ՍԻՄ
―
ԼԵՌՆԱՇՂԹԱՅԻ
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ
ՄԱՍԸ
Խութ
―
Բռնաշէնի
―
Մօտկանի
գաւառները։
Այս
լեռնագաւառներուն
մէջ
աշիրէթական
կամայականութիւնը
անտանելի
աստիճանին
հասած
էր,
ո՛չ
միայն
Հայերը,
րայեաները
այլ
նոյն
իսկ
անուանի
Վէյսելգրանի
Շէյխը
սրտացաւ
գանգատներ
կʼընէ
ի
մէջ
այլոց
եւ
Մոտկանցի
աշիրէթին
դէմ
ցոյց
տալով
զանոնք
իբր
անտաննելի
փորձանքներ
խաղաղ
աշխատանքի
եւ
զարգացման։
Մօտկանի―Խութ―Բռնաշէնի
մէջ
ոճիրներն
թալանը
եւ
յափշտակութիւնները
սովորական
վիճակ
մըն
են.
ահա
քանի
մը
օրինակներ։
1904
Սեպտ.
14ին
Ճեմ
գիւղացի
Շաքօ
պին
Ալօ
Պալաքլը
քիւրտը
սպաննեց
Թաղավանից
գիւղապետ
Պ.
Ստեփանը,
անկէ
շաբաթ
մը
առաջ
սպաննած
էր
դաշտի
գեղերէն
Սմբատը
եւ
Հլղաթը,
քանի
մը
օր
վերջ
Միրզրք
պին
Էօմէր
առեւանգեց
Ստեփանի
եղբօր
կինը,
Մերխան
պին
Շառօ
առեւանգեց
խաղալ
Վարդանեանը
եւ
5
ոսկի
խալան
առնելովֆ
տուաւ
քիւրտ
Վազերին։
Թաղավանքը
որ
30
հայ
տունէ
աւելի
էր՝
հազիւ
10
տուն
մնացած
էր,
փախստականներու
ունեցածները
գրաւուած
էին
Պալաքլը
Նասըրի
տան
Կիւրճօյէ
եւ
ուրիշ
քրտերէ։
904
Հոկտեմբերին
Թաղվնձորի
Քրտեր
Շէն
գիւղի
Հայերու
185
ոչխարները
թալան
կը
տանին,
1905
Ապրիլ
12
Պալաքլը
Իսկեան
եւ
Ամար
Շամիանլը
հրապարակաւ
եւ
կտտամահ
սպաննեն
Թաղվնձորցի
Սաֆար
եւ
Յակոբ
եղբայրները՝
Յունիս
5ին
Մօտկանլը
Հաճի
Մուսէ
եւ
Պափիր
եւն.
Թաղավանից
200
ոչխարները
կը
տանին,
Յուլիս
3ին
Ըլքան
պին
Միրօ՝
իր
տան
մէջ
գնդակահար
կը
սպաննէ
Լորանձորի
Ապրահամ
քահանան,
որ
գնացեր
էր
գութ
հայցելու…։
Ո՛չ
միայն
քահանայ
ու
գիւղապետ,
այլ
Խութ
Բռնաշէնի
հոգեւոր
Առաջնորդներն
ալ՝
օր
ցորեկով
կտտամահ
սպաննուեցան
Պալաքլը,
Սասունլը
ըսուած
Քիրտերէ։
Ասոնցմէ
քանիները՝
1896ին
Ս.
Աղբերիկ
խուժեցին
ու
վանքին
մէջ
յոշոտեցին
վանահայր
Տէր
Ղազար
վարդապետը,
ու
1906ին
վանահայր
Զաքարիա
վարդապետը,
որոնք
յանդգներ
էին
մերժել
խաֆիրութեան
տուրքը
ու
պահանջեր
էին
վանքէն
եւ
ժողովրդէն
խլուած
հողերու
վերադարձը…
Դեռ
շատ
կան
այս
տեսակ
արիւնոտ
ու
արդրարյոյզ
դրուագներ
լեռնականի
խաֆիր
ու
տանջուած
կեանքէ
ու
մոռցուած
անկիւններէ
զորոնք
զանց
կառնենք։
Կարնո
Խնուսի
Գարաքէօփրի
գիւղ.
―
Շրջակայ
աշիրէթներէ,
ինչպէս
եւ
Զըռըքցիներէ,
Չէրքէզներէ,
Սիպկանցիներէ
եղած
կողոպուտը՝
գեղացւոց
տեղեկագրին
համաձայն՝
95-1908
թալան
տարուած՝
ոչխարներ
1185
»
»
»
»
եզներ-կովեր
172
»
»
»
»
գոմէշներ-ձիեր
73
»
»
»
»
հացահատիկներ.
7-800
կոտ
13
տարուայ
ընթացքին
մէջ
կողոպտուած
գոյքերու
արժէքը
կը
հասնի
20,
000
ղրշ.
ի,
95ին
գեղը
կողոպտուած
եւ
տարուած
թալանին
արժէքը՝
իբր
58,
000
ղրշ.
ի.
գրաւուած
են
մարագներ,
ախոռներ,
եւ
23
ընդարձակ
արտեր
ու
չայիրներ։
1900ին
ձիաւոր
աշայիրներու
խումբ
մը
3-400
հոգի
ամբողջ
շաբաթ
մը
գիւղին
մէջ
կʼանցունեն՝
իրենց
ու
ձիերու
բոլոր
ծախքը
գեղէն
խլելով
եւն.
եւն.
։
Տիարպէքիր
Սիլվանի
Հելին
գիւղը։
1895ին
գեղը
յարձակումի
կʼենթարկուի
եւ
կը
թալլուի,
Հայերէն
մաս
մը
կը
սպաննուին,
մնացածները
կը
սպաննուին,
մնացածները
կը
ցրուին,
1896ին
ցրուողները
նորէն
կը
հաւաքուին,
բայց
Բագրանլը
Ռըշգօթանլը
քուրտեր
դուլ
դադար
չեն
տար,
Աստուծոյ
օր,
խուժել,
յարձակիլ,
սպառնալ։
Գեղացիք
կը
յուսահատին
ու
կʼստիպուին
դիմել
Սատուն
աղային՝
որ
աչք
ունէր
գեղին
հողերուն,
նա
կʼառաջարկէ
զինքը
գեղին
աղա
ընդունիլ,
խոստանալով
պաշտպանել
զիրենք։
Եւ
այնպէս
ալ
կʼըլլայ։
Կʼըլլայ
թէ
չէ,
Սատուն
աղա
ալ
կըսկսի
իր
հետապնդած
հողային
առուտուրին…
այսպէս…
―
Խաչօ
Ուսէեանի-թափուլի
125
օրավար
հողերը
կը
խլէ
առանց
փոխարինութեան։
Ձարէ
Ռաշօյեանի
թափուլի
240
օրավար
հողերը
22
մէճիտիէի
փոխարէն։
Արթին
Քէշիշեանի
թափուլ
480
օրավար
հողերը
30
մէճիտիէի
փոխարէն։
Լատօ
Մանէի
թափուլի
320
օրավար
հողերը
կը
խլէ
21
մէճիտիյէի
փոխարէն։
Հայրապետ
Միլէեան
թափուլի
160
օրավար
հողերը
կը
խլէ
9
մէճիտիէի
փոխարէն։
Մուրատ
Կուլանեանի
թափուլի
200
օրավար
հողերը
կը
խլէ
18
մէճիտիէի
փոխարէն։
Մ.
Ատօյի
թափուլի
320
օրավար
հողերը
ձրի.
եւ
այլն
եւ
այլն։
Տեղեկագրին
համաձայն
ընդ
ամէն
իբր
4000
օրավար։