Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տժգոյն, շա՜տ հիւանդ կ՚երեւէր Լէյլան այս անգամ. ակնարկ մ՚իսկ չէր նետեր այն աղւոր պտուղներուն ու շաքարներուն վրայ, զոր մայրը բերեր էր իրեն։

Սրտաթունդ, անհուն ցաւով մը համակուած, մայրը թեւերուն մէջ առաւ տղան։

Ի՜նչ ունիս, զաւա՜կս, հարցուց գորովագին, ինչո՞ւ չես խաղար, ո՞ւր է պէպէքդ։

Ձեռքէս առի՜ն… թոթովեց մանուկը, ցնցող հեծկլտանքի մը մէջ։

Ո՞վ առաւ աղջի՜կս։

Անշէ՜ն…։

Անշէն հօրաքրոջը պզտիկ աղջիկն էր, իրմէն երկու տարով մեծ։

Խե՜ղճ զաւակս, մրմնջեց մայրը, շրթունքներովը չորցնելով անոր այտերուն վրայ թափուող արցունքները, մի՛ լար, ես քեզի հատ մը աւելի գեղեցիկը կը բերեմ։

Լէյլան տրտմալի խոշոր աչքերը դարձուց մօրը վրայ։

Ի՞նչ ընեմ, ըսաւ վհատութեամբ թօթուելով իր խարտեաշ խոպոպները, դարձեալ ձեռքէս պիտի առնեն։

Եւ յանկարծական շարժումով մը՝ թեւերը փաթթելով մօրը վզին։

Ինծի կըսես թէ՝ դուն իմ մայրս ես, մրմնջեց մեղմիւ. քանի որ մայրիկս ես, ինչո՞ւ չես կենար իմ մօտս. ուրիշ ամէն տղաքներու մայրիկները իրենց քովիկն են, ես օր մը հարցուցի հայրիկիս, «ինչո՞ւ մայրիկս չի մնար իմ քովս», ըսաւ, «նա չա՛ր մայր է»։

Տարաբաղդ մայրը լռիկ կը լսէր զաւկին սրտէ՛ն զարնուած։

Զիս հոս կը չարչարեն, կը ծեծեն, կը զրկեն, շարունակեց տղան, մէկը ինծի չսիրեր. ամենքը Անշէն ու Ալին կը սիրեն, ամե՛նքը… ամե՛նքը… դո՛ւն մինակ կը սիրես ինծի, ու դուն քովս չե՛ս, ըսէ՛, ինչո՞ւ չես մնար իմ քովս։

Եւ տեսնելով որ կը լռէր մայրը.

Չե՞ս ուզեր հոս մնալ, շեշտեց մանկական անգութ յամառութեամբ, անգիտակցօրէն տանջելով իր մայրը, ուրեմն ա՛ռ զիս ալ տա՛ր հետդ։

Հապա հա՞յրդ… հարցուց Ֆաթիմէ։

Օ՜հ, ա՛ն… ա՛ն ամենէն շատ կը ծեծէ ինծի. «քածին զաւակը» կը պօռայ երեսիս. ես կը վախնա՜մ… մայրի՛կ… շա՜տ կը վախնամ հայրիկէս։

Ֆաթիմէ չկրցաւ ինքզինքը զսպել, յորդ արցունքներով գրկեց համբուրեց իր աղջիկը։

Իմ քովս կեցիր, կ՚աղերսէր տղան, իմ քովս կեցի՛ր, մայրի՜կ։

Ֆաթմիմէ վճռեց…։

Տենդոտ շարժումով մը սրբեց արցունքները, անգամ մըն ալ համբուրեց Լէյլան, այդ համբոյրին մէջ փնտռելով ընելիք գերագոյն զոհողութեանն համար պէտք եղած ահաւոր ուժը։

Զաւա՛կս, ըսաւ հաստատուն ձայնով մը, ալ մի՛շտ քովդ պիտի կենամ։

Եւ նոյն իրիկունը իր տունը չվերադարձաւ եւ ուզելով անդարմանելի բան մը դնել ի՛ր եւ իր պաշտած երիտասարդին սրտին մէջտեղ, երկտող մը գրեց անոր։

«Ա՛լ քեզի հետ չեմ կրնար ապրիլ, կ՚ըսէր, ներէ՛ ինծի, առաջին սէրը միշտ աւելի զօրաւոր է եղեր, ա՛յդ զգացի, յորմէ հետէ տեսայ վերստին զաւկիս հայրը. ան սիրեր եմ միայն, եւ անոր մօտը մնալու պարտաւոր եմ. դո՛ւն որ իմ նախախնամութիւնս եղար, զիս մի՛ անիծեր»։

Գոց նամակ մը եկաւ իրեն պատասխան։

Դողդոջուն ձեռքով բացաւ զայն։

Երեք բառ միայն կար հոն գրուած, երեք բառ խոշոր տառերով, որ հրեղէն շամբուրներու պէս այրելով ծակեցին իր սիրտը։

«Վա՜տ, վա՜տ, վա՜տ»։