29.
ԻՂՁԵՐ
Կէս
գիշերուան
բուրումնահեղց
վարդերով,
Որոնք
գինով
ցօղ
ու
շաղի
կըսպասեն,
Պիտի
հիւսեմ
մանեակ
մը
նուրբ
Շուրջն
սպիտակ
պարանոցիդ.
Եւ
այգուն
Պիտի
գտնես
ցօղուած`
վարդերն
այդ
անոյշ`
Իմ
արցունքիս
ցօղերով:
Ու
օր
մըն
ալ,
Երբ
թարշամի
Քայռն
այդ
ծաղիկ
անուրջին,
Պիտի
հիւսեմ
նոր
նարօտներ
ոսկելար
Անոր
յուշքին
տեղ
բոսոր,
Իմ
համբոյրիս
բոց
ու
բուրեան
վարդերով:
Երազանուրբ
ձիւնաթորմի
ձեռքերուդ
Պիտի
բերեմ
մեղեսիկէ
մատնիներ`
Ու
քօղէքներ
արեւակէ.
Եւ
երբ
անոնց
ցոլքը
մարի
աննըշոյլ,
Տենչանքներուս
բազմերանգ
Բոցով
զանոնք
պիտի
վառեմ
անդադար:
Ու
լարերուն
տեղ
վինին
հինաւուրց
Պիտի
դընենք
արծաթ
թելերն
ըղձանքներուդ`
Որոնք
յաւէտ
պիտի
թրթռան
Տրոփումներովն
իմ
սրտիս:
Գինով`
դիւթիչ
բուրմունքներէն
ծաղիկներուն
ըզգլխիչ
Ո՜վ
դիւթանոյշն
իմ
սրտիս,
Պիտի
յածինք
միասին,
Ընթադրելով
բոյս
ու
ծաղիկ
ու
դալար,
Ու
լալով
Բուրումնացան
մահն
անոնց,
Պիտի
յածի՜նք,
Լոյսի
արծաթ
անձրեւին
տակ
Ու
ծոցին
մէջ
Թաւուտքներու
կիսաթափանց
գիշերներուն,
Ո՜վ
երազին
իմ
աղջիկ: