Հողային հարցը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՂԱՅԻՆ ԶՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՆԱԽՈՐԴ ՇՐՋԱՆԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԴԵՐԸ
Քանի մը ակնարկներ

Բարձրագոյն շրջանակներու մեջ, վերջերս արտայայտուած այն միտքը թէ նախորդ շրջանին՝ 80-70 հազարի չափ Հայերու Կովկաս եւ այլուր գաղթը՝ իբր անվերադարձ տեղափոխութիւն մը նկատուած ըլլալու պատճառով է, որ ժամանակին տեղական իշխանութիւնները, անոնց թողած կալուածներն ու հողերը իսլամ մուհաճիրներու տուած են, արդիւնք է կամ սխալ ըմբռնումի, եւ կամ տեղական իշխանութիւններէ ոմանց, ինչպէս եւ ժողովրդական հողերը գրաւող դասակարգին յերիւրանքին ու դիմումներուն: Տեղական իշխանութեանց հետեւած այդ ընթացքն էր, որ շատ տեղ լռելեայն թելադիր եղաւ ժողովրդային հողերու ուրիշ տարրերէ ալ գրաւումին եւ այժմ ալ՝ վերադարձուելու համար՝ վճռական կարգադրութեան մը յապաղելուն:

Շատ պարզ է որ՝ նախորդ շրջանին՝ պաշտօնական գրավումները վերը յայտնուած մտքով չէին եղած: Այն օրերուն, տեղական դաս մը պաշտօնեաներու նպատակն էր ոչ այնքան լքուած հողերուն մշակումը մուհաճիրներու կամ այլ տարրերու միջոցով, այլ աւելի՝ այդ հողերէն Հայերուն զրկումը: Այդպիսիները բռնակալութեան ծառայութիւն մը մատուցանել կը կարծէին եւ այդ մարմաջէն բռնուած՝ կը հալածէին, իրաւազուրկ կʼընէին Հայերը, խլելով միայն փախստականներու, այդ տակաւին հողին հետ տառապող դասակարգին ալ կալուածները:

Կարելի է ըսել որ շատ հեղ ալ ժողովրդի հողերուն աչք տնկողներուն եւ տեղական իշխանութիւններուն թելադրութիւններով էր որ ձեռք կը բերուէին կամ տեղի կʼունենային բարձրագոյն, այլ ձախող հրահանգներ եւն., որովհետեւ գրաւումներուն մէջ՝ բարձրագոյն շահը չէր որ դեր կը խաղար, այլ յափշտակողներու շահը եւ ստորին պաշտօնեաներու փոքրոգութիւնը…

Լաւ կը յիշեմ որ երբ Մուշի նախորդ կառավարիչներէն Մահմուտ փաշան՝ այնքան եռանդով իր բարեկամ Չէրքեզները նպաստաւորելու ետեւէն էր եւ Վարդենիսցիներէն ստորագրութիւն կը խլէր՝ զանոնք հողազրկելու համար, Բաղէշի վալին՝ Հիւսնի պէյը՝ յատկապէս կը հեռագրէր հրաժարիլ գատիմ էհալիի իրաւունքը բռնաբարելէ: Բայց ո՛վ որին կը լսէր:

Բայց տեղական իշխանութիւնները իրաւունք չունէին

1. Պատրուակեալ մալուլիէթի մը խնդրով ալ Հայերը կամ նման րաեաները զրկելու։

2. Քանի որ Վանի, Պիթլիսի եւ հարեւան վիլայէթներու հայ գեղացիները բերքը վաթան կամ ըստ օրինի նագլխահէ չէին ըլած, այլ թալան-թուլանէ, սուրէ կրակէ փախեր էին, նոյն իսկ շատերը փախուսի ատեն՝ մեռած, զարնուած ու ձերբակալուած էին:

3. Քանի որ անոնց տուներն ու հողերը թափուլու ու վաղեմի սեփականութիւններ էին:

4. Այդ հողերը օրինական ձեւի տակ ոչ մալուլ հռչակուած, ոչ մէզաթի գրուած էին:

5. Անոնք՝ իւրաքանչիւրը իր գեղի սահմանին մէջ գտնուելուն, չէին կրնար ուրիշի տրուիլ. նոյն գիւղի ազգաբնակութեան կը պատկանէին:

6. Թէ մէզաթի ալ դրուէին, ինչ որ չէ եղած, ըստ օրինի գեղացին իրաւունք ունէր առնելու, երբ չուզէր հրաժարիլ իր այս իրաւունքէն:

7. Չէրքէզները կամ Քիւրտերը տեղաւորուած հայ գիղերուն ամենաստուար մասը բնակչութենէն պարպուած չէր, այլ մեծամասնութիւնը միշտ գեղը կը գտնուէր. կը մշակէր, տուրք ու տասանորդը կուտար, եւ եթէ:

8. Գիւղացիներէն մաս մը՝ բռնութիւններու եւ աղքատութեան չդիմանալով՝ փախած էր, սակայն այդ գիւղերը կառավարութեան առջեւ իբր ամբողջ նկատուած, ու խարճ-խարաճը գանձուած էր:

9. Եթէ նոյն իսկ հարկ ըլլար փախստականներու հողերը մալուլ նկատել, հարկ էր թողալ բնիկ, այլ հողազուրկ գեղացիին եւ ոչ թէ մուհաճիրի կամ դրսեցիի: Դեռ աւելին կայ:

10. Բոլոր փախստական Հայերը՝ միահամուռ արտասահման չանցան. անոնցմէ աւելի ստուար մաս մը՝ մօտակայ գաւառներն ու նահանգները ապաստանած էին, օրինակ՝ Կարնոյ եւ Տիարպէքիրի վիլայէթները, աւելի հեռուներ, շատերը նոյն իսկ Քրտերու գեղերը՝ ընտանիքով ծառայութեան մտած էին՝ սպասելով որ չարաբաստիկ հալածանքը դադրի:

11. Անոնցմէ շատ շատերն ալ ամբողջ ընտանիքը չէին առած գեղէն. մէկ մասը կը թողուին իբր պահապան, եւ ի հարկին՝ իբր մշակող հողերուն, իրենց կաշին կը ծախէին տուրքերնին կը վճարէին:

12. Տեղական իշխանութիւնը, մանաւանդ Պիթլիսի վիլայէթին մէջ, շատ լաւ գիտէր որ ժողովուրդը կը փախէր իր տուն տեղէն ո՛չ այնքան Քիւրտերու թալանէն, որ հեղեղի մը պէս կուգար կʼանցնէր, այլ օրուան հարկահաւանքի անվերջ եւ անտանելի թալանէն, իշխանութեան սոսկալի հետապնդումներէն, խուզարկութիւններէն, ձերբակալութիւններէ, եւն. եւն.:

13. Ու մալուլիեթի խօսք չկար այն ատեն, պէտք ալ չկար, քանի որ Տէֆթէրը Խազանիի մէմուրներուն ձեռքով կը խլուէր նաեւ իր տունը տառապող Հայուն ալ հողը: Վարդենիսի 7 փախստական տուներու հողերը 350 արտավար էին, բայց տեղական իշխանութիւնը բնիկներու 2000 օրավարէ աւելի հողերն ալ խլեց:

14. Միեւնոյն ժամանակ՝ թահսիլտարի խարազանը խեղճ գեղացիին կռնակին վրայ գրած, նոյն իսկ խլուած եւ լքուած հողերու տուրքերն ալ (հողային-զինուորական) բնիկներէ կը գանձէր, անորակելի խստութիւններով:

15. Շատ տեղեր ալ տուն ու տեղը եւ հողեր խլելէ յետոյ, կարգ մը բռնակալներ կը փախցնէին տէրերը իրենց գիւղերէն:

Տեղական իշխանութիւնը գիտէր թէ հայ գիւղերու մէջ զետեղված Չէրքէզները կամ բռնի տեղաւորուած դաս մը Քրտերը հանգիստ չպիտի տային, պիտի ճնշէին արդէն ճնշուած տարրը: Թող մտնեն այդ տեսակ գիւղերու մէջ ու պիտի տեսնեն ճշմարտութիւնը…

Երբ այսպէս է իրականութիւնը, այլ եւս մալուլիէթը պատրուակ ընել՝ արհամարհանք է օրէնքին, որ բռնութեան առջեւ՝ միւրուրի գրութիւնը անվիճելիօրէն կը մերժէ:

Բայց խնդիրը միայն տեղական իշխանութիւններուն չմնաց. ինչպէս վերեւ ակնարկած էի՝ չգիտենք թէ ի՛նչ պատճառներէ դրդուած անցեալ գարնան Պետական Խորհուրդը 1325 Օգս. 27ի նախարարական ժողովի որոշումը յանկարծ ձեւափոխեց, մէկ տարուայ մէջ պատահած հողային վէճերուն յատուկ համարելով զայն: Ասկէ զատ, Պետական Խորհուրդը օրինագիծ մը մշակեց հայ փախստականներու հողային խնդրոյն վերաբերմամբ: Այդ օրինագծին մէջ խօսուած է հայրենիքը եւ հպատակութիւնը ձգած հայ փախստականներու մասին, ինչ որ չի շօշափեր մեր բոլոր փախստականներու խնդիրը: Որովհետեւ, Արեւելեան նահանգներէ փախչող Հայերուն ամենաստուար մասը ոչ միայն թէրքը վաթան չէր ըրած, այլ անոնցմէ շատերը, ինչպէս դիտել տուած էի՝ օսմանեան վիլայէթներու մէջ ապաստանած էին, իրենց գոյութիւնը քաշքշելու։ Պետական Խորհուրդը ասոնցմէ ոչ մէկը նկատի առած է, եւ օրինագծին տրամադրութիւններն ալ աննպաստ են իրենց եզրակացութիւններուն մէջ: Առանց կանոնական ձեւակերպութիւններու արտասահման անցնողները միայն Հայեր չեն սակայն: Օսմանցի ուրիշ տարրեր ալ նոյն ձեւով դուրս գացած էին, եթէ վերջինները բանւորութեան կʼերթային, խեղճ հայ գիւղացին ալ իր բազմաչարչար կեանքը ազատելու կʼերթար. եւ սակայն մալուլիէթի գրութիւնը միայն անոր յատուկ եղաւ:

 

Մուշի Մկրագոմցի Աղաճանը Կարս կը պանդխտի, իր տղան՝ Մկրէն եւ ընտանիքը տունը կը մնան, կը վարեն հողերը, կը վճարեն տուրքերը: Տարիներ կʼանցնեն, Աղաճան կը մեռնի Կարս եւ ահա օր մըն ալ՝ իր թափուլը հողերը՝ իբրեւ մալուլ Ֆարիս աղային կը տրուին, եւ որդին Մկրէն ի զուր գլուխը քարին պատին կը զարնէ, թէ ինքը ողջ է, չէ պանդխտած իսկ. բայց ո՞վ կը լսէ… Այս ո՞ր տեսակ օրէնքներէն է, եւ միայն Մկրէի՞ն յատուկ…

Կարծուեր է եղեր որ փախստականները չպիտի վերադառնան եւ ատոր համար անոնց հողերը գրաւեր էին: Հիմայ սակայն կարծիք չկայ, այլ իրականութիւն կայ: Ներսը թէ դուրսը փախչողները ահա վերադարձած են, ու կը վերադառնան՝ հողին հետ աշխատելու, հայրենիքը եւ պետութիւնը արդիւնաւորելու:

Տրուած խոստումները նկատի առնելով՝ իրաւունք ունինք յուսալու, թէ սահմանադրական Թուրքիոյ բարձրագոյն իշխանութիւնները չպիտի վարանին արդարութիւնը գործադրել, նկատի ունենալով երկու կողմին ալ շահերը եւ իրաւունքները:

Ժողովրդին պահանջը՝ օրէնքի պահանջնի է.   Իրաւունք եւ արդարութիւն։

Արդարութիւնը   չի հեռացներ օսմանցի ցեղերը, այլ ա՛լ աւելի իրարու կը մօտեցնէ: