Հողային հարցը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐՏԵՐԸ ԵԻ ԻՐԵՆՑ ԴԱՍԱԿԱՐԳԵՐԸ
ԹՈՌՈՒՆ ԵՒ ՐԱԵԱ

Գիտենք թէ Քիւրտերը հին ցեղ մըն են, ու հին դարերէն ծանօթ՝ իբր վրանաբնակ եւ ասպատակողներ: Այսօր ալ գիր-գրականութիւն չունին, սակայն պահած են իրենց լեզուն, աւանդութիւննները եւ սովորութիւնները:

Քիւրտ հայրենակիցներու՝ հայաբնակ նահանգներու հաստատու բնակութիւնը թէեւ շատ հին ժամանակի գործ չէ, բայց իբր վրանաբնակներ ու շրջիկ դրացիներ, դարերէ ի վեր ծանօթ են հայ ժողովրդին:

Ներքին դաշտէն վեր, հիւսիսային գաւառներու մէջ՝ հաստատուն բնակութեան միտքը Քիւրտերու մէջ սկսած էր տարածուիլ եւ անոնք տեղ գտնելու համար՝ ստոյգ է որ յափշտակութիւններ ու զրկանքներ, կեղեքումներ չխնայեցին բնիկներուն դէմ, մանաւանդ յուղկահարութեանց ատեն, եւ որոնք շատ ընդարձակ տեղ մը կը գրաւեն ժամանակակից պատմութեանց մէջ. բայց շատ տեղեր, մանաւանդ լեռնային վայեր, ընտելացան բնիկներուն հետ, եւ ի բաց առեալ աւատապետները, րաեա դասակարգը սկսաւ մարզուիլ հողագործութեան ու դրացիութեան պայմաններուն: Հողագործական արհեստը Հայերէ սորված պիտի ըլլան. արդէն՝ րաեաներէն շատերը՝ հին ատեն հայ նահապետական եւ համրայ տներու մէջ մշակութեան կը մտնէին ու կը մարզուէին: Իսկ խաշնարածութիւնը հինէն ի վեր գիտեն:

Շատ հեռի չէ, գրեթէ դեռ մինչեւ 19րդ դարու սկիզբները, ստուար մեծամասնութեամբ, մանաւանդ թոռունները վրանաբնակ կեանք մը կʼանցնէին, մեծ մասը՝ ամրան վերի գաւառներու բարձունքը եւ ձմրան՝ ներքին դաշտի տափաստանները կʼերթեւեկէին, իսկ թոռունները իրենց հետեւորդները ընդհանրապէս լեռներէն հայ գեղեր կʼիջնէին եւ հայ տուներու մէջ կը ձմեռէին:

Երբ 1828ի պատերազմին՝ դէպ Արեւելեան Հայաստան հայկական ահագին գաղթականութիւն մը փրթաւ, ոչ միայն Կարինէն, Բասենէն, Ալաշկերտէն, այլ Մուշի դաշտէն սկսած՝ Վարդօ, Կէօյնուկ, Շուշար, Թէքմէն, Խնուս, Պուլանըգ, մանաւանդ Մանազկերտ ու Բաթնոց, բազմաթիւ հայ գեղեր ամբողջովին պարպուեցան՝ իրենց տունն ու տեղը, եկեղեցիներ եւն. կանգուն թողլով. անոնց փոխարէն բազմաթիւ րաեա Քիւրտեր հաստատուեցան պարապ ու պատրաստ տներու մէջ եւ երբ 1830ին Գըշլագն ալ Կայս[երական] Իրատէով [1] ջնջուեցաւ, թոռուններն ալ սկսան տեղ փնտռել եւ հաստատուիլ, ու ստուարացան վերի գաւառներու մէջ: Այն թուականէն առաջ, ասդին անդին արդարեւ կը գտնուէին քիւրտ գիւղեր, սակայն անոնց ամէնենքն ալ՝ րաեա-երկրագործ դասակարգին կը պատկանէին, քանի որ ամէնէն առաջ անոնք հաստատուն բնակութեան ձեռք զարկած են:

18րդ դարուն սկիզբները՝ Իտրիս անուն քիւրտ մոլլա մը, որ իբր ուսեալ ու խելացի մէկը՝ իր ատենին ազդեցիկ դիրք մը գրաւած Բաղէշի խաներուն մօտ, մասնաւոր ջանքեր ի գործ դրած է՝ Սասնոյ լեռնաշղթային մէջ քիւրտ աւատապետներ հաստատել. եւ կʼըսուի թէ՝ Գուլփի, Մօտկանի, Փսանքի ու Սասունի քանի մը աւատապետ աղաներու տուները այն ատենէն մուտ գտած են ու հետզհետէ իրենց շուրջը հաւաքելով իրենց ցեղակիցները՝ ստուարացած են:

Բայց քիւրտերու եւ իրենց գլխաւոր պէյերու ազդեցութեան ու հոծ բնակութեան բուն շրջանակը՝ հին ատենէն ի վեր եղած են Կորդուիք (արդի Ճէզիր ու Պօհթանը), որոնց վրայ ունին հէքեաթներ եւ դիւցազներգութիւններ: Պոհթանէն էր քիւրտ ազնուականներէն հռչակաւոր Պէտէրխան պէյի գերդաստանը:

Հիւսիսային գաւառները հետզհետէ հաստատուած Քիւրտերը չորս տարբեր դասակարգերու կը բաժնուին. Գրզըլպաշ, Դմլիկ, Թոռուն եւ Րաեա:

Գրզըլպաշ քիւրտերու երեւումը եւ հաստատումը ամէնէն հինը կը կարծուի, հաւանաբար 16րդ դարուն, այն մեծ ու արիւնահեղ յարձակումներու ատեն, որոնց մասին տեղեկութիւններ չեն պակսիր ձեռագիր յիշատակարաններու մէջ, յարձակումներ՝ զորս գործեց Գըզըլպաշներու Սօֆի ըսուած դասակարգը 1500ին, եւ անկէ վերջ: Ըստ ձեռագիրներու, Գըզըլպաշներու այդ կռիւները տարածուած էին՝ ոչ միայն հայաբնակ գաւառները, այլ ամբողջ Կովկասի մէջ Ատրպատական եւն.: Աւելորդ չեմ համարեր հետեւեալ յիշատակարանը արտագրել այստեղ.

«Փառք ամենասուրբ Երրորդութեան… որ ետ կարողութիւն Գրիգոր աբեղայի, հասանել յաւարտ գրոցս, որ կոչի ճառընտիր… ի դառն եւ դժար ժամանակիս, որ կամք յերերմանի: Զի ազգն Սաւֆեաց՝ ելին ի ՇԽԹ թվին (1500ին) եւ զօրաժողով եղեալ յԵրզնկայն, դիմեցին յԱրեւելս, ի դուռն Ալանաց, եւ առեալ զՇամախի եւ զամենայն տունն Շրւանայ, որ են Աղուանք, եւ նստան անդ տարի մի: Եւ արարին շատ աւերք։ Եւ ոյժ առեալ անտի դիմեցին ի վերայ Ալւանդ փատիշահին Թաւրիզոյ եւ ի դէմի հարեալ կոտորեցին զնա յանխնայ, եւ փախստական արարին. ինքեանք առեալ զթախթըն Թաւրիզոյ նստան: Եւ տիրեաց կարմիր գդակն Ատրպատական տանս: Եւ ի միւսում ամի՝ դարձեալ գնացին յԵրզնկայն: Յետեւեալ տարին՝ Սաւֆին դարձեալ եկ ի Թաւրէզ, կալաւ զամենայն աշխարհն, արարին շատ աւերք եւ բազում արեան հեղմունք. անխնայաբար կոտորեցին զազգն Տաճկաց յամենայն տեղիս, զայնոսիկ որ զինւորք էին լեալ։ Եւ եկեալ յԱրճէշ եւ յԱրծկէ նստան. Բ. անգամ թալանեցին, թողեալ գնացին։ Իսկ Քուրտն ի կողմանց Բաղիշոյ եկեալ (Կորդուաց կողմերէն ըսել կʼուզէ) էառ զԱրծկէ եւ ամրացաւ անդ։ Յետոյ՝ եկեալ Սաւֆին (Սօֆի) եւ եղեւ շատ կռիւ եւ աղմուկ եւ բերդն մնաց ի հասար (պաշարուած) յաշնանէ մինչ ի գարնան։ Եւ զերկիրն առեալ կարմիր գտակն եւ նստաւ։ Եւ այնչափ ճշդիւ մալ էառ ի Քրիստօնէից, մինչ զի այլ ոչ մնաց գինդ, ապարանջան՝ յականջս եւ ի ձեռս կանանց եւ ոչ զգեստ, եւ ոչ զարդարանք…

«Եւ կողոպտեալ եդին յընչից եւ ստացուածոց եւ եդին ամենեքեան այր-կին իբր զգերոյ-տէր, պատառատուն հնոտի հանդերձիւն եւն. ։ Արդ՝ ի սոյն դառն աւուրքս եղեւ աւարտ գրոցս ի քաղաքս Արծկէ… Ի հայրապետութեան Տ. Ներսէսի որ ոչ գոյ շինութիւն յԷջմիածին եւ ոչ խաղաղութիւն յաշխարհս Հայոց եւն. »։

Արդի Գըզըլպաշ Քիւրտերըը կը բնակին առաւելապէս Տէրսիմ, Քղի, Շուշար (Պինկէօլ, Վարդօ գաւառակները) եւն. ։ Ըստ ոմանց՝ անոնք՝ թւով 100, 000ի մօտ կը կարծուին։ Առանձին աղանդ մըն են եւ բաժնուած՝ Իսլամութենէ։ Անոնց գլխաւոր ցեղապետն է Շահ Հիւսէյին պէյի ընտանիքը ի Գուղուլճան։ Ունին հետեւակ ու ձիաւոր աշիբէթներ, որոնց մեծ մասը՝ իբր րաեաներ ենթակայ են աղաներու կամայականութեան։ Անոնց լեզուն՝ բուն քրտերէնէ տարբեր է, աւելի մօտիկ պարսկերէնի։

Գըզըլպաշներու ցեղակից կը համարուին Դըմլիկ ըսուած իսլամ Քիւրտերը, միեւնոյն ատեն համախօս անոնց հետ, սակայն կրօնապէս բաժնուած ու հեռացած անոնցմէ։ Դմլիկներն ալ բաւական ստուար թիւ մը ունին ու տարածուած են Սասնոյ լեռնաշղթայի արեւմտեան մասերը՝ գլխաւորապէս Կինճ, Զքթէ, Չէչար, Հայնէ, Բալու, Ճապաղջուր, Մարաշգութ գաւառակները եւ մաս մըն ալ Սեւերակի կողմերը։

Դմլիկները ընդհանրապէս լեռնաբնակ են, հետեւակ աշիրէթներէ կը բաղկանան ու մտաւորապէս չափազանց ետ մնացած են։ Անոնց նշանաւոր աշիրէթներէն յայտնի են Սօլախլը, Մուսեանլը, Զքթէլը եւն. ։ Մեծ մասը իբր ճորտեր ենթարկուած են իրենց աղաներուն. լեռնաբնակները աւելի խաշնարածութեամբ կը զբաղին ու կʼապրին. կան որ հողագործութիւն ալ կʼընեն։ Աշիրէթ ըսուածներուն մէջ՝ սակայն յաճախադէպ են գողութիւնները, սպանութիւններ եւն. ։

Դմլիկ ցեղի աղաներէն՝ ամէնէն հին ընտանիքը կը համարուի Կինճի ամիրաներուն տունը, որ այսօր չունի իր նախկին ազդեցութիւնն ու հմայքը, մանաւանդ Կինճի միւթասրրըֆութիւնը հաստատուելէն ի վեր։ Այս տունը՝ հին ատեն, երբեմն լաւ յարաբերութիւններու մէջ է եղեր Հայերու հետ, ինչպէս կʼաւանդուի։

Կինճի ամիրաներուն մտերիմ յարաբերութեանց քանի մը օրինակներ կը յիշուին հինէն։ Օրինակ՝ Պաղլուի Մելիքութեան Հետ իրենց գործակցութիւնը իբր 17րդ դարուն, պարսիկ խաները վտարելու համար, եւ 19րդ դարու սկիզբը Ս. Կարապետի եւ Մշոյ առաջնորդութեան հետ՝ մանաւանդ 1828ի թուրքեւռուս պատերազմին ատեն: Ամիրաներու իշխանութեան ատեն, տակաւին գոյութիւն ունէին Հայ Մելիքութիւնները, որոնք դէպի պետութիւն ունեցած իրենց հաւատարմութեամբ կրցած էին պահել իրենց ազդեցիկ դիրքը: Մինչեւ 19րդ դարու կէսերը դեռ կային Մելիքներ Դաշտի, Խնուսի եւ Պուլանըգի մէջ, որոնցմէ Եօնճալուցի Մելիք Խչէն (1868ին մեռած) կը պատմուի որ՝ հայ եւ քիւրտ 20-30 տիգաւոր սպասաւորներ կը գործածէ եղեր եւն.: 17րդ դարուն՝ ամէնէն ազդեցիկ եւ համբաւաւորն եղած է Մշոյ Դաշտի Պաղլուի Մելիքութիւնը, որուն անունով գիւղը մինչեւ հիմա կը կոչուի Պաղլու-Մելիք եւ կը պահէ եղեր մինչեւ 500 զինեալ սպասաւորներ: Այս Մելիքութեան եւ Կինճի ամիրայութեան կը պարտինք՝ պարսիկ խաներու բռնապետական խենէշ վարչութենէն Դաշտին  մաքրագործումը:



[1]            Այս Իրատէն ձեռք բերուած է Մուշի Առաջնորդ Պետրոս եպ[ի]ս[կոպոս]ի և Մուշի հայ գիւղապետներու Պոլիս ըրած անընդհատ դիմումներուն հետեւանքով։