ԿՆՃՌՈՏՆԵՐԸ
Բ.
աստիճանի
լուծման
կարօտ
եղողները
հետեւեալները
կրնան
նկատուիլ.
Պետական
տուրքի
պատրուակով
թանկարժէք
հողեր՝
չնչին
գնով
ծախուած:
Երկրագործական
Պանքային
պարտքի
փոխարէն
թանկարժէք
հողեր՝
չնչին
գնով
ծախուած:
Օրինական
հանգամանքէ
զուրկ
ո՛
եւ
է
թղթով
(կամ
անընդունելի
հին
իլամով,
վկայութիւններով
եւն.
)
Հայոց
դէմ
դատարանէ
արձակուած
աննպաստ
վճիռներով
գրաւուածները:
Շինծու
վկայութիւններով
հագգը
գարարի
իրաւունք
վաստակելով՝
դատարանի
վճիռով
գրաւուածները.
կամ
ի
բացակայութեան
ինթիգալները:
Եօգլամա
մէմուրներու
անկանոն
կալուածագրերը
դատարանով
հաստատուած
եւն.:
Մասնաւոր
առնելիքի
փոխարէն
դատական
վճիռ
ձեռք
բերուած
եւ
գրաւուածները:
Չնչին
գնով
(
1
/
10
-րդ
կամ
1
/
5
-րդ)
սալաֆով
ինթիգալ
եղածները:
Ծանօթ.
Հարկաւ
միշտ
բացառութիւն
կը
կազմեն
այն
գրաւումներ
կամ
ինթիգալներ,
որոնք
երկու
կողմի
հաւանութեամբ
եղած
են,
ու
բռնութիւն,
խարդախութիւն
չէ
գործածուած:
Ուրեմն
կնճռոտութիւններն
ալ՝
որ
գրեթէ
գրաւումներու
կէսին
չափը
կը
կազմեն.
արդարութիւնը
կը
պահանջէ
որ
խղճամիտ
քննութեան
մը
ենթարկուին,
ինչպէս
եւ
գնահատութեան,
պետական
օրէնքներու
համաձայն
կարգադրուելու՝
ի
նկատի
ունենալով
երկու
կողմին
ալ
շահերը:
Երբ
արտ
մը,
որ
100
ոսկի
կʼարժէ,
բռնի
առուծախի
պատրուակին
տակ
տասը
ոսկիով
իւրացուած
է,
ոչ
մէկ
օրէնք
եւ
խիղճ
կը
ներէ
նուիրագործել
այս
առուտուրը:
Գրաւողը
ստանալու
է
կամ
իր
դրամը,
կամ
իր
դրամին
համարժէք
գետին
մը,
թէպէտ
տասնապատիկ
ալ
շահագործեր
է
եւն.
եւն.:
Կամ
երբ
80
ոսկի
արժող
արտ
մը
20
ոսկիով
առնուած
է՝
հողատիրոջ
կամքին
հակառակ
կամ
անոր
բացակայութեան,
նոյնպէս:
Այս
խնդիրը
հայրենիքի
վերքերէն
մէկն
է,
պէտք
է
անպատճառ
իր
բուժումը
ունենայ,
ոչ
միայն
արդարութեան
հարկը
տալու
համար,
այլ
ի
սէր
համերաշխութեան
օսմ.
տարրրելու,
որուն
համար
ամէն
կողմէ՝
ամէն
օր
փափաքներ
կʼարտայայտուին,
փափաքին
պէտք
է
յաջորդեն
համերաշխ
ու
գործնական
միջոցներ: