Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԷՃԷ
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ


Ու եղաւ որ երկուքն ալ սիրեցին զ՚Ան, գեղեցիկ եւ այրո՜ղ աղջիկը։

Անդրանիկը՝ իր կայտառ, վառվռուն ու բուռն բնութեան ամբողջ հրայրքովը, իսկ կրտսերը՝ բանաստեղծական, մելամաղձիկ ու խպնոտ զգայնութիւններու ամբողջ փափկութեամբն ու շիկնումներովը։

Աղջիկը սիրեց Հասանը, վասն զի գեղեցիկ ու կրակոտ էր. ու մերժեց Նէճիպը իր նուաղկոտ աչքերուն եւ դողդոջ կերպարանքին համար։

Եւ այդ ծայրայեղօրէն զգայուն, ատելու բոլորովին անընդունակ սրտին մէջ, առաջին սոսկալի վիշտը սկսաւ իր խորունկ խոցը փորել։

Բերանը ժպտեցաւ՝ մինչ հոգին կ՚արիւնէր. եւ իր բոլոր ցաւերը ամփոփեց հոն, իր բարի՜ սրտին մէջ, որ աշխարհի մը չափ լայն էր, համակ գութ ու սէր։

Ոչ ոք գիտցաւ իր գաղտնիքը, բայց միայն Ան՝ որ խմցուցեր էր իրեն դառնութեան բաժակը. եւ Հասան երազուն, սիրով արբշիռ, չնշմարեց տխրութեան այն թեթեւ ծալքերը որոնք սակայն օրէ օր կը փորուէին ու կը խորունկնային իր եղբօր ճակտին վրայ։

***

Առտուն կանուխ, շա՜տ կանուխ, երբ թեթեւ հովիկը մեղմիւ կը շարժէր ծառերու կատարները, թռչունները կը թռչտէին օդին մէջ ուրախ ճռուողիւններով, եւ աստղերը տժգունած կը փախչէին արշալոյսի առաջին շողերէն, Մէճէ եւ Հասան կը գտնէին զիրար, հոն, անտառին խորը, ծառի մը թաւուտ հովանիին տակ. եւ անձնատուր իրենց երջանկութեան, մոռցած աշխա՛րհն ալ, մարդի՛կն ալ, թռչուններէն աւելի զուարթ, եւ արեւէն աւելի փառաւոր կը զգային զիրենք։

Նոյն պահուն մօտակայ ծառին ճիւղերը կը շարժուէին լռիկ, եւ երկու տենդավառ աչքեր, խիտ տերեւներուն մէջէն կը նկատէին սիրահար տղաքը, անպատմելի յուսահատութեան եւ անհուն ցաւի նայուածքով մը։

Նէճիպն էր, որ ամէն առտու հոդ կը պահուըտէր գողի պէս, եւ վայրագ հեշտութիւն մը, սոսկալի վայելք մը կը զգար, դիտելով անյագ երկու սիրահարներու այրո՜ղ գգուանքները, լսելով անոնց պաշտումի փոխադարձ յայտարարութիւնները, սիրոյ երդումները…։

Խուլ հեծկլտանք մը երբեմն կը պոռթկար կուրծքէն դուրս, ու կը մարէր շրթունքներուն վրայ, եւ աղի ու լեղի արցունքներ հեղեղի պէս կը վազէին իր տժգոյն երեսներն ի վար։

Եւ սակայն ատելու անընդունակ սիրող սրտի մը բոլոր գուրգուրանքովը կը սիրէր իր եղբայրը, բաղդաւո՜ր ընտրելին… եւ աւելի քան երբէք կը պաշտէր Մէճէն, որ մերժումի արհամարհանքին տակ խորտակեր փշրեր էր իր փափո՜ւկ հոգին։

***

Եղաւ սակայն օր մը, որ այդ սիրոյ խորանին մէջ կատարուեցաւ ամենէն ահեղ եւ վսեմ տռամը, որը կարելի ըլլայ երեւակայել։

Արշալոյսին էր դարձեալ… Հասան ու Մէճէ հոն, ծառին տակն էին, աչք աչքի, ձեռք ձեռքի. խօսելով անհատնում սիրոյ լեզուն։

Ցանուցիր, անկապ, երազի մը պէս անոյշ բառեր, որոնք սկեպտիկներու խնդուքը գուցէ շարժեն, եւ խոհական ու լուրջ մարդոց մէկ թեթեւ ժպիտը, եւ որոնք ունին սակայն խորհուրդներու է՛ն մեծագոյնը, է՛ն խորիմաստը…։

Իր թաքստոցին մէջ Նէճիպ կծկտած, կը դիտէր զանոնք։

Ախ, որքա՜ն գեղեցիկ էին. ինչո՞ւ չէր ինքն ալ բարձրահասակ, առողջ, վառվռուն, սիրուած ըլլալու համար անորմէ, կիներու է՛ն պաշտելիէն։

Յանկարծ սոսկալի մռնչիւն մը գոռացուց անտառը…

Նէճիպ դողաց։

Առիւծը՜…, գոչեց Հասան վախէն մեռելի պէս սառելով, առիւծը՜…։

Եւ ահա երեւաց, անտառներու թագաւորը, առիւծը, մեծափառ, ահաւոր իր յաղթ մարմնով ու տնկուած բաշերով, իր կրակէ նայուածքը պինդ գամած երկու տղոց սարսափէն լայնցած բիբերուն։

Հասա՛ն… մրմնջեց աղջիկը աչքերը գոցելով, որպէս զի չտեսնէ ահռելի գազանը, Հասա՜ն, փրկէ՛ զիս… եւ պինդ փարելով սիրելւոյն վզին, իր սիրուն թուխ գլուխը ծածկեց անոր գրկին մէջ։

Առիւծը կը յառաջանար ծանր, ծանր։

Մէկէն Հասան, կարծես խենդեցած, գրկէն նետե՛ց Մէճէն, եւ խօլականի պէս սկսաւ վազել ծառերու մէջէն, թողլով որ կախուած ճիւղերը պատռտեն իր պուրնուզը, ճանկռտեն իր մազերը։

Առիւծը կը մօտենար…։

Հասա՜ն, գոչեց եղկելի աղջիկը, ողորմուկ ու սրտապատառ շեշտով մը, Հասա՜ն, փրկէ՛ զիս…։

Մօտակայ պուրակէն երիտասարդ մը դուրս ցատկեց. բայց Հասանը չէ՜ր…։

***

Նէճիպ հսկայ եաթաղանը ձեռքին, յուշիկ կը մօտենար առիւծին, պիշ պիշ նայելով անոր հրաշէ՛կ աչքերուն մէջ։

Առիւծը այդ անակնալ երեւումէն յանկարծակիի եկած, իր որսը վայրկեան մը թողեր, եւ երկար բաշերը հովուն տուած լուռ կը նկատէր թշնամին։

Շփոթութեան այս վայրկեանը յարմար առիթ սեպեց Նէճիպ. մէկ ոստումով ցատկեց առիւծին վրայ, եւ մտածումէ աւելի արագ շարժումով մը, եաթաղանը մխեց անոր կոկորդը։

Գազանը տապալեցաւ արիւն փսխելով իր վիրաւոր կոկորդէն, եւ պոչովը ուժգին գետինը ծեծելով։

Իր մէկ թաթովը յաջողեր էր բռնել Նէճիպի ձախ թեւը, զոր կը տրորէր իր հոգեվարքի ճգնաժամին մէջ։

Կրած սոսկալի ցաւէն կատղած, Նէճիպ աջ ձեռքով եաթաղանը քաշեց վէրքէն դուրս, եւ ուժգին մխեց գազանին փորը։

Առիւծը այս անգամ թուլացած թեւը թողուց։

Այն ատեն Նէճիպ ծռեցաւ, խոտի փունջեր փրցուց գետնէն, եւ անոնցմով փաթթեց իր արիւնաթաթաւ փշրուած թեւը։

Ապա մէկ ոտքը դրած առիւծին մարմնոյն վրայ, որը դեռ խորունկ սարսուռներով կը դողար, առաջին անգամ նայուածքը դարձուց Մէճէին…։

***

Դեռատի աղջիկը կրած սոսկալի յուզումէն դողդոջուն, կը խորհէր, ի՛ր մեծաբաց գեղեցիկ աչքերը սեւեռած անթարթ Նէճիպի վրայ։

Երիտասարդը մեծցեր էր իր աչքերուն այն համեմատութեամբ՝ որով Հասան ինկեր էր, եւ բարձրացեր մինչեւ դասը ա՛յն քաջերուն՝ որոց գործերը կ՚երգուէին արաբական ժողովրդային դիւցազներգութիւններուն մէջ։

Չէ՛. այն ճղճիմ, տխեղծ Նէճիպը չէր Ան, որը մերժեր էր ատենօք սիրել գերագոյն արհամարհանքով մը։

Նա դիւցազունն էր, առիւծէն աւելի հզօր, որուն յաղթեր էր, ծանօթ Խուան ցեղապետներէն աւելի՛ տոկուն, որը գիտցեր էր արհամարհել խորտակուած ու փշրուած թեւին ահռելի ցաւը, եւ կը ժպտէր մեղմիկ, մոռցած կարծես քիչ մը առաջուայ մղած սոսկալի պայքարը, եւ անխռով, կարծես ոչինչ պատահած ըլլար։

Եւ կ՚ամչնար աղջիկը, ու կը կարմրէր հիմա իր ըրած ընտրութեան համար. ի՜նչ պիտի մտածէր Նէճիպ…։

Դիւցազնի սիրտ մը ոտքերուն տակ առեր կոխոտեր էր, եւ որո՞ւ համար…։

Սիրեր էր այդ տղայէ մը աւելի թոյլ ու երկչոտ էակը, որ զինքը գրեթէ նետեր էր առիւծին ճիրաններուն տակ եւ ինքը փախեր էր իր կեանքը փրկելու համար. օ՛ վատը…։

Եւ արեւելական բնութիւններու յատուկ, վայրկենական բուռն խանդով եւ յափշտակութեամբ վառուած, ոտքի ելաւ ան, եւ իր յաւերժահարսի քալուածքով մօտեցաւ Նէճիպի.

Դուն որ առիւծին յաղթեցիր, եւ Մէճէն փրկեցիր, ըսաւ իր անուշ եւ հնչուն ձայնով, առիւծէն աւելի՛ մեծ եւ հզօր տղայ, թո՛ղ Ալլահը սա աւազի հատիկներուն պէս անհամար տարիներ պարգեւէ քեզ. եւ ծնրադրելով անոր առջեւ.

Թո՛ղ իմ Տէրս ներէ, մրմնջեց, առնական գեղեցիկ ու կորովի կերպարանք մը աւելի՛ ազդեց Մէճէի վրայ քան ազնիւ ու վեհ սիրտ մը. Մէճէ ճանչցաւ իր սխալը, ըմբռնեց իր յանցանքը, խօսէ՛, Տէր , կ՚ուզե՞ս որ կինդ, գերիդ ըլլայ Մէճէն…։

Եւ իր անձկութեամբ լի ու սիրով բոցավառ գեղեցիկ նայուածքը վերցուց տղուն վրայ։

Նէճիպ սարսռաց, անճառ ուրախութիւն մը ճառագայթեց իր նիհար երեսներուն վրայ, նայուածքը դարձուց դէպի նոյն պուրակը՝ ուր քանի մը վայրկեան առաջ դժոխքի տանջանքներով կը տապկուէր։

Տերեւներուն մէջէն երկու հրավառ աչքեր կը նայէին իրեն, Հասանի աչքերը։

Ցաւը, կսկիծն, ու ամօթը վայրենի ցոլքեր կը նետէին հոն։

Տղան աչքերը դարձուց, գլուխը ծռեց կուրծքին վրայ, չափեց մեծութիւնն ու խորութիւնը տառապանքին անոր որ իր եղբայրն էր, գութի արցունք մը դողդղաց իր արտեւանունքներուն ծայրը, եւ կամքի հրաշալի ուժով մը, ակնթարթի մէջ վռնտելով մտքէն ու սրտէն զգլխիչ մտածումը ապագայ դրախտի երանութեան, ա՛յն էակին հետ, որուն կը տենջար, եւ որմէ կը պաշտուէր հիմա, գլուխը բարձր բռնեց. եւ թօթափելով ճակտին վրայ կուտակուած սե՜ւ ամպերը, ժպտեցաւ, եւ հանդարտ, գրեթէ բոլորովին անխռով ձայնով։

Չէ՛, պատասխանեց անոր, ալ չեմ սիրեր քեզ… քեզ եղբօրս կուտամ…։

***

Արեւը կը ծագէր հիմա…

Իր առաջին ճառագայթները շեշտակի կ՚իջնէին Նէճիպի գլխուն վրայ, լուսեղէն պսակ մը բոլորելով երիտասարդին ճակտին շուրջը, այդ վայրկենին իտէականօրէն գեղեցիկ, եւ սրտի գերագոյն զոհողութիւնովը մեծափառ։