ՄԻՐԻՊԱՅՈՒԹԻՒՆ
ԿԱՄ
ՄԱՐԱՊԱ
Հայ
գեղեցին
այս
դրութիւնը
կʼանուանէ՝
կիսրար
լուծք։
Մարապայութիւնը
լուծկի
վրայ
դրամ
փոխ
տալու
գրութիւնն
է։
Դրամ
տուող
եւ
առնողը
միանգամայնը
Միրիպա
կը
կոչուին։
Օրինակ.
10-20-40
ոսկի
եւ
սերմցու
հացահատիկը
մէկ
տարի
պայմանով
(այս
պայմանը
կրնայ
երկար
տարիներ
ալ
տեւել)
դրամատէրը
կուտայ
հողագործին
եւ
անոր
ցանքին
տարեկան
արդիւնքը
կը
կիսէ։
Դրամատիրոջ
հացահատիկները
գեղացին
պիտի
փոխադրէ
անոր
տունը,
երբ
պէտք
տեսնէ,
կալի
ատեն
անոր
ուտեստը
եւլն.
պիտի
հոգայ։
Պայմանաժամը
լրանալուն,
եթէ
ուզէ՝
դրամը
ետ
կը
պահանջէ։
Եթէ
չունենայ՝
լուծքը
կը
գրաւուի,
եւ
եթէ
լուծքը
փճացած
կամ
անբաւական
են,
հողերը
կը
գրաւուին։
Նախապէս
պարզ
մուրհակով
կը
գոհանային,
հիմա
դրամատէրները
ընդհանրապէս
հողագործին
հողերը
կանոնաւոր
գրաւի
տակ
դնելէ
յետոյ
միայն
կը
հաւանին
դրամ
տալ:
Հարիւր
ոսկի
արժող
հողերը
20-30-40
ոսկիով
կարելի
է
գրավ
դնել,
եւ
չքաւոր
հողագործը
ստիպուած
է
այնպէս
ընել,
որովհետեւ
ուրիշ
տեղէ
չի
կրնար
դրամ
գտնել,
որովհետեւ
Երկրագործական
Պանքան
ա՛յնքան
նուազ
գնահատում
կʼընէ
հողերուն,
որ
խեղճ
գեղացին
չի
կրնար
անով
վերցնել
իր
պարտքը
եւ
կազմել
իր
քայքայուած
լուծքը,
բաց
աստի,
չէ՞
որ
Պանքան
ալ՝
պայմանաժամը
աւարտելուն՝
կը
չոգի
մշակին
սրտին
եւ
կը
գրաւէ
հողերը:
Միրիպայութիւնով՝
շատ
մը
արտեր,
չայիրներ
եւ
այլն
գրաւուած
են: