ԽԵՆԴԻ
ՄԸ
ՎԷՊԸ
Տանջուած
դէմք
մը՝
վաղահաս
կնճիռներով
խորշոմած…։
Թշուառութեան
դրոշմովը
կնքուած
մռայլ
ճակատ
մը՝
որը
անսահման
տխրութեամբ
կը
ճնշէ
հոգիներն
ամէն
անոնց
որոնք
խորունկ
դիտելու,
շատ
զգալու
եւ
շուտ
ազդուելու
ճակատագրային
տրամադրութիւններովը
ստեղծուած
են…։
Աչքեր՝
որոնք
նայուածք
չունին,
եւ
որ
մէյ-մէկ
վիհեր
ըլլան
կարծես
ահռելիօրէն
պարապ…։
Օ՜հ,
թշուա՜ռ
մարդ…։
Գլխահակ,
կրթնած
գաւազանին,
խենթը
մեծ
դժուարութեամբ
կը
քաշկռտէ
իր
հիւանդ
սրունքները
խորանէ
խորան,
խաչակնքելով,
երկրպագելով
եւ
անսահման
գուրգուրանքով
իր
մէկ
հատիկ
մոմը
վառելով
նախընտրած
Սուրբին
առջեւ։
Եւ
ահաւոր
բան
մըն
է
իմացականութեան
նշոյլներուն
բացարձակ
չգոյութիւնը
այս
գերազանցօրէն
բարեպաշտիկ
ժէսթերուն
քովիկը։
Վաղեմի
ու
տիրական
սովորութեան
մը
կը
թուի
հպատակիլ
կարծես
հզօր
բնազդով
մը,
որը
իր
մեռած
իմացականութեան
տեղը
կը
բռնէ։
Ու
ե՛ս
հիւանդոտ
հետաքրքրութեամբ
կը
դիտեմ
զինքը
երկարօրէն,
եւ
իր
հեռանալէն
ետքն
ալ
աչքերս
դեռ
կը
փնտռեն
եկեղեցւոյ
հոծ
բազմութեան
մէջ
իր
տարտամ
սիլուէթը։
Ու
ենթադրութիւններու
մէջ
առ
խարխափ,
կը
փնտռեմ
այդ
դժբաղդ
կեանքը
տակնուվրայ
ընող
եղերական
տրամին
հանգոյցները,
ու
կը
ջանամ
իմացականութենէ
զուրկ
այդ
անկենդան
ճակտին
վրայ
կարդալ
մանկութիւնը,
պատանեկութիւնը,
երիտասարդութիւնը
այդ
թշուառին։
Եւ
ահա՛
վէպը,
զոր
ենթադրութիւններուս
ու
խուզարկութիւններուս
վրայ
կրթնած՝
կը
հիւսեմ
անոր
համար։
***
Բարեպաշտ
ծնողաց
զաւակն
էր
ան,
տարամերժօրէն
նուիրուած
եկեղեցական
ու
կրօնական
պարտականութիւններու,
անոր
մանկութիւնը
օրօրուած
էր
հրեշտակային
աղօթքներովը
Նարեկացիին
եւ
շնորհաբոյր
շարականներովը
Շնորհալիին։
Յովհաննու
Յայտնութեան
միսթիք
նկարագրութիւնները
յաճախանքը
եղած
են
իր
պատանեկան
վառվռուն
երեւակայութեան,
եւ
օրերով
ու
գիշերներով,
աչքերը
դէպի
երկինք
յառած,
ամպերու
սրընթաց
վազքին
եւ
արեւուն
սիգաճեմ
քալուածքին
մէջ
նա
թերեւս
տեսած
է
հրաշագործ
Սուրբեր,
լուսեղէն
հրեշտակներ
եւ
Մարդոյ
Որդին,
որուն
«դէմքը
արեգակի
պէս
էր
եւ
ձայնը
շատ
ջուրերու
ձայնին
պէս»։
Եւ
անիկայ
ուխտած
էր
արհամարհել
աշխարհային
սէրերը
եւ
աշխարհային
վայելքները
երբ
օր
մը,
դժբաղդ
օր
մը
ճակատագիրը
իր
դէմը
կը
հանէ
փորձութեան
հրեշտակը։
Ու
գեղեցիկ,
սքանչելի
էր
ան
իր
գիշերուան
պէս
սեւ,
խոշոր
աչքերով,
նուրբ
ու
ճկուն
հասակով։
Թեւերը
իրեն
երկարած
կը
ժպտէր,
եւ
մարգարտէ
ակռաները
բուստէ
շրթունքներուն
մէջէն
կը
փայլէին
անօրինակ
շողերով։
Եւ
հէ՜ք
տղան
ի
զուր
աչքերը
կը
գոցէր
չի
տեսնելու
համար
փորձութեան
հրեշտակը։
Ի
զուր
կը
մաքառէր
անոր
տիրական
ու
կրակոտ
նայուածքին
դէմ։
«Գնա՛,
կը
պաղատէր
անոր,
գնա՛
հեռացի՛ր
քովէս,
քեզի
չեմ
կրնար
սիրել,
խղճա՛
վրաս…»։
Փորձութեան
հրեշտակը
սակայն
աւելի՛
ու
աւելի՛
կը
մօտենար
իրեն,
շուշան
թեւերովը
կը
գրկէր
անոր
վիզը,
ի՛ր
շունչին,
իր
նայուածքին
կրակովը
այրելով
զայն։
Եւ
տղան
ի
զուր
կը
փորձէր
քակել
իր
վիզը
շրջապատող
շուշան
թեւերը,
ի
զուր
այդ
աղէտաւոր
հմայքէն
ազատելու
համար
իրեն
օգնութեան
կը
կանչէր
իր
նախասիրած
Սուրբերը,
կ՚աղօթէր,
կ՚ուլար,
կը
պաղատէր,
անքուն
երկար
գիշերներու
մէջ
իր
սրտին
կոտտացող
ցաւը
պօռալով։
Գրուածը
սակայն
պիտի
կատարուէր։
Փորձութեան
հրեշտակը
իր
մօտն
էր
միշտ,
եւ
մութին
մէջ
հէ՜ք
տղան
կը
զգար
անոր
աղւոր
նայուածքին
մագնիսը,
որ
զինքը
կը
քաշէր
կը
տանէր
դէպի
անդունդ,
դէպի
դժոխք։
Եւ
օրին
մէկը
ա՛լ
յոգնած,
պարտասած,
ուժասպառ
ան
կիյնայ
փորձութեան
հրեշտակին
գիրկը,
եւ
այդ
օրէն
կը
սկսի
իր
վերելքը
դէպի
Գողգոթա…։
***
Եւ
փորձութեան
հրեշտակը
անոր
կամքին
ու
սրտին
վերջապէս
յաղթած
ըլլալու
գերագոյն
գոհունակութեամբը
հպարտ,
եւ
այդ
կոյս
սրտէն
ու
միամիտ
հաւատքէն
տարուած,
ատեն
մը
կը
սիրէ
զայն
անկեղծօրէն
ու
խանդավառօրէն։
Ու
տղան
գինովցած
այդ
նորօրինակ
Սիրովը,
կը
մոռնայ
ամէն
բան
կը
մոռնայ
իր
անցեալը,
աշխարհիկ
Սէրերու
հանդէպ
իր
հրաժեշտի
Ուխտը,
կը
մոռնայ
իր
գոյութիւնն
իսկ,
եւ
կը
հաւատայ
թէ՝
ինքը
մեռած
է
արդէն
վաղուց,
եւ
դրախտի
կեանքին
մէջ
է
որ
կարթննայ
ու
կը
վերածնի
իր
հոգին։
Զարթնումը
մօտ
է…
ահաւոր
զարթնումը
եւ
սարսափելի
իրականութիւնը։
Փորձութեան
հրեշտակը
օրին
մէկը
ա՛լ
ձանձրացած
այդ
միամիտ
Սէրէն,
կը
թողու
կը
հեռանայ
նոր
Սէրեր,
նոր
յաղթանակներ
փնտռելու,
որովհետեւ
անհանգիստ
հոգի
մը
եւ
յաւիտենական
Սէրեր
ըմբռնելու
անկարող
սիրտ
մըն
է
ան։
Եւ
իրիկուն
մը
հէք
տղան
ինքզինքը
կը
գտնէ
մինակ
իր
ամայի
տան
մէջ,
մինա՛կ
յիշատակին
հետ
անոր՝
զոր
սիրած
էր
ամէն
բանէ
աւելի,
իր
յաւիտենական
փրկութենէն
ալ
աւելի,
թերեւս
իր
Աստուծմէն
ա՛լ
աւելի…։
***
Օրերը
կ՚անցնին
եւ
չի՛
վերադառնար
անիկայ,
եւ
որովհետեւ
չգար
ան,
ինքը
կ՚երթայ
անոր
ետեւէն։
Կ՚իյնայ
սար
ու
ձոր,
դաշտ
ու
անտառ,
եւ
օրին
մէկը
կը
գտնէ
զայն
ա՛լ
աւելի
գեղեցիկ,
ա՛լ
աւելի
հրապուրիչ,
ա՛լ
աւելի
տենջալի։
Ոտքերուն
կ՚իյնայ.
«Օ՜հ,
եկո՛ւր,
կ՚ըսէ
եկո՛ւր
իմ
սիրականս,
ո՞ւր
մնացիր…
այսքան
գիշերներէ
ի
վեր
քեզի
կ՚սպասեմ…»։
Եւ
փորձութեան
հրեշտակը
կը
նայի
իրեն
անտարբեր
եւ
անզգած
աչքերով,
կարծես
չը
ճանչնար
զինքը.
‒
«Խօսէ՛
կ՚ըսէ,
միթէ
չե՞ս
լսեր
զիս,
ո՜հ,
այդ
ի՜նչ
զարհուրելի
նայուածք
է,
այդ
ի՜նչ
սառուցիկ
կերպարանք
է…
վա՜յ
իմ
դժբաղդութեանս…
վա՜յ
իմ
սե՜ւ
բաղդիս…
ալ
չսիրե՛ր
զիս,
ալ
չսիրեր
զիս…»։
Ու
երկու
ձեռքերը
կը
զարնէ
գլխուն,
կը
փեթռտէ
իր
մազերը։
Եւ
փորձութեան
հրեշտակը
կը
շարունակէ
նայիլ
իրեն
մի՛շտ
պաղ
եւ
անզգած,
անշարժ
մարմարեայ
արձանի
մը
պէս։
Հեռուէն
կ՚երեւի
ահա
երիտասարդ
ձիաւոր
մը
տժգոյն
ու
խրոխտ,
կը
մօտենայ
անիկայ
անշարժ
արձանին…
եւ
արձանը
կը
կենդանանայ…
աչքերը
կը
փայլին,
շրթունքները
կը
բացուին
սքանչելի
ժպիտի
մը
մէջ,
եւ
թեւերը
կ՚երկնցնէ։
Ու
թշուառ
լքեալը
կը
կարծէ
թէ՝
այդ
թեւերը
իրեն
համար
է
որ
կը
բացուին,
թէ
այդ
շրթունքները
իրեն
համար
է
որ
կը
ժպտին,
թէ
այդ
աչքերը
իրեն
համար
է
որ
կը
փայլին։
Կը
գրկէ
անոր
ծունկերը։
Իսկ
ան,
արհամարհանքի
ու
ձանձրոյթի
սարսափելի
ժէսթով
մը
ոտքովը
մէկդի
կը
հրէ
դժբաղդը,
ու
ծաղրանքի
զարհուրելի
քրքիչ
մը
նետելով
անոր
երեսին
իր
ձիւնաթոյր
թեւերը
կը
նետէ
երիտասարդ
ձիաւորին
վիզը.
երիտասարդը
կը
քաշէ
զայն
ձիուն
վրայ,
եւ
երկուքը
գիրկընդխառն
սրընթաց
կը
հեռանան
անտառին
խորը…։
Եւ
թշուառը
կը
տեսնէ
այս
հրէշային
բանը…
մազերը
կը
քստմնին,
անլուր
տանջանքին
տակ
երկու
ձեռքերը
կը
տանի
քունքերուն
պայթելու
մօտ
գանկը
սեղմելով։
Կը
զգայ
թէ
սեւ
քօղ
մը
ծանր
ծանր
կ՚իջնէ
գլխուն
մէջ
իր
իմացականութիւնը
մթագնելով,
եւ
ալ
բան
մը
չի
յիշեր…։
***
Իր
ծնողքը
փնտռելէ
յոգնած,
յուսահատ,
ալ
չեն
գիտեր
ո՞ւր
երթալ,
ո՞ւր
նայիլ,
ո՞ւր
գտնել
իրենց
սրտին
սիրական
հատորը,
իրենց
մոլորեալ
որդին։
Եւ
ահա
կը
տեսնեն
զինքը
ծառի
մը
տակ
կծկտած,
երկու
ձեռքերովը
գանկը
սեղմած,
մոլորուն
նայուածքով,
ծերացած,
անճանաչելի՜…։
Կը
մօտենան,
կը
խօսին
իրեն
քաղցրութեամբ,
արցունքներով
եւ
ան
չի
ճանչնար
ա՛լ
եւս
իր
ծնողքը։
Մերթ
ընդ
մերթ
ահռելի
քրքիջներ
ցաւի
աղաղակներուն
պէս
կը
պատռեն
իր
կուրծքը,
եւ
հեռուն
լեռները
կը
կրկնեն
սարսափելի
արձագանգը։
‒
Աստուած
իմ,
կը
պաղատի
մայրը,
միթէ
պատիժը
աւելի
ծանր
չեղա՞ւ
քան
յանցանքը։
‒
Լռէ՛,
կ՚ըսէ
հայրը,
Աստուած
գթաց
իրեն,
ա՛լ
պիտի
չի
յիշէ,
ա՛լ
պիտի
չի
տառապի։
‒
Փա՜ռք
քեզ
Աստուած,
կը
հառաչէ
մայրը։
‒
Փա՜ռք
քեզ
Աստուած,
կո
գոհանայ
հայրը։
Եւ
գրկելով
մոլորեալ
որդին
պզտիկ
մանուկի
մը
պէս
կը
քաշեն
կը
տանին
իրենց
բնակարանը։
***
Տարիները
կ՚անցնին
ու
կ՚անցնին
դժբաղդին
գլխուն
վրայէն։
Մեռած
է
անիկա
աշխարհին
համար,
ալ
չի՛
զգար,
չի՛
մտածեր,
չի՛
տառապիր։
Սակայն
ամէն
կիրակի
եկեղեցի
կուգայ,
իր
մէկ
հատիկ
մոմը
գուրգուրանքով
սեղմած
ձեռքին
մէջ,
կը
խաչականքէ,
կերկրպագէ
եւ
կը
վառէ
զայն
իր
նախընտրած
սուրբին
առջեւ։
Բնա՞զդն
է
արդեօք
որ
զինքը
կ՚առաջնորդէ
հո՛ն
ուրկէ
աղետալի
Սէր
մը
զինքը
հեռացուցած
էր։
Արդեօք
իր
խարխլած
իմացականութեան
ու
խորտակուած
սրտին
մէջ
կը
մնա՞յ
դեռ
կենդանի
անկիւն
մը
ուր
կը
բաբախէ
իր
Աստուծոյն
Հաւատքը
իր
Աստուծոյն
Սէրը…։
Որովհետեւ
քու
Սէրդ
է
միայն
ճշմարիտ,
կենդանի,
անփոփոխ
եւ
յաւիտենական,
ո՜վ
Աստուած։