16.
ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔ
“…Եկեալքս
ի
մտանել
արեգականն
տեսաք
զլոյս
երեկոյիս…”:
Յուշիկ
փախչող
իրիկուան
ծիրանի
լոյսն
է
զըւարթ…
Ոսկի
թելեր`
պլլըւած
խունկի
թաւիշ
մըշուշին.
Կապոյտ
ծոպեր,
ծիածան,
ծըփուն
ձայներ,
միստի՜ք
վարդ,
Լոյսէ
արցունք
մոմերու`
որոնք
հանդարտ
կը
մաշին:
Խունկի
ծարաւ
իմ
հոգիս
կը
ծըծէ
պահն
այս
հանդարտ,
Ոսկեկըրակ
աչքերով
բուրվառներն
երբ
կը
ճօճին .
Պակուցում
մը
հոգեգրաւ
հոն
կը
թողու
զիս
անթարթ,
Կը
զգամ
համբոյրն
իմ
հոգիս
պարուրող
բիլ
մարմաշին:
Մեղեսիկի
երանգներ
կ'օծեն
պարոյրը
խունկին.
Խորհուրդին
եմ
ծնրադիր
բազուկներըս
խաչանիշ`
Ու
կըսպասեմ
որ
ծագի
հոգւոյս
պայծառ
Կիրակին…
Ջահերն
հիմակ
կ'երազե՜ն
համակ
զիւմրիւթ
ու
թարշիշ…
Կամարներէն,
խորանէն
կը
ծագին
լոյս
ու
ծիծաղ.
Հոգիս
քիչ
քիչ
կը
թաղուի
անուրջին
մէջ
այս
չքնաղ:
Յուշիկ
փախչող
իրիկուան
ծիրանի
լոյսն
է
զըւարթ…