Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԱՆԴՈՒԱԾ ՕՃԱԽՆԵՐ


Սա քանդուած օճախները հեռուն տեղ տեղ կը մխան,

Մեր քանդուած սրտերուն պէս, որոնք ափսո՜ս դեռ կ՚ապրին,

Իրենց յոյսին ու սէրերուն խոյանքին մէջ բարձրաթռիչ

Թեւաթափ օր մ՚ինկան յանկարծ գետնին վրայ ջախջախուած,

Արիւններու մէջ բաբախուն, մեռնիլ սակայն չեն կրնար…։

Սա քանդուած օճախները, ա՜լ աւելի երջանիկ,

Որ գէթ իրենց փլատակաց տակ կը թաղեն կեանքն ողջոյն.

Մեր քանդուած սրտերն ափսո՜ս, անոնք մեռնիլ չե՜ն կրնար…։

***

Անհետացած կեանքերու շուրջն ի՜նչ աւահոր լռութիւն…

Դեռ երէկուան ցնծուն քաղաքն հսկայական դամբարան.

Խոր գիշերին մէջ միմիայն բուին վայիւն չարագոյժ

Երիտասարդ հսկաներու հոգեվարքը կ՚աւաղէ…։

Սա քանդուած օճախներուն սեւ քարերը բրգացած,

Ճամբաներու երկայնքն ի վար շրջած պատեր կիսափուլ,

Մեզ կը պատմեն ի՜նչ եռուզեռ կեանք մը կ՚ապրէր իրենց մէջ,

Կարմիր օրեր, խաղ ու ծիծաղ օտար չէին հող բնաւ,

Ջուխտ օրրաններ զուարթօրէն կը ճօճուէին պատն ի վար,

Ապագայի նոր խորհուրդներ փեսան հարսին ականջին

Սիրագորով կը մրմնջէր, ու երկուքն ալ խանդավառ

Պերճ ու փայլուն նոր օրերու կը սպասէին ակնդէտ.

Ճերմակ մազերն ուսին փռած նահապետը ծերունի

Աղօթելով եւ օրհնելով շէն օճախին կը ժպտէր։

Օ՜ պատկերը սարսափելի օճախներուն քանդուած…

Ի՜նչ ահաւոր անյուսութիւն արդ կը պատէ մեր հոգին

Ի տես ամէն այս քայքայուած, անվերադարձ բաներուն…։

***

Կ՚անցնին օրեր ու տարիներ այս քանդումին վրայէն,

Կեանքն աղէտքին միշտ կը յաղթէ, կը մոռցուի ամէն բան,

Ու կը տեսնենք որ նորերը կուգան կանգնիլ հինին տեղ,

Կեանքով զեղուն նոր բունիկներ հինին վրայ կը շինուին,

Երիտասարդ, շքեղ հարսներ գրկերնուն մէջ ջուխտ մանկուք,

Իրենց հարուստ կուրծքերուն դէմ՝ հպարտօրէն կը սեղմեն.

Աղէտքին դէմ կը ծառանան, ոչնչացումն կը ծաղրեն,

Յամառօրէն պահպանելով ցեղին սէրը թանկագին

Իրենց արգանդն արգասաւոր դեռ շատ կեանքեր պիտ’ երկնեն,

Հայրենիքը կը վերածնի այդ կեանքերով նորաբոյս.

Անյուսութիւնն ոտնակոխած նոր նոր յոյսեր յաղթական

Մռայլ ճակատն Հայրենիքին վառ վարդերով կը պճնեն։

Եւ քանդուած օճախները վերականգնած խնդալից,

Երջանկաբեր ապագայի մ՚արշալոյսին կը ժպտին։

***

Իսկ քանդուած սրտերն ափսո՜ս, կը մնան միշտ քանդուած,

Իրենց յոյսին ու Սէրերուն փլատակին տակ թաղուած։