33.
ՍԻՐԵՐԳ
Ճառագայթի
պէս
ոսկեվարս
ու
նրբին,
Երբոր
ճամբէն
կ'անցնի
հըպարտ,
լուսարագ,
Բան
մը
սրտէս
կ'ըլլայ
բոցին
պատարագ
Իր
աչքերուն`
ուր
կը
մոռնամ
ես
արփին:
Երազային,
ծաղիկի
պէս
նրբաւոր,
Երբ
կը
ժպտի
պատուհանին
ետեւէն,
Թռիչներ
հոգւոյս
մէջ
լուսաբաղձ`
կը
թեւեն
Խօլ
անուրջով
կապոյտներու
հեռաւոր:
Ու
երբ
կ'երգէ
ջութակին
հետ
սարսըռուն
Մեղմածաւալ
հեշտերգն
իրեն
ցայգային,
Կարծես
աչքերն
իր
լուսափաղփ
կը
նային
Տենդոտ
պահին`
մէջն
իմ
հոգւոյս
ալքերուն: