Հողային հարցը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂԱՄ ՏԷՐ-ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ,
ՉԱՐՍԱՆՃԱԳԻ ՀՈՂԱՅԻՆ ՀԱՐՑԻՆ ՀԱՄԱՐ [1]

ՇԱՏ ԿԱՐԵԻՈՐ ՎԱԻԵՐԱԳԻՐ ՄԸ  (Թարգմանութիւն թուրքերէն բնագրէն)

Զարսանճագի գաւառակը բնակող Հայերու եւ գիւղ աղաներուն միջեւ 50 տարիէի վեր քաշկռտուղ հողային վէճին լուծման եւ քննութեան համար՝ ասկէ 38 տարի առաջ նշանակուած եւ ղրկուած յատուկ Յանձնաժողովին տեղական քննութիւններէն ետք, Պետական Խորհուրդի պատրաստած տեղեկագիրը, վաւերացուած կայսերական Իրատէով:

Ասկէ երեք տարի առաջ, Երզնկայի գաւառին Զարսանճագ գաւառակին մէջ բնակող հայերը, թէ՛ ուղղակի եւ թէ՛ Հայոց Պատրիարքարանի միջոցով հանրագրութիւններ տուած էին Բ[արձրագոյն] Դրան, բողոքելով իսլամ բնակչութեան պատկանող կարգ մը աղաներու դէմ: Այս հանրագրութիւները այն ատեն նկատի առնուեցան Նախարարական Խորհուրդին կողմէ: Եղած բողոքները կը պատկանէին զուտ անհատական իրաւունքի վերաբերեալ դատերու. անոնց մէջ կային պատժական դատարաններու վերաբերող խնդիրներ ալ, ու թէեւ ատեն մը բողոքի տեղի տուող պատճառներուն քննութիւնը յանձւած էր Երզնկայի պատկանող Էրզրումի կուսակալութեան ու անոր կողմէ ձեռնարկուած էր հարկ եղածը գործադրելու, բայց որովհետեւ կառավարութեան հասած զանազան տեղեկութիւնները կը հաստատէին թէ Զարսանճագի աղաները կարող են իրենց տեղին մէջ ազդեցութիւն բանեցնել եւ ամէն բան ընել բնակչութեան, կարելի չէր աննշմար թողուլ այդ բողոքները։ Ուստի, բնակչութեան պէտքերը մասնաւոր կերպով քննելու անհրաժեշտութեան առջեւ, կայսերական իրատէով Բ[արձրագոյն] Դրան կողմէ Չարսանճագ ղրկուեցան գնդապետ Շահին պէյ եւ իբր Պատրիարքարանի ներկայացուցիչ՝ Սարգիս Էֆ. (այժմ Պետական Խորհուրդի օգնական) որոնց ուղեկից նշանակուեցաւ Ոստիկանութեան Դուռնէն հարցաքննիչ մը, իրենց յանձնուելով յատուկ հրահանգաներ:

Այս պաշտօնեաները կուսակալութեան կեդրոնին կողմէ նշանակուած Տէֆթէրհանէի տեսչին հետ կազմեցին յանձնաժողով մը, եւ պէտք եղած քննութիւնները աւարտելով՝ անցեալ տարուան վերջերը վերադարձան Պօլիս:

Իրենց կողմէ Բ[արձրագոյն] Դրան ներկայացուած ծրագիրն ու հարցաքննութեան թուղթերը կարդացուեցան Նախարարաց Խորհուրդին մէջ, քննուեցաւ ատոնցմէ մէկ մասը նեւ որոշումներ տրուեցան, որոնց մասին գործողութիւններու կատարումը յետաձգուեցաւ մինչեւ որ պատժական դատարաններու մէջ պատժական օրինագիրքին համաձայն վճռուելիք կարգ մը դատերու քննութիւնը աւարտի:

Այս միջոցին կազմուեցան Պետական Խորհուդը եւ Դատական Բարձրագոյն Ատեանը, եւ կատարուած քննութիւններուն պատժական դատարաններու վերաբերող խնդիրներու թուղթերը յանձնուեցան Դատական Բարձրագոյն Ատեանին, իսկ վարչական բնոյթ ունեցող խնդիրներու թուղթերը՝ Պետական Խորհուրդի քաղաքական ճիւղին:

Թողլով, որ Դատական Բարձրագոյն Ատեանը պէտք եղածը գործադրէ իրեն յանձնուած խնդիրներու մասին, մենք յետագայ տողերուն մէջ կը պարզենք խնդրին Պետական Խորհուրդին վերաբերող մասին շուրջ կատարուած խորհրդակցութիւնները:

Վերոյիշեալ քննութիւններու այն մասը որ պատժական դատարաններու չի վերաբերիր, բաժնուած է չորս կէտերու.

ա) Չարսանճագի աղաներուն կողմէ ժողովուրդէն պահաջուած կալուածներու վարձքերն ու տուրքին հաշուէն աղաներու ունեցած պարտքերը գանձել կամ ոչ: Չարսանճագի մէջ չորս գումարտակ զինուոր պահել ու զօրանոց մը շինել:

բ) Ժողովուրդին բնակած տուներու յարակից մասերուն վրայ (այգի, պարտէզ եւ այլն) աղաներու կողմէ եղած սեփականատիրութեան պահանջումները:

գ) Չարսանճագի վարչութիւնը Երզնկայէն բաժնելով Տիարպէքիրի կուսակալութեան կապել, ենթարկելով Խարբերդի գաւառին:

Խորհուրդս՝ նկատի ունենալով այս առթիւ 1274 Րէճէպի մէջ Նախարարաց Խորհուրդի մէկ որոշման վրայ հրատարակուած կայսերական իրատէն, յարմար դատեց անմիջապէս գործադրել այս որոշման մէջ եղած յետագայ կարգադրութիւնները. Կալուածներու վարձքերը չգանձել այսուհետեւ. աղաներու տուրքի հաշուէն   ունեցած պարտքերը ներել, խնդրուած զինուորները ղրկել եւ զօրանոցին շինութիւնը կատարել, անոր տեղը որոշելու գործը ձգելով Դ. զօրաբանակի հրամանատարութեան:

Կատարուած քննութիւնները ցոյց կուտան թէ Չարսանճագի ժողովուրդին բնակած տուներուն հողերը աղաներուն սեփականութիւնը չեն, ու թէեւ ժողովուրդինն ալ չեն, սակայն այդ տուները շինուած եւ պարտէզներու եւ այգիներու ծառերը տնկուած են ժողովուրդին ձեռքով, ուստի արդարութեան հակառակ են աղաներու կողմէ տուներու, պարտէզներու եւ այգիներու վրայ կատարուած ոտնձգութիւնները եւ անոնց մէջ բնակող ժողովուրդին հասցուած նեղութիւնները: Քանի որ տուներու հիմակուան տէրերը իրենց մեծ հայրերէն ժառանգած են զանոնք, ուժգնապէս պէտք է արգիլել աղաներուն ոտնձգութիւնը եւ յիշեալ տուները, պարտէզներն ու այգիները պէտք է թողուլ հիմա անոնց մէջ բնակող ժողովուրդին ձեռք: Ասկէ զատ, Չարսանճագ գաւառակին Բերրի գիւղախումբին մէջ գտնուող 93 խանութին 32ը յիշեալ գիւղախումբին մզկիթին վագֆ եղած են, իսկ մնացեալները ժողովուրդին սեփականութիւնն են. ուստի արդար գտնելով այս խանութներուն վրայ աղաներու ոտնձգութիւնները արգիլելու մասին տեղին վրայ արուած որոշումը, պէտք է գործադրել զայն եւ կալուածները ձգել հիմակուան տէրերուն ձեռքը եւ պէտք եղածը ծանուցանել Չարսանճագ, որպէս զի Շէրիի դատարանին կողմէ սեփականութեան վաւերաթուղթեր տրուին:

Գալով հողային սեփականութեան խնդրին, Չարսանճագի հողերուն մէկ մասը աղաներու սեփականութեան տակ գտնուած է հին ու նոր օրինաւոր մուրհակներով եւ մէկ մասը «հաաը գալար»ով։ Ուստի ըստ օրինի կարելի չէ բան մը ըսել այս հողերուն սեփականութեան մասին։ Սակայն Չարսանճագի ժողովուրդը անկախաբար հողի մը սեփականատէրը չէ եւ Չարսանճագի մէջ ո՛չ ոք իր հաշւոյն կրնայ հողագործութիւն ընել, այլ հողերու սեփականութիւնը միայն աղաներու յատուկ եղած է։ Այս վիճակը ժողովուրդին յառաջդիմութեան, բարեկեցութեան ու հարստութեան արգելք է, ուսին եղած գանգատները արժանի են նկատառման։ Մեր արդարասէր Կայսեր շնորհիւ, ժողովուրդին օրինաւոր իրաւունքները յարգելով մէկտեղ՝ երկրինհարստութեան արգելք եղող ամէն տեսակ վարմունքներ պէտք է վերցուին։ Արդ, աղաներուն օրինական իրաւունքները պէտք է պահպանուին, սակայն ժողովուրդն ալ պէտք է կարենայ սեփականատիրութեան իրաւունքին արժանանալ եւ իր կարօտութիւնն ու պէտքը գոհացնել։ Այս առթիւ կատարուած քննութիւններու վրայ Սարգիս էֆ. կը յայտարարէ թէ՝ Չարսանճագի գաւառակին մէջ բացի այն հողերէն, որոնք աղաներու սեփականութիւնն են օրինաւոր մուրհակներով, կան նաեւ բազմաթիւ անմշակ հողեր։ որոնք սակայն եթէ աճուրդի հանուին, աղաները իրենց հարստութեան ու ազդեցութեան շնորհիւ՝ կրկին տէր պիտի դառնան անոնց, ինչ որ բուն նպատակը պիտի վտանգէ։ Այս անտեղութեան առաջքը առնելու համար՝ տեղական կառավարութիւնը պէտք է այդ հողերը արդարութեամբ եւ առանց խտրութեան Չարսանճագի իսլամ եւ քրիստոնեայ բնակիչներուն մէջ բաժնէ. «թափու»ի մուրհակներն ալ ձրի կերպով պէտք է տայ։

Չարսանճագ գաւառակը մօտ ըլլալով Խարբերդի գաւառին, աւելի յարմար է  որ յիշեալ գաւառակը այդ գաւառին կցուի, ուստի 1385 թուականէն սկսեալ՝ յիշեալ գաւառակը Էրզրումի կուսակալութենէն զատուելով՝ պէտք է կցուի Տիարպէքիրի Խարբերդ գաւառակին։ Չարսանճագ գաւառակին կեդրոնը, որ Բերդակ գիւղն է, գաւառակին եզերքը կը գտնուի եւ իրեն կցուած գիւղերէն հեռու տեղ մըն է, մինչդեռ Բերրի գիւղը գաւառակին ամէն կողմին հետ յարաբերութիւններ եւ կարեւոր դիրք ունի, ուստի գաւառակին կեդրոնը պէտք է յիշեալ գիւղին մէջ հաստատուի. ինչ որ կատարուած քննութիւններու արդիւնքին համաձայն է։ Տիարպէքիրի կուսակալութեան պէտք է հրահանգ տրուի, որպէս զի հոգ տարուի յիշեալ գաւառակին անդորրութեան ու ապահովութեան, ժողովուրդին ամէն կերպ պէտքերուն, աղաներու կողմէ նոյն իսկ ամենայետին անհատի մը դէմ բռնութիւն չկատարելով՝ հայրենակցական իրաւունքին յարգուելուն եւ պէտք է կայսերական բանակին հետ խորհրդակցաբար՝ զօրանոցին շինութիւնը գլուխ հանուի։ Նոյնպէս Էրզրումի կուսակալութեան պէտք է ծանուցուի թէ յիշեալ գաւառակը իրմէ անջատուած է։ Կալուածահամարի եւ պետական գանձին վերաբերող խնդիրներուն կարգադրութեան համար ելեւմտական նախարարութեան եւ կալուածահամարի վարչութեան, զինուորներու առաքումին եւ զօրանոցի շինութեան մասին ալ տեղեկութիւն պէտք է տալ սպարապետութեան, որպէս զի պէտք եղածը գործադրուի։



[1]            Ինչպէս կը յիշուի, Չարսանճագի պէկերը իրենց դարաւոր իրաւունքներուն կառչած, հեռագիր հեռագրի վրայ կը հասցնեն Պոլսոյ թերթերուն, եւ կը ճգնեն հերքել տեղացի Հայերուն բողոքները հողերու գրաւման մասին։ Այս առթիւ կատարուած հետազօտութիւններու շնորհիւ, Պատրիարքարանի դիւանատունէն գտնուած է ներկայ շատ կարեւոր վաւերագիրը, որով կը հաստատուի տեղացի Հայերուն իրաւատիրութիւնը։