Հողային հարցը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՊՕՐԷՆ ՀԱՐԿԱՀԱՆՈՒԹԻԻՆ ԽԱՖԻՐՈՒԹՒԻՆԸ

Խաֆիրութեան անուան տակ, բռնապետական տուրք մըն է, զոր պիտի մատնանշենք, քանի որ հիմա մանաւանդ կապ ունի անիկա ծանօթ հողային դատին հետ: Խաֆիրութիւնը ստեղծեր են լեռնաբնակ Քիւրտ աղաներ՝ ժամանակներու ընթացքին մէջ, րայեա հայերը մշտնջենապէս իրենց հարկատու պահելու համար: Խաֆիրառու աղաներու ազդեցութեան շրջանակը թէեւ հիմա նեղցած է ու առաջուան պէս ընդարձակ ծաւալ չունի, բայց կը շարունակուի ան, ու յատուկ է՝ Սասունի արեւելեան բաժնին՝ Փսանքի, ինչպէս եւ Խարզան, Հազզօ, Կուցգետ, Խութ-Բռնաշէն, Մօտկան եւլն. գաւառակներու ու թեթեւապէս Խուրիի-Խիանի կողմերը, երբեմն Շատախ եւ այլն:

Խաֆիրառուն տէր կը նկատէ զինքը րայեա հային տան, ստացուածքներուն եւայլն: Այս տուրքը կը պահանջուի Հայերու հասոյթներէն, կենդանիներէն եւայլն:

Տուրքին քանակը րայեաին կարողութեան վրայ է: Միջակ կարողութեան տէր մէկէ մը, խաֆիրառուն կրնայ խլել տարեկան՝ 7 կոտ հացահատիկ (իբր 60 ղրշ. ), 8 նուկի բուրդ՝ 30 ղրշ., 1 լիտր իւղ՝ 40 ղրշ., ½ լիտր մեղր՝ 15 ղրշ., 2 ոչխար՝ 70 ղրշ., 1 զոյգ գուլպայ եւայլն, տարեկան իբր 300 ղրշ. ասիկա նուազագոյն չափ մըն է, որ կրնայ աւելի աճիլ, տեղին եւ կարողութեան համեմատ, ինչպէս պիտի տեսնուի:

Սահմանադրութիւնը հռչակելով՝ ջնջուած հռչակուեցան այս տեսակ ապօրինութիւններ, քանի որ պետութիւնը իր պաշտպանութեան տակ կʼառնէր բոլոր Օսմանցիները: Սահմանադրութեան հրատարակումէն միջոց մը անցնելէ ետքը՝ անակնկալ մʼէր երբ նոյն տեղերէ գանգատներ սկսան գալ թէ այս եւ այն տեղեր՝ սկսուած է նորէն խաֆիրութեան տուրքի բռնի գանձումին: Բողոքները ներկայացուեցան Բ. Դրանը ու հրամանները կրկնուեցան արգիլող այս անկանոնութեան, սակայն ցաւալի է որ տեղական իշխանութիւնները առանց քննելու, խաֆիրառուներու խօսքին վրայ՝ ելան պատասխանեցին թէ՝ առնուածը հողային իճարէ է: Խնդիրը նոյն իսկ Փարլամենթի մէջ ալ արձագանգ գտաւ եւ ջնջումը Փարլամենթի մէջ ալ արձագանգ գտաւ ու ջնջումը յայտարարուեցաւ: Բայց մեր բարեկամ խաֆիրառուները չի դադրեցան ու շարունակեցին բողոքի տեղի տալ: Հերու` Մատին Առաքելոց Տ. Ստեփան վարդապետ հեռագրեց թէ` Քիւրտ Տօկուշին ծառաներ Փիրշէնքի Հայէրե խլած են 120 քիլէ կլկըլ, Կինճոյի Ազիզը եւ պարագաները Փսանքէն` 148, Դժպատրիկէն եւ Քապիլճողէն` 320 քիլէ կլկըլ տարած են իբր խաֆիրութիւն:

Փսանաց գաւառէն` Մշոյ Առաջնորդարանի միջոցաւ բողոքեցին նաեւ թէ` Կինճոյի Ազիզը, ազգականներէն Խալիլ, Մէհմէտ, Ահմէտ եւ Ալի, Հարկամոլի Մուսէ խլած են Նորգեղցի Տօնէ, Մելքոն, Տիգրան, Մուրատ, Գէորգ եւն. Հայերէ 12 մէճիտ, 3 ոչխար, 68 քիլէ կլկըլ: Կինճօյի Ազիզը` Նոր գեղցի Խաչօյի քրոջ ամուսնութեան առթիւ 10 մէճիտ, Քապիլճողցի Խոլին Արթինի աղջկանց ամուսնութեան համար` 4 մէճիտ. Պրահիմէ Սլէ` Հարկորցի Հայու մը կինը տուած էր Շավէշ անուն Հայու մը 400 ղրշ. առնելով եւն. :

Խաֆիրառուն կրնայ իր այս տիրապետութեան իրաւունքը ծախել ուրիշի: Խաֆիրառուն տուրք կʼառնէ նաեւ երբ հայուն տղան, մանաւանդ աղջիկը ամուսնանան: Կարողութեան համաձայն` 40-60-100 ղրշ. եւ այլն:

Խաֆիրութիւնը կը տարածուէր առաջ մինչեւ Մշոյ դաշտի հարաւակողմի լեռնաբազուկներու վրայ ալ, օրինակ` Առաքելոց վանքը` Բաղրանցիներուն կուտար ատենին խաֆիրութիւն, նոյն ատենները` լեռներէն դաշտ եկած հաստատուած Հայերէ իսկ, խաֆիրառուներ եկեր ու հարկը պահանջեր են եւլն. եւլն.:

Պետք է ըսել նաեւ, որ հին ատեն` խաֆիառու աղաներէն շատերը` «իրենց» Հայերը կը պաշտպանէին ուրիշ աշիրէթներու ոտնձգութիւններէն: Բայց նախորդ շրջանը դրացիական այս տեսակ վերաբերումներն ալ խանգարեց:

Խաֆիրառու ցեղերէն ծանօթ են` Պալաքցիները (որոնք արաբերէն ու հայերէն կը խօսին, ու կʼաւանդուի թէ իսլամացած հայ ընտանիքի մը սերունդն են. մօտաւորապէս 2000 հրացանակիրներ) Մօտկանցիներ, Խարզանցիներ, Ճէլալցիներ, Մուսեանցիներ, Բագրանցիներ, Ռըշքօթանցիներ եւն.:

Վերջերս հասած տեղեկութիւններնէ կʼիմանանք թէ` Սասնցի Քիւրտերէն` Լորտնձորի Ամարի Սլօ, Ռշնիկի Հասանօյի Մամէ, Իսկօ Սէլիմ, Դալրձորի Ալըքօյի Իւսուֆ, Հորազբիի Ուսրի Խուլի, Կուճօյի Ըռըզկօ, Սատու, Պարխօ Ալի, Շաքիր եւն. Քրտերը Սասնոյ Արծուիկ, Խուճարինք եւ Կորդեր անուն հայ գիւղացիներէ խաֆիրութեան տուրքեր են խլել իբր 48 քիլէ կլկըլ, 8 1 / 2 լիտր իւղ, 24 ոչխար եւ 9 կտոր շալվար, ապա, գուլպա եւն. կը յուսանք սակայն` որ բարձրագոյն յանձնարարութիւնները պիտի կրկնուի եւ Պիթլիսի նոր կուսակալը իր լուրջ ուշադրութեան առարկայ պիտի ընէ քար-քռաներու մէջ տանջուող ժողովրդին արդարացի բողոքը, վերջ մը տալու այս դժպհի ապօրինութեան:

Ահա, ինչպէս կը տեսնուի հայ հողագործութիւնը ո՛չ եւս էր իր արդիւնաբեր դերին մէջ, այլ իր քայքայումին ու փճացման ճգնաժամին: Ու երբ այսպէս իր գոյութիւնը վտանգի տակ էր, արեւ ու խաղաղ աշխատանք չունէր, միթէ կրնա՞ր մտածել ու պահել արտ ու ափը: Ստիպուած էր սարէ սար, ձորէ ձոր իյնալ, իր եւ զաւկըներուն գլուխը ազատելու, եթէ հնար էր սակայն. հետեւաբար` կը լքէր կը թողուր իր հինաւուրց ժառանգութիւնը` հողն ու տունը, ուր սակայն իր բազմավաստակ պապերը, մաճկալն ու հոտաղը` իրենց կողերը կոտրեր էին, արցունքը ցաներ եւ արնէ քրտինքով շաղեր էին. ուր կը հանգչէին իրենց շատ քաղցրիկ յիշատաներ…:

Եվ եթէ բոլոր նահանգներու մէջ ամէնէն աւելի թալանուածը ու զրկուածը Պիթլիսի-Մուշի նահանգն էր. պատճառը ա՛յն է որ հոն հալածանքի պայքարը շատ երկար եւ շատ անողոք եղաւ ու քայքայումը աւելի ահռելի:

1894-95ի եւ յաջորդող տարիներու արիւնալից դէպքերէ զատ` 1904ին` Սասունը կրկին ջարդի եւ աւերութեան թատր, Մշոյ դաշտը յարձակումներու, աւարառութեանց ենթակայ ու արիւնլուայ էին: Ֆէտայիներու դէմ մղուած հալածանքի ու գիւղերու թալանին ատեն 1894-1908 անընդհատ շարունակեց ահեղ քայքայումը տուներու, շէնքերու, գիւղերու եւ գաւառներու, նոյնպէս սպաննութիւններ, կեղեքումներ, խոշտանգումներ. ու կʼիյնային մարդեր, կիներ, ծերեր, մանուկներ, վարդապետն ու տէրտէրը, գեղապետն ու գզիրը, դժնդակ դէպքերը իրարու վրայ հեծած էին եւ իւրաքանչիւր դէպք իր աւերն ու զոհն ունէր, օրինակ` Մշոյ Առվառինջէն` 130 զոհ, Սպաղանքէն (Սասուն)՝ 40-50, Ձխավուէն` իբր 35, Դերքէվանքէն` 18, Ղարցէն` 15, Խէյպեանէն` 10, Մասնիկէն` 17, Յունանէն 12, այսպէս Բերդակէն, Առազէն, Արգավանքէն, Գոմերէն եւ այլն իբր` 5-600 հոգիներ: Իսկ բանտերու մէջ միշտ կը հեծէին 3-400 հոգիներ, եթէ ոմանք ելլէին` ուրիշները կը յաջորդէին թալլուած, թապթպուած, իսկ շատերուն ալ դիակները դուրս կուգային… միայն 1904-1905 թուին 80է աւելի բանտարկեալներ մեռան Մուշի բանտը, 1905-6ին Մուշի, Բաղեշի, Պուլանըգի, Կինճի եւայլն բանտերը լեցուն էին թշուառ ու տանջուող դատապարտեալներով :