Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ ԵՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ՆԵՐԳԱՂԹԸ

Շաբթուս՝ ազգային թերթերը ծանուցին թէ Ատանայի կուսակալ Ճէմալ պէյ խնդրեր է ներքին գործոց նախարարութենէն, որպէս զի՝ Պուլկարիայէն եւ Ռուսիայէն եկած 5—6000 իսլամ գաղթականներ անմիջապէս ղրկուին Հալէպի եւ Ատանայի նահանգները, տեղւոյն խոպան մնացած հողերուն վրայ հաստատուելու համար։

Այս ծանրակշիռ լուրը թէեւ Իգտամ փութաց հերքել յայտնելով թէ՝ ըստ իր մասնաւոր տեղեկութեանց՝ Ատանայի կուսակալին ուզածը ո՛չ թէ  5000 իսլամ գաղթական է, այլ 5000 ոսկի՝ գաղթականները տեղաւորելու համար բայց հերքումին եղանակը շատ տրամաբանական չէ թուիր մեզի, որովհետեւ չենք հասկնար թէ, նախ, այս պահուս ողողումի վնասներուն ենթակայ նահանգի մը համար, որ աւելի ընդհանուր նպաստի պէտք ունի, կուսակալը ինչո՞ւ մասնաւորաբար իսլամ գաղթականներու անունով դրամ ուզէ. երկրորդ, ինչպէ՞ս կարելի է որ այսքան պատճառաբանեալ հեռագիր մը սխալ թարգմանուի եւ հրատարակուի Պօլսոյ բոլո՛ր հայ թերթերուն մէջ. նոյն իսկ եւրոպական թերթերուն մէջ ալ. որոնցմէ Stamboul իր երէկի (հինգշաբթի) թուով կը գնահատէ Ատանայի կուսակալին այս նոր կարգադրութիւնը, յայտարարելով թէ Կիլիկիոյ արգասաբեր հողը այս կերպով աշխատող ձեռքեր պիտի տեսնէ։

Ամէն պարագայի մէջ, եթէ Իգտամ իր փութկոտ հերքումը մասնաւոր ծրագիր մը քօղարկելու համար չէ. եւ եթէ իրօ՛ք մտադրութիւն չկայ Պուլկարիայէն եւ Ռուսիայէն եկած իսլամ գաղթականները տեղաւորելու Կիլիկիոյ մէջ, մեր ըսելիքները՝ այս խնդրի մասին՝ չեն կորսնցներ իրենց իմաստը։

Կիլիկիոյ Հայ բնակչութիւնը իսլամ տարրերով, մասնաւորաբար Չէրքէզ եւ Թաթար գաղթականներով կէտկիտելու, կղզիացնելու ծրագիրը յղացուած էր Սուլթան Համիտի օրով եւ գործադրութեան իսկ դրուած էր։ Արեւելեան Րումէլիի, Կրէտէի եւ Ռուսիոյ կեավուռ կառավարութեանց տակ ապրիլ չկրցող իսլամ կիսավայրենի ցեղեր, շարունակ շարունակ Պօլիս կը թափէին, եւ քիչ մը ատեն պատսպարուելէ ետք Պապը Ալիի կողմը հաստատուած շէնքի մը մէջ, կը ղրկուէին Կիլիկիոյ զանազան քաղաքները, տեղւոյն խոպան հողերը մշակելու համար (?)։ Ու ահա իւրաքանչիւր առաքումէ ետք մեզի կը հասնէին Կիլիկեցիներու աղիողորմ գանգատները եւ պաշտօնական տեղեկագիրները, որոնք կը պատմէին թէ ինչպէ՛ս, այդ թաթար, չէրքէզ եւ թուրք գաղթականները որոնք արդէն իրենց ծննդավայրէն մեկնած էին լեցուած՝ վրէժխնդրութեամբ եւ ատելութեամբ դէպի կեավուռը ինչպէ՜ս կը մշակէին ու կը շէնցնէին խոպան հողերը, գողնալով խեղճ հայ մշակին բերքը, սպաննելով անոր եզները, բրտօրէն ջախջախելով անոր արօրը. եւ վերջ ի վերջոյ անպատուելով անոր ընտանեկան սրբութիւնը…։

Կիսավայրենի ցեղերու ներգաղթին ստեղծած այս արիւնոտ աւերները մարդ կը վերյիշէ ակամայ, երբ կը կարդայ 5—6000 իսլամ գաղթական պահանջող հեռագիրը. իրա՛ւ, այլեւս հայ մշակ, Հայու արօր ու եզ չի մնաց՝ գողնալու կամ սպաննելու համար. բայց ինչո՞ւ չի խորհիլ որ Հայոցմէ որբացած դաշտերուն եւ գիւղերուն մէջ կ՚ուզուի իսլամ գաղթականներ բնակեցնել, ինչպէս այս վերջերս ռուս կառավարութիւնը որոշեր է 500000 ռուս գիւղացի բերել իր ներքին գաւառներէն եւ զանոնք տեղաւորել Կովկասի մէջ, տեղւոյն հայ ազգաբնակութիւնը ջլատելու, տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս մեռցնելու համար։ Սահմանադրական Թուրքիան ալ պիտի հետեւի՝ միթէ բռնապետական Ռուսիոյ մեքենայութիւններուն։ Կը յիշուի թէ Ապրիլի կոտորածէն քանի մը ամիս ետք, խօսք ելաւ գերման—հրէական գաղթականութիւն մը բնակեցնելու Կիլիկիոյ մէջ։ Այս ծրագիրը, բարեբախտաբար, վիժած կ՚երեւայ այլեւս, շնորհիւ այն ջանքերուն զորս Ատանացի ձեռներէց Հայեր ի գործ դրին տեղւոյն վրայ։ Այսօր, եթէ ճիշդ է որ Ատանայի կուսակալը ստիպողաբար 5—6000 իսլամ գաղթական կ՚ուզէ եւ պայմանաւ որ Պուլկարիայէն ու Ռուսաստանէն եկած ըլլան անոնք ուրեմն կը սկսին իրականութիւն գտնել կոտորածի վաղորդայնին իսկ յայտնած մեր այն կասկածները թէ՝ Կիլիկիոյ տասանորդուած եւ տնտեսապէս փճացած հայ բնակչութեան տեղ կ՚ուզուի թաթար ու չէրքէզ գաղթականներ զետեղել. չէ՞ որ արդէն Ատանայի նախանձոտ թուրքերը անհանգիստ ընող մղձաւանջ մը դարձած էր Կիլիկիոյ Հայոց նիւթական, առեւտրական եւ ընկերական բարգաւաճ վիճակը, եւ չէ՞ որ ապացուցուեցաւ թէ՝ կոտորածի դրդապատճառներէն մէկն ալ՝ Կիլիկիոյ հայ ժողովուրդին յառաջդիմութիւնը կասեցնելու ոչ-խուժանային ծրագիրն էր։

Կիլիկեցիներ. դուք որ աղէտքի առաջին օրերուն՝ ողջ մնացած գլուխնիդ առած մէյ մէկ կողմ ապաստանեցաք եւ ձեր մաճն ու արօրը, օճախն ու տանիքը թողուցիք անտիրական. Կիլիկեցի՛ Հայեր, դարձէք, դարձէք ձեր հայրենի երկիրը եւ իբրեւ հարազատ տէրը ձեր հողերուն, շէնցուցէք զանոնք անգամ մըն ալ, այն հաւատքով՝ թէ ձեր ճակտին քրտինքով ուռճացած բերքը ձերը պիտի ըլլայ այլեւս։ Կիլիկեցի՛ Հայեր, հին թէ նոր գաղթածներ. վերադարձէք ձեր վաթանը, եւ օր առաջ տէր եղէք ձեր պատմական իրաւունքներուն։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Երկրորդ շրջան, 13-16 Նոյեմբեր, թիւ 6 (56), էջ 53