Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ԱՌՈՂՋ ՍԷՐ


Սիրել գիտնալը սքանչելի յատկութիւն մըն է, գուցէ ըսուի թէ՝ զգացումներու մէջ գիտութիւն չի՛ սեղմիր, եւ թէ զգացումները որոնք կեանքի բանաստեղծութիւնն են, կը կորսնցնեն իրենց փափուկ շնորհը, եթէ փորձենք զանոնք սանձել, եւ անոնց ուղղութիւն տալ պաղ բանականութեան մը հրամայած խորհելակերպով։ Բայց չենք ալ կրնար մենք զմեզ բոլորովին թոյլօրէն թողուլ զգացումներու ձեռքը, որոնք շատ յաճախ պատրանքներու կ’առաջնորդեն մեզ, եւ դառնադառն յուսախաբութիւններու մէջ օր մը կը չարչարեն մեր սիրտը…։

Որպէս զի մեր Սէրը առողջ ըլլայ, որպէս զի մեր սիրած անձը, որուն կուտանք ամէն կատարելութիւն. ամէն գեղեցկութիւն, ամէն շնորհ, մնայ մի՛շտ մեր պաշտելի կուռքը կանգնած բարձր եւ վսեմ իր պատուանդանին վրայ, պարտաւոր ենք իջնել անոր հոգիին ամենէն խորունկ ծալքերուն մէջ, քրքրել անոր ներքինը, եւ լուրջ ու սառն դատողութենէ մը ետքը միայն նուիրուիլ անոր մեր բոլոր հոգիով, մեր բոլոր սրտով, ապա թէ ոչ այդ կուռքը ուշ կամ կանուխ կը խորտակուի օր մը, եւ մենք ալ կը խորտակուինք իրեն հետ…։

Եւ ահաւոր բան մըն է ամբողջ ճակատագիր մը, ամբողջ կեանք մը դարձնել ապարդիւն բայց եւ այնպէս սոսկալի տառապանքներու աղբիւր, պարզ շլացումի մը գինովութեան մէջ զայն կաշկանդելով։ Կեանք մը՝ որը միմիայն մեզի չի՛ պատկանիր, հետեւաբար եւ իրաւունք ալ չունինք զայն մեր ուզածին պէս ու մեր քմահաճոյքներուն համեմատ գործածելու քանի որ հասարակութիւնը, որուն մէկ անդամն ենք եւ մենք, մեզնէ իրաւամբ կը պահանջէ իր բարօրութեան եւ բաղդաւորութեան համար մեր աշխատութեան եւ ջանքերու բաժինը։

Եւ անորակելի վատութիւն մը պիտի ըլլար մեր անհատական կեանքի փոթորիկներուն դէմ մաքառելով միայն երեսի վրայ թողուլ պարտականութիւններու է՛ն նուիրականը եւ է՛ն անհրաժեշտը։

Դժբաղդաբար մարդիկ բարոյական արժանիքները չեն որ կը սիրեն կնոջ մը վրայ փոխադարձաբար. եւ ճիշդ այս պատճառաւ հիւանդ Սէրն է այսօր կեանքի յաղթական տէրը…։

Ա՛յս պատճառաւ Սէրը օրը օրին կը կորսնցնէ իր բարերար ազդեցութիւնը եւ երկնային բարիքը դժոխային չարիք մը կը դառնայ ափսո՜ս…։

Ա՛յս պատճառաւ առոյգ ու գեղեցիկ երիտասարդութենէն՝ ճղճիմ ու վատոյժ բեկորներ կը մնան միայն այսօր։

Ո՞ւր է նախկին ժամանակներու երիտասարդութեան անմեղ ու սուրբ շնորհքը…։

Ա՛յս պատճառաւ դժբաղդութիւնները օրըստօրէ ահռելի համեմատութիւններ կ՚առնեն… սրտերը կը լղրճուին, հոգիները կ՚իյնան, ընտանիքներ կը քայքայուին, ցեղեր կը տկարանան եւ կը կորսուին…։

Ո՜վ հին ժամանակներու Սէրը ո՞ւր ես։

Ո՜վ Ոդիսեւս, որ Պէնէլոպէի աշխատասիրութիւնը եւ հաւատարմութիւնը կը սիրէիր անոր գեղեցկութենէն աւելի…։

Ո՜վ Լուքրեցիա, որ նախամեծար համարեցիր սպաննել ինքզինքդ, քան անպատիւ ճակատով մը ներկայանալ ամուսնոյդ, զոր կը սիրէիր իր բարոյական արժանիքներուն համար եւ որը կը սիրէր քեզ։

Ով Սպարտացի կիներ, որ ձեր ամուսնոյն, նշանածին, սիրելիին վրայ կը սիրէիք միայն անոր դիւցազնական եւ ասպետական ոգին։

Ա՛յս պատճառով ձեր ազգը մեծ եղաւ, ձեր երիտասարդութիւնը հերոսական, եւ ձեր գործերը պատմական…

Որքա՜ն փոխուած են ժամանակները այսօր…

Գեղեցիկ աչքերը եւ «չինար բօյն» է որ այսօր կը փնտռուի եւ կը գնահատուի։

Ի՜նչ անկում…։

Գեղեցիկ սեւ մազերը օր մը կը ճերմկին, խոշոր վառվռուն աչքերը օր մը կը կորսնցնեն իրենց փայլը, արձանային ձեւերը կը կորանան, «չինար բօյ»երը կը կքին տարիներու բեռին տակ, բայց մարդուն մէջ կա՛յ բան մը որ չի՛ ծերանար. անոր երիտասարդութիւնը անանց է եւ հրապոյրները մի՛շտ նոր։

Ատիկա առաքինի ու գեղեցիկ հոգիի մը մշտադալար երիտասարդութիւնն է. ազնուական սրտի մը թարմացնող զգացումները, ընտիր ու մշակուած մտքի մը մի՛շտ նոր հրապոյրները, եւ կորովի նկարագրի մը գերազանց ուժը։

Եւ մարդ մը, ֆիզիքապէս որքան ալ քիչ օժտուած ըլլայ բնութենէն, մտքի ու հոգիի գեղեցկութիւնը այնպիսի՜ գրաւիչ շնորհքով մը կը զարդարէ, այնպիսի պայծառ լոյսով մը կը լուսաւորէ անոր գլուխը, որ ամենէն կատարուն գեղեցկութիւններն իսկ անոր շողշողուն փայլին քով կը նսեմանան, եւ կը հաւատամ թէ տարիները իզուր պիտի ուզեն ձիւնել այսօրինակ գեղեցկութեամբ օժտուած գլխուն վրայ, եւ Սէրը երբէք պիտի չկրնայ լքել զանի։

Առողջ Սէրը, Ճշմարիտ Սէրը հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի եւ փոխադարձ պարտականութիւններու վրայ։

Ի՜նչ բան պիտի կրնայ յարգանք ներշնչել մեզի, յարգանք մը խորունկ որ մօտենայ պաշտումի։

Միթէ ֆիզիքական գեղեցկութի՞ւնը. բայց գեղեցկութիւնը հիացում միայն կրնայ ներշնչել մեզի, եւ ոչ երբէք յարգանք։

Կին մը երբէք չի կրնար յարգել մարդ մը եթէ անիկայ տկար է նկարագրով։

Կին մը երբէք չի կրնար տեւականօրէն սիրել մարդ մը երբ անիկայ չգիտեր բարոյական ուժեղ ազդեցութեան մը շնորհիւ անոր սիրտը կապել իրենին։

Կին մը երբէք չի ներեր մարդու մը, երբ անիկայ կը վիրաւորէ իր կնոջական արժանապատուութիւնը ու չի գիտեր փափկանկատօրէն վարուիլ իր ներքին զգացումներուն հետ։

Կին մը երբէք չի մոռնար կեանքին մէջ մարդէ մը կրած ո՛ եւ է անարգանքը, նոյն իսկ եթէ անիկայ ուզէ օր մը իր արիւնովը քաւել ատիկայ։

Ու փոխադարձաբար կ՚ենթադրեմ թէ ազնիւ մարդ մը պիտի չկրնայ սիրել կին մը որ առաքինի ու հաւատարիմ չէ։

Որուն նպատակը չէ մի՛ միայն իրեն հաճելի ըլլալ, այլ որը հաճոյք կը գտնէ նաեւ ամենո՛ւն ալ հաճելի ըլլալու մէջ, ինչ որ ապացոյց է թեթեւ մտքի ու թեթեւ սրտի, եւ կը նշանակէ նախաքայլը դէպի անկում։

Լուրջ մարդ մը, կ’ենթադրեմ թէ՝ պիտի չկրնայ սիրել կին մը որ նանրասէր է, որը հոգի կուտայ պչրանքի ու զարդերու համար, եւ երեսի վրայ կը թողու առտնին ու մտաւորական օգտակար եւ հրահանգիչ զբաղումները։

Ահա՛ թէ ի՛նչ բնական պայմաններու մէջ կը կայանայ առողջ Սէրը։ Ահա՛ թէ ուր պիտի գտնենք մեր կեանքի տեւական երջանկութեան աղբիւրը։