Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  
ԹՈՒՐՔ ԳՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՏԱՃԿԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ

Բ

Տաճկաստանի մէջ, ամէն գրող. ըլլայ ան բանաստեղծ թէ հրապարակագիր, բանասէր կամ գիտական յօդուածագիր, գրիչ շարժելէ առաջ ստիպուած է, իր նիւթէն ալ, ոճէն ալ առաջ մտածել բանի մը վրայ. այդ բանը գրաքննութիւնն է։ Իր բոլոր խորհրդածութեանց միակ առանցքը գրաքննիչն է, insensé censeur-ը, որ աւրող բայց երբէք չկազմաւորող գրիչի մը սուսերովը կը սարքէ Մամուլի կոտորածը։

Տաճկահայ գրողը բռնադատուած է չը զբաղիլ ոչ միայն այնպիսի խնդիրներով, որոնք կրնան վերյուշել տալ եղեռնաթաթաւ կառավարութեան մը արարքները, այլ նաեւ բոլոր այն բառերով, որոնք ոեւէ կերպով կապակցութիւն մը ունին Հայ Տառապանքին հետ։ Այսպէս. կոտորած, կարմիր արիւն, ապստամբութիւն, հայրենասիրութիւն, հնչեակ (sonnet), բռնապետութիւն, եղբայրասպանութիւն, ազգային գործունէութիւն, վէրք, հայրենիք, հայ ազգ, ազատախոհութիւն. կամ նոյնիմաստ հազարաւոր բառեր այսօր աքսորուած են հայ լեզուին մէջէն, ու շատ ուրիշ բառեր ալ վերածուած են իրենց ամէնէն մեղմ իմաստին, այսպէս, Ազգ[ային] Սահմանադրութիւնը եղած է Պատրիարքարանի Օրէնք, հայ ազգը՝ համայնք, Երեսփոխանական ժողովը՝ գաւառական ժողով, Վեհ[ափառ] Կաթողիկոսը՝ Ս[րբազան] հայրապետ, Արարատը՝ Էջմիածնի ամսաթերթ, հայ որբը կը կոչուի անոք արարած, որովհետեւ թուրք կառավարութիւնը կ՚ուզէ մոռցնել տալ հայ որբերու ծագման պատճառը… գրաքննական արգելքներով։ Վերջապէս, շատ ծանօթ պարագայ մըն ալ թուած ըլլալու համար, յիշենք «Ազգային լուրեր»ուն «Պատրիարքարանի լուրեր»ի չարափոխուիլը։

Կարելի էր ամբողջ սիւնակներ լեցնել, եթէ մեր փափաքն ըլլար արգիլուած հայ բառերու ցուցակը պատրաստել հոս. բայց մենք կʼանցնինք Տաճկաստանի Մամուլին ներկայացուցած մէկ ուրիշ ողբալիօրէն զաւեշտական հանգամանքին, զոր պիտի մկրտենք «անպարկեշտ խեղաթիւրումներ» մակդիրով։

Տաճկահայ Մամուլին մէջ կատարուած հրատարակութիւնները կէս առ կէս խեղաթիւրումներէ կը բաղկանան. թէ՛ գրական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ոեւէ ուրիշ ճիւղի վերաբերեալ յօդուածները երբէք չեն ցոլացներ հեղինակին իսկական մտածումը, այլ թուրք բռնապետութիւնն է որ, գրաքննիչին բերնով կը խօսի անոնց մէջ։ Ու այս գրական կալանաւորումը կը կատարուի այնքան անպատկառօրէն, որքան եթէ քաղաքական կալանաւորում մը ըլլար, այնպէս որ յօդուածը ստորագրողին ըսել կուտան իր կամքին բոլորովին հակառակ բաներ, զինքը ծիծաղելի դարձնելու աստիճան։ Թուրք մամուլին խեղաթիւրումները անջատ յօդուածներու վրայ ճնշելէ զատ, մա՛նաւանդ ազդեցութիւն ունին թերթի մը ընդհանուր ուղղութեան վրայ. Մակեդոնիոյ կամ օսմ[անեան] կայսրութեան ոեւէ մէկ մասին նկատմամբ եւրոպական թերթերու հրատարակութիւնները ծիծաղելիօրէն կʼայլափոխուին թուրք մամուլին մէջ, եւ, զոր օրինակ Լօրտ Լէնստաունի մը յայտարարութիւնները ճիշդ ի հակառակէն մեկնուելով, արձագանգ կը գտնեն հոն։ Դեռ վերջերս պատահած կարգ մը պատմական դէպքերէ օրինակ առնելով բացատրենք այս կէտը։ Դեկտեմբեր 19ին Սեւ Լերան իշխանը, ի ներկայութեան Ազգ[ային] Երեսփ[ոխանական] Ժողովին, Սահմանադրութիւն հռչակեց։ Մենք առիթ ունեցանք կարդալու այս առթիւ Նիքոլա իշխանին խօսած ճառը, զոր հրատարակեց Թայմզ. իշխանը թէեւ քօղարկեալ, այլ շատ դառն ակնարկութիւններ ըրած էր դրացի օսմ[անեան] կառավարութեան մէջ տիրող նենգամտութեան եւ բարբարոսութեան։ Արդ, Պօլսոյ թերթերը ի՞նչ կ՚ուզէիք որ գրէին այս մասին. ահաւասիկ. Սեւ Լեռան իշխանը, դեկտ[եմբեր] 19ին գահաճառ! մը կարդալով դրուատեց օսմ[անեան] կառավարութեան բարեմասնութիւնները…։ Զաւե՛շտ։

Նոյնպէս, Ռուսաստանի ջարդերուն համար կատարուած հրէական հանգանակութեան լուրը տալու առթիւ, Պօլսոյ թերթերը գրեցին թէ «այս տարի Ռուսաստանի մէջ շատ ցուրտ տիրելով եւ ողողումներ? պատահած ըլլալով, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հրեաները հանգանակութիւն կը կատարեն…»։

Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան ուղղութիւնն ալ շեշտած ըլլալու համար առնենք այն շատ պերճախօս օրինակը, զոր Պօլսոյ մամուլը տուաւ վերջերս, երբ Կլատսթօնի նախարար անուանուելուն առթիւ անոր կենսագրականը գրելով, չյիշատակեց անգամ թէ անիկա որդին է Մեծ Կլատսթօնին։ Այլեւս խօսքը չենք ըներ այն ամբողջական խեղաթիւրումներուն, որոնք պաշտօնական զեկոյց կամ ներքին լուր կը կոչուին Տաճկաստանի մէջ։

Ազգային լուրերու բաժնին մէջ ալ խեղաթիւրումները հետզհետէ լայն տեղ մը կը գրաւեն դժբախտաբար. կարգ մը բառերու վտարումէն չգոհանալով, այսօր գրաքննիչը ըստ կամս կը փոփոխէ նաեւ իրողութիւններ եւ ճշմարտութիւններ. մէկ քանի ամիս առաջ Ռոտոսթոյի գաւառական ժողովը պաշտօնանկ ըրած էր մատնիչ վարդապետ մը, Վահրիճը, գաւառին առաջնորդը. եւ սակայն Պօլսահայ մամուլը գրեց թէ Վահրիճ վարդապետ հրաժարած է, որովհետեւ թուրք բռնապետութեան ծառաները չեն կրնար թոյլատրել որ պետի մը պաշտօնանկութիւնը ժողովուրդին ձեռամբ կատարուի։

Այսքան արգելքներու եւ զսպումի ենթարկուած Տաճկահայ Մամուլը, որ ստրկաբար կը հանդուրժէ ամէն նոր քմահաճոյքի, տակաւին զերծ չէ սակայն երեւելի եւ աներեւոյթ փորձանքներէ. յայտնի անուշադրութեան արդիւնք եղող որեւէ սխալ, կամ նոյն իսկ տպագրական վրիպակ կրնայ թերթը դադարման դատապարտել տալ։ Գաղափար մը տալու համար թէ Տաճկաստանի ամենահպատակ հայ թերթերը ի՛նչ յանցանքներու համար կը պատժուին. յիշատակենք հոս մէկ քանի օրինակներ, որոնք պատահած են վերջին մէկ երկու տարուան ընթացքին։ Պօլսոյ Սուրհանդակ օրաթերթը անգամ մը դադարման դատապարտուեցաւ, որովհետեւ օսմ[անեան] Սուլթաններու մեծազօրութիւնը փառաւորող յօդուածի մը մէջ, վեհապետ բառը եղած էր վեճապետ, այսինքն ինչպէս մեկնած են գրաքննութեան լրտեսները կռիւ հանող, անկարգ մարդ, թէպէտ վեճ, ա՛յս ուղղագրութեամբ, գոյութիւն չունի հայերէն բառարանի մէջ։ Նոյն օրաթերթը ուրիշ անգամ մը աւելի ծանր պատիժ կրեց, որովհետեւ աղբերց արիւն անուն ծաղիկի մը վրայ խօսած էր։ Աղբերց արիւնը ակնարկութիւն համարուած էր Սուլթան Համիտի եւ իր եղբօր վիճակին։

Եղբայրական անհաշտութեանց վրայ գրելու այնքան խիստ արգելքներ կան, որ կարելի չէ մինչեւ իսկ Կայէն Աբելի կտակարանական պատմութիւնը կրկնել Մամուլի մէջ։ Մանզումէ թերթը անգամ մը պատժուած է, որովհետեւ յանդգնած էր «Ն. Արքայապատուութիւն» մակդիրը տալ Պուլկարիոյ Իշխանին, Սուլթանի հրամանին տակ գործող այս վալիին, ինչպէս տակաւին  կը կոչուի ան Թուրքիոյ երջանկայիշատակ մայրաքաղաքին մէջ։ Բիւզանդիոն դադարման դատապարտուեցաւ, հայ տառերու անորոշութեան հետեւանքով. անգամ մը «որով միայն կը յաջողին մեր վարդապետները» խօսքը եղած էր սրով միայն կը յաջողին. այս վրիպակը ամէնէն մեծ յանցանքը նկատուած էր գրաքննութեան լրտեսներուն կողմէ։

Բայց կը զգամ որ անկարելի է ծայրը բերել այս անհաւատալի թուող օրինակներուն, որոնք ամէն օր ի յայտ կուգան Տաճկահայ Մամուլին մէջ, երեւակայուած ամէնէն ողբալի, տղայական ու խարդախեալ քաղաքակրթիչ ազդակ մը դարձնելով զայն։ Եզրակացնելու համար խօսքը կուտանք ֆրանսացի գրագիտուհիի մը՝ տիկին Ատանի, որ սա շա՛տ ճշգրիտ ընդհանուր դիտողութիւնը կընէ. Այսօր ապացուցուած է որ Սուլթան Համիտ աւելի ներողամիտ աչքով կը նայի մարդասպանի դանակին, քան թէ հրապարակագրի գրիչին. անիկա փափկօրէն կը վարուի ոճրագործին, հարստահարիչին հետ, իսկ անգութ է դաստիարակող, լուսաւորող գործիչներուն համար։

«Ազատ բեմ», 1906, Յունվար 13, թիւ 39։
«Ազատ բեմ», 1906, Յունվար 18, թիւ 40։