Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ԹՈՒՐՔ ԳՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՏԱՃԿԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ

Ա.

Այժմէական խնդիրներու ստիպողութեան տակ, Տառապանքի Երկրէն Պատկերներու շարքը պահ մը ընդհատելէ վերջ, այսօր կը վերսկսինք ներկայացնել Տաճկահայ գրական ու լրագրական կեանքը, իր բոլոր զաւեշտականօրէն խղճալի կողմերովը:

Ազատ դրօշներու հովանիին տակ ապաստանած հայ ընթերցողներուն աւելորդ իսկ է բացատրել այն ամենամեծ նշանակութիւնը, զոր իր մէջ կը բովանդակէ «Մամուլի ազատութիւնը», ոչ-բռնավար երկիրներուն մտաւորական այս անվերջալոյս արեւը: Բայց թէ ինչեր ու ինչե՛ր կրնայ յղանալ Համիտական գրաքննութիւնը, այդ մասին գաղափար մը կազմելու համար պէտք է մէջն ապրած ըլլալ Տաճկահայ ազգի լրագրական կեանքին, ու տեսած ըլլալ գաղափարի անշշուկ կոտորածը, զգացած ըլլալ մտածումի կաշկանդիչ շղթան եւ դառնօրէն կրած ըլլալ ազատ արտայայտութեան տուայտանքը:

Կովկասեան Վէրքերուն 15րդ գլուխը, որ կը զբաղի Ռուսահայ Մամուլի պատկերացմամբը, կը պարզէ բազմաթիւ տխուր պարագաներ, որոնք բռնապետական կառավարութեա՛ն մը միայն պատիւ կրնային բերել: Արդարեւ, հետաքրքրական պիտի ըլլար բաղդատական ակնարկ մը նետել Հայութեան երկու գլխաւոր հատուածներուն կրած գրիչի ու խօսքի տանջանքներուն վրայ, եթէ չմտաբերէինք թէ Նիքոլա Բ. Ձարը տուաւ արդէն մամուլի ու խօսքի պահանջուած ազատութիւնը, եւ Ռուսահայը, ուշ կամ կանուխ, Մամուլի տարեգրութեանց մէջ միայն պիտի տեսնէ ցենզօրի եւ յարակից գրաքննական բռնութիւնները: Մնաց որ, առանց նորահռչակ ազատութեան ալ, ռուսահայ մամուլը անբաղդատելի կերպով նուազ ճնշուած էր քան տաճկահայունը:

Թուրք գրաքննութիւնը կատարելապէս կը ցոլացնէ այն մտքի վիճակը, ուր այսօր կը տատանի Տաճկաստանը կառավարող Եըլտըզական խմբակը, անիկա ոչ մէկ որոշ կանոն ունի, ու ոչ մէկ տրամաբանական պատիժ. օրուան քաղաքական հանգամանքները, կամ կառավարող տարրին առօրեայ քմահաճոյքները անմիջապէս կ՚ազդեն Մամուլին վրայ, որ այս կերպով կը կորսնցնէ իր կրթիչ ու լուսաւորիչ դերը, դառնալու համար որեւիցէ թղթէ խաղալիկ: Տաճկաստանի մէջ գրաքննիչը մտածումին ոստիկանն է եւ գրիչին լրտեսը. իր դերը անոր համար մանաւանդ աւերիչ է, որովհետեւ ոչ մէկ նախասահմանեալ օրէնքի համաձայն կը գործէ ինքը. այլ կը ջանայ առաջքն առնել բոլոր այն հրատարակութեանց, որոնք նախատեսուած, բայց միանգամայն անակնունելի զանցառութիւններ կը համարուին: Իսկ երբ գրաքննիչը չի կրնար մէկ անգամէն զգալ սրբագրութեան պէտքը, եւ իր ստորագրութեամբ կը վաւերացնէ որեւէ հրատարակելի գրութիւն, տակաւին վտանգը հեռացած չէ հայ թերթին գլուխէն, որովհետեւ գրաքննիչը անկամ, անպատասխանատու գործիք մըն է պարզապէս, եւ յաճախ պատահած է որ իր վաւերացուցած յօդուածներո՛ւն համար իսկ թերթը ազդարարութիւն կ՚ընդունի կամ դադարման կը դատապարտուի:

Կ. Պօլսոյ երկոտասնեակ հայ թերթերուն համար նշանակուած են երեք գրաքննիչներ, որոնք անունով հայ են, եւ որոնք իրենց հայերէնի վտիտ ծանօթութեամբը եւ քաղաքական խնդիրներու տաճկավայել անգիտակցութեամբը կ՚այցելեն խմբագրատունները: Հակառակ իրենց բարիկամեցողութեան, հայ գրաքննիչները բռնադատուած են թերթին դժուարութիւն յարուցանել եւ ոեւէ սրբագրութիւն կատարել, ամէնէն անվնաս գրութեանց մէջ իսկ, որովհետեւ այդպէս կը պահանջէ պաշտօնակցի նախանձախնդրութիւնը՝ որ զիրար լրտեսելու կը մղէ, եւ Բ[արձրագոյն] Դրան ճուռնալճիներուն վոհմակը, որ յաւիտենական սպառնալիք մըն է ամենքին գլխուն:

Կարելի չէ մէկ անգամէն ներկայացնել արգիլուած նիւթերու եւ բառերու այն ցանկը, որ ամէն նոր օրի հետ կը ծաւալի եւ խեղդել կը սպառնայ առանց այն ալ անարիւն Տաճկահայ Մամուլը: Թուրք գրաքննութիւնը առաւելապէս բառերու՝ քան թէ գաղափարին վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով, այսօր Տաճկահայը չարափոխեալ բառարան մը անզգալաբար կերտած է լրագրութեան միջոցաւ: Չպիտի մանրամասնենք թէ որո՛նք են այս նորահնար բառարանին բռնադատեալ հեղինակները, թուլամորթ ու ստրկամիտ մտաւորականները, բայց կ՚արժէ յիշատակել մէկ քանին այն գրաքննական արգելքներուն, ամէնէն սովորականներն ու նախատեսուածները, որոնց անսաստողը պատիժ կ՚ընդունի անխուսափելիօրէն:

Տաճկաստանի Մամուլին մէջ արգիլուած է խօսիլ առ հասարակ բոլոր այն խնդիրներուն մասին, որոնք վեհապետական անձերու եւ իրաւունքներու շուրջ կը դառնան: Նիքօլա Ձարը, ինչպէս Վիքթորիա թագուհին, որոնք չեն կրնար բարեկամ նկատուիլ օսմ[անեան] կայսրութեան, իբր վեհապետ մամուլին մէջ պէտք է այնքան յարգ վայելեն, որքան Քայզըր Վիլհելմ: Նոյնպէս արգիլուած է փսփսալ գահընկեցութեանց, թագաժառանգներու յաջորդութեանց, արքայասպաններու, վերջապէս բոլոր այն նիւթերու շուրջ, որոնք հեռուէն մօտէն վերաբերութիւն ունին վեհապետական կեանքին: Արգիլուած է նկարագրել ո՛ եւ է հոգեբանական վիճակ, որ կրնայ յարմարիլ մենագարներու, ջղային առանձնակեացներու, եւն. որովհետեւ գրաքննութիւնը կը վախնայ որ ատոնք կը պատշաճեցուցուին կեանքին: Տակաւին արգիլուած է կատարել ո՛ եւ է վիպական դիմագծային նկարագրութիւն, որ նմանի Համիտի հռչակեալ դիմաստուերին կամ անոր մարմնոյն ո՛ եւ է ծանօթ մէկ մասնայատկութեան: Արգիլուած է մինչեւ իսկ Սուլթանին բնակավայրը՝ Եըլտըզ բառը բերան առնել, կամ գրականութեան մէջ աստղերու նկատմամբ ո՛ եւ է նախադասութիւն կազմել:

Քաղաքական աշխարհի ամենակարեւոր դէպքերը մեծ մասամբ անարձագանգ կը մնան Տաճկաստանի մամուլին մէջ, եւ ամէն ինչ որ դուրս է Թուրքիոյ բռնապետական սկզբունքներէն եւ համոզումներէն, դուրս պէտք է մնայ նաեւ Մամուլէն: Այսպէս, Եւրոպայի ընկերվարական շարժումները, գործադուլները, հրապարակային հաւաքումներն ու բողոքները յեղափոխական ձեռնարկները, մինչեւ իսկ ազատ գրականութեան հերոսները եւ իրենց գլուխ գործոցները վտարած են տաճկաստանցիին գիտակցութեան շրջանակէն. ու ասիկա ճշմարիտ է ոչ միայն ժամանակակից դէպքերու մասին, այլեւս պատմական խնդիրներու համար. Թոլսթոյի եւ Կորքիի կամ Քրաբօդքինի անունը այնքան արգիլուած է, որքան Պայրընի եւ Մեծ Կլատսթօնի վրայ գովեստով խօսիլը, որովհետեւ Պայրըն յունական անկախութեան համար կռուած է, իսկ Կլատսթօն «Մեծ Մարդասպան»ը հեղինակած է: Եւրոպայի հայասէր երեսփոխաններուն ակնարկութիւն ընելը այնքան ոճիր է, որքան Շէյքսբրի Օթէլլօն կամ Համլէթը յիշատակելը, քանի որ առաջինը վայրագ ու կիրքերէն կուրացած մարդու տիպարն է, իսկ երկրորդը՝ Համլէթ՝ արքայասպան մը:

Ոճրագործներու յատուկ ինքնամոռացմամբ մը, Համիտական գրաքննութիւնը ինքզինքը կը մատնէ, այսպէս արգիլելով յիշատակութիւնը բոլոր այն դէպքերուն կամ պարագաներուն, որոնք ո՛ եւ է կերպով կը պատշաճին Թուրքիոյ ռէժիմին կամ կեանքին. այս արգիլումը, դիւրին է հասկնալ, ընթերցողին մտքին մէջ աւելի եւս կը շեշտէ ահեղ ճշմարտութիւնները։