՆԵՐ
Լոյսի
բիծեր
ծիրանի
Կ'ասղնտեն
քօղքը
մութին.
Լուսնի
ցոլքեր
կ'անհետին
Խորքը
ծովուն
հոլանի:
Հըմայքներով
փողփողուն,
Հեշտութիւն
մը
կապոյտի,
Հանդարտօրէն
կը
ժպտի
Հոգւոյս
մըռայլ
տենչերուն:
Սիրոյ
յուշեր
լուսաւէտ,
Դողդոջուն
ու
ցնծագին,
Արագօրէն
կը
ծագին,
Հըպարտ
կ'անցնիմ
երբ
քովէդ:
Ըզգացում
մը
բիւրեղէ,
Ծիածանի
երանգով,
Ցաւոտ
հոգւոյս
մութին
քով
Լոյս
ակօսներ
կը
պեղէ: