Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
19. ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ ՀԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
       Իրիկուններն ես կը խոկամ,
Ամայութեան երգը կ'անցնի
Պատուհանիս երբ առջեւէն,
Անկապ ձայներ զիս կը թովեն,
Հոգւոյս մէջէն մերթ Աշունի
Կ'անցնի յանկարծ ուրուն տարտամ:
       Գիշերն համբուն ես կ'երազեմ
Ցաւը կեանքի Աշուններուն,
Ու շամբուշ հովն` որ կը տանի
Դէպ ի տամուկ խորշեր նըսեմª
Զորս տերեւի տեսիլն աղփուն
Որ օդին մէջ կը տատանի:
       Եւ ցուրտ այգուն միշտ կը դիտեմ
Պարուտակը մըշուշներուն,
Զոր գիշերուան անտես ձեռքեր
Թոյլ միջոցին մէջ են ձըգեր,
Վըհատութեան պէս մոլորուն`
Զոր քաշած է սէրն հոգւոյն դէմ:
       Բայց թափառի՜լ կ'ուզեմ ընդմիշտ,
Մառախուղին ու հովուն դէմ,
Ու դաշտերուն մէջ ամայի,
Ուր աչքն ահով միշտ կը նայի,
Դիտել` տժգոյն ու դալկադէմ
Բարձունքներուն տամուկն ու վիշտ:
       Հոգիս հիմակ յափրանքն ունի
Սիրոյ խանդ ու հըրայրքներուն,
Ու ծաղկալից եղկ ջերմութեան
Վայելքէն վերջ բազմաբուրեան,
Կ'ուզէ մըշուշն այս օրօրուն,
Ու ցրտագին զովքն Աշունի: