Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
28. ԲԻՒՐԵՂԻ ԴԻՒԹԱՆՔ
       Մանուկ մըն է, որ կայներ դէմն հըրածամ արեւին,
Կ'օծէ հոգին իր շուշան լուսացնցուղ երազով,
Ու կը ծըծէ հոտեւան խտղանքն ու դողն այգուն զով,
Մինչ մեղեսիկ աչուկներն Եսին ցոլքով կը վառուին:
       Նըշուլագեղ ու պայծառ ցոլքով վճիտ իր Եսին`
Երկինքն` որուն հրճուանքի ակեր ունի կապուտակ.
Ու կեանքի սէրն յորդած է հոն լեռնածին զերթ վըտակ`
Ուր կաթիլներ ու ցայտքեր հետզհետէ կը հոսին:
       Բիւրեղ մը կայ ձեռքին մէջ` զոր կը ճօճէ դարձդարձիկ,
Եօթը գոյնին տե՜նչն ունի, լոյսի անհուն խաղերուն.
Երանգներու, շողերու կ'ըղձայ անուրջն օրօրուն,
Եւ արեւին կը նայի միշտ կաթոգին ու բաղձիկ:
       Ա՜հ, ի՜նչ դիւթանք, ծիածան ծոպե՜ր ունի ամէն բան…
Շափիւղանե՜ր… կարկեհա՜ն… զիւմրի՜ւթ, շողակ ու թարշիշ…
Ծովն է լեցուն գոյներով ու ծիրերով ոսկենիշ,
Ինչպէս դաշտերն ու լեռներ, ինչպէս մարմանդն ու ճամբան:
       Ծափ կը զարնէ, ծիծաղէն ծըլե՜ր է ծիրն իր այտին,
Անո՜յշ արեւ մանկական, ամպ ու մեզի անգիտակ,
Իմ երկինքս ալ կը հրճուի ոսկեծիծաղ լոյսիդ տակ,
Ու մոռցըւած բուրմունքներ զիս կըզգլխեն վերստին:
       Պրիսմակ մըն ալ ե՜ս ունիմ, ու կը դիտեմ ցնծագին
Սիրոյդ արեւը պայծառ, սիրոյդ արե՜ւը ջերմին,
Ու խանդաբորբ իմ հոգիս հանդէպ անոր պաշտումին,
Մանո՜ւկ մըն է որ կայներ դէմն հըրածամ արեւին…