Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԵՍՈՒՐԸ
(ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ)
3


Օրերը կ՚անցնէին անուշ երազի մը պէս Ալմաստին համար։ Գրեթէ ա՛լ չէր զգար իր տառապանքները։

Աղջկնութեան երգերն ու պարերը կը յիշէր, ու եթէ չքաշուէր կեսրոջմէն, առջի աշխոյժ ու վառվռուն աղջիկը պիտի դառնար դարձեալ։

Երկունքի դժնդակ ցաւերը, ծննդաբերութեան վտանգաւոր ժամը զինքը չէին վախցներ ալ եւս. ընդհակառակը ուրա՜խ կը զգար ինքզինքը. ուրա՜խ ու երջանիկ…։

Իր հոգեկան այս զուարթ վիճակին ազդեցութեանը տակ, ինքզինքը տրամադիր կը զգար սիրելու ամենքը. մինչեւ իսկ բռնաւոր կեսուրը, եւ ներողամիտ գրեթէ ժպտուն համբերութեամբ կ՚ընդունէր անոր տուած ամէն մէկ վէրքերը, զրկանքներն ու ցաւերը։

Երբ կը տեսնէր իր ամուսին Գրգօին հոգածու եւ զգուշաւոր նայուածքը հանգչած իր վրայ, ամէն բան կը մոռնար Ալմաստ, եւ իր հոգւոյն ու սրտին մինչեւ խորերը կը սարսռար նոր, անծանօթ, բայց եւ այնպէս անբացատրելի կերպիւ անուշ զգացումի մը սարսուռներով։

Այն օրէն, երբ Գրգօն զինքը մօրը անիրաւ ու գազանական վարմունքին դէմ պաշտպանելու դիւցազնութիւնը ունեցեր էր, ինչ որ, ոչ ոք իր շուրջը իր ծանօթներուն մէջ համարձակած էր ցարդ. իր կուրծքին տակ յեղակարծօրէն բռնկեր էր տեսակ մը անգիտակից յարգանքի ու պատկառանքի խառնուած այն բուռն ու ջերմիկ զգացումը, որը տակաւին չէր կրնար որակել, այնքան տարբեր էր աս առաջին օրերուն մէջ, իր ամուսնոյն հանդէպ սնուցած սուր ու դառն զգայութիւններէն։

Հիմա երջանիկ կը զգար ինքզինքը. եւ կ՚ըմբռնէր թէ՝ ա՛լ երանութիւններով զեղուն կեանք մը պիտի սկսէր իրեն համար, իր ամուսնոյն ու ծնելիք մանկան միջեւ. ու կը խայտա՜ր…։