Հողային հարցը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐԱՒՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ

Հողային թալանին եղանակները թէեւ բազմազան են, բայց մենք հոս գլխաւոր քանի մը ձեւերը պիտի ներկայացնենք, օրինակներով։

Ա. Մուրհակաւոր անմուրհակ պահանջներու փոխարէն, սալաֆով կամ մարապայութեամբ գրաւուածները, արժէքին 1 / 10 կամ 1 / 5 համեմատութեամբ։

Օրինակ. 1) Մանազկերտի բերդ. Հայերու թափուլի իբր 50 կտոր արտեր, չայիրներ, ձիթահան մը, պարտէզ մը, որոնք մօտ 800 ոսկի արժեքով գրաւուած են Հասնանլը Մէհմէտ Սայնտ, Եուսուֆ, Ապտի աղաներէ եւլն, իբր 30-40 ոսկիի փոխարինութեամբ։

2) Մշեցի Ճեզայիր աղա եւ որդին Եուսուֆ աղան իրենց զանազան առնելիքներու փոխարէն, չնչին գնահատութեամբ Աւազ աղբիւր եւ Սնծնուդ գիւղերու Հայերէն գրաւած են աւելի քան 100 կտոր արտեր։

3) Տիարպէքիրի Թըրճըլ գիւղի Պապօշ Տատօյեան հայուն 200 ոսկինոց կալուածները 800 ղրշ. ի փոխարէն գրաւեր է Հազրոցի Պէտրի պէյը։

Բ. Ապօրէն իլմուհապէրներով, կամ շինծու մուրհակներով, շատ հեղ նոյնիսկ հողի տիրոջ բացակայութեան կամ սպառնալիքներով հայերուն թագրիրը առնել տուած ու ինթիգալ ըրած են։

Օրինակ. Կնճեցի Իսմայիլ ու եղբայրը՝ Փաշա աղաները, որոնք Մարաշգութի Խարապա գիւղը գրաւած եւ ժողովուրդը ծառայի պէս կը գործածեն։ Երկու տարի առաջ՝ ինչպէս զրկեալները կը յայտարարեն՝ գեղին եւ Իխթիար Մէճլիսիի կնիքներով, որ սովորաբար իր մօտը կʼունենայ եղեր Իսմայիլ, իլմուհապէրներ կը շինէ, անով Կինճի Տէվթէր Խագանիի մէմուրին կը դիմէ, որ իր բարեկամն էր եւ Խարապացիներու հողերը իր անուան ինթիգալ կʼընէ, անկէ վերջ քանի մը հայ տուներ ալ գեղէն կը վտարէ եւայլն։

2) Պուլանըգ. Մալաքեանդ գիւղի Հասնանըլ Սիւլէմանի Իւսուֆ աղան՝ Ռէս Յարէ Պետրոսեանը (որուն ընդարձակ հողերը իբր 1000 ոսկի կը գնահատուին) բռնի մարապա կʼընէ իրեն՝ 80 ոսկիով, զոր սալաճով 160ի կը բարձրացնէ. Յարէն եւ անոր հօրեղբայրներուն տեղ ալ՝ ուրիշ մարդիկ Կոբ տանելով՝ կնիքներ փորել կուտայ ու մուրհակը կը պատրաստէ։ 1323ին Իւսուֆ աղա հողերուն ամբողջ հասոյթը կը տանի եւ կը խլէ Յարէի տաւարները, տուները եւ ամենարգաւանդ հողերը, որոնցմէ՝ միայն 1325ին իբր 600 քիլէ արմտիք շահած է, ի բաց առեալ առաջինները։

3) Բաղէշ, Խըմպըլ Ջուր. Ալէքսան Աբրահամեանը ղուրպաթ գտնուած ատեն, Բաղէշցի Իւսուֆ աղան չնչին գումարով մը գրաւած է անոր արտերը։

Գ. Ո եւ է ձեւով գեղէ մը քանի մը արտ ձեռք անցուցած եւ ապա բոլոր գեղին տիրացած։

Օրինակ՝ Խուբեցի Հիւսէյն աղան Կելիէկենըման եւ Կելիէ-մսուր գիւղերու ամարանոցներուն մօտ 2 արտեր կը յաջողի թափու ընել։ Հիմա բոլոր հողերը իմս են ըսելով՝ կը սպառնայ հայերը վտարել իրենց գեղերէն։

2) Ճպրանլը Հայտար աղան բռնի քանի մը արտեր ձեռք կʼանցունէ Ագարակէն, որու հայերէն 4 երեւելիները իր ծառաներէն սպաննուած էին եւ Հայտարը շատերը կը թալլէ գեղին մեծ մասը կը գրաւէ, ուր քէօշք կառուցած եւ հիմայ կը տիրապետէ։

Դ. Բացարձակ ու յայտնի բռնութեամբ գրաւուածները։ Ասոնք անհամար են, ի բացառեալ ուրիշ վիլայէթները, որոնց մանրամասնութեանց ծանօթ չենք, Պիթլիսի վիլայէթին եւ Մուշի սանճագին ամէն կողմերը գրեթէ հարիւրաւոր գիւղերու մէջ մեծ համեմատութեամբ գրաւումներ կան։

1. Օրինակ. Մշոյ դաշտ, Չուգուրի Աւազաղբիւր գիւղէն Թլեցի քրտեր գրաւած են 54 արտ, արօտավայր, 22 տուն, 2 ախոռ, 1 մարագ, 2 պարտէզ, իբր 1000 տէօնում եւն. ։

2. Մշոյ դաշտ, Քոլօսիկ գիւղ. Պալաքլը Ֆարիս աղային եւ իր ազգական քրտերուն կողմէ բռնի եւ սալաֆով գրաւուած են Հայերու 95 արտեր, 12 տուներ, 4 գոմ, 4 մարագ, 7 ախոռ, 7 կալ, 2 այգի, 1 ջրաղաց եւն. ։

3. Խութ, Շէն գիւղ. Գործվարցի Սըլօ Ֆարիս կըսպաննէ Աստուածատուրը, կը գրաւէ անոր բոլոր հողերը, եւ Ս. Աղբերիկի արտերը։ Ասոնցմէ զատ մնացող 26 տնւոր հայերուն ցանքերը կիսրար ըրած է, ստրկօրէն ծառայեցնելով իրեն։

4. Խասոբի (Սասուն) Մաշկաթ գեղի Պալաքլը Խասօյի Մահմուտ եւլն սպաննեցին Արթինեան Կիրակոսը եւ իւրացուցին տուներն ու հողերը, գրաւելով նաեւ բռնութենէ փախած 16 հայ տներուն բոլոր կալուածները։

5. Կինճ-Ճապաղջուր Չէվլիկ, Դէպքին ատեն այս գեղը սպաննուած են 57 այր եւ կին, 15 տնւոր հայեր փախեր են, անոնց 29 արտեր ու չայիրներ (իբր 2190 արտավար), 13 տուն, 32 մարագ, գոմ, ախոռ եւն. գրաւուած են Սէյֆօ, Ազիզ, Խուրշիտ պէկերուն եւ Մօնլա պէշիրի կողմէ։

6. Հազզօ 1894ին տասը Բագրանլը քրտեր կսպաննեն Մկրտիչ Կ. Սիմօնեանը, որուն հայրը գանգատի համար Զիլանի Շէխին կը դիմէ, որ կը վռնտէ զայն։ Ասկէ ետք Բագրացիք-Ռէշքօթանցիք կրկին կը յարձակին թալան կը տանին 114 գոմէշ, եզ, կով, 300 ոսկիի ապրանքներ, 1800 ծառեր 1897ին կըսպաննեն եղբայրը Ստեփան էֆէնտին եւ կը գրաւեն իր 7 ագարակները (իբր 5000 տէօնում)։

7. Խնուս, Եահեա գիւղ. տեղւոյն 28 տնւոր հայերու 140 արտերն ու չայիրները (2025 տէօնում) եւ 47 շէնքերը բռնի գրաւած են նախորդ շրջանին հոն մուտ գտած Ալի, Մէթօ, եւ Սայիտ աղաներ եւն. ։

8. Տիարպէքիր. Սիլվան, Էօմէրա գիւղ, Սէտախնի գիւղին Մէհմէտ քեահեան 1900ին բռնի գրաւած է նոյն գեղացի Սարգիս Տ. Ղազարեանի արտերը, արոտավայրերը եւն՝. իբր 7200 արտավար։ (95ի դէպքերուն Սարգիսի ընտանիքի անդամներէն քանիները սպաննուած էին ու մնացածները փախած ապաստանած Աղտին գիւղը եւն.

Ե. Սահմանակցութեան պատրուակով բռնի գրաւումներ

1. Օրինակ. Պուլանըգ, Լիզ գիւղ, Հայերու թափույի սեփականութիւնը եղած 400 է աւելի արտեր-չայիրներ, որոնց տուրքը հայերը կուտան՝ գրաւուած են դրացի Կոբօ գեղի Չէրքէզներէն։

2. Մշոյ դաշտի Ցրօնք գիւղի հայերուն թափուով սեփական արօտավայրը՝ իբր 1000 տէօնում, գրաւուած սահմանակից Զօրավայ գիւղի քիւրտերէ, տուրքը հայերու վրայ։

Զ. Խաֆիրութեան պատրուակով գրաւումներ։

Սասուն, Մօտկան, Ղարզան եւ այլ լեռնային գաւառներու մէջ՝ նախորդ շրջանին, քիւրտ աչայիրներ հայերը իր ստրուկ նկատելով, խաֆիրութեան բռնապետական տուրքեր կʼառնէին. Սահմանադրութիւնը ջնջած է այդ հակապետական տուրքերը, սակայն կարգ մը խաֆիրառուներ շարունակեցին իրենց բռնի գանձումները ու երբ բողոքուեցաւ՝ տեղական իշխանութիւնը քիւրտերու յերիւրանքներուն արձագանգ ըլլալով, պատասխանեց թէ առնուածը հողային տուրք իճարէ է այսինքն Հայոց հողերը քիւրտերուն կը վերաբերին…։

Այս մտքով Հազզօյի Փափուր գեղացի աւազակապետ Կենճօն եւ իր տղայ Ազիզը հերու սպաննել տուած են Նոր-գեղի Ռէս Շարօն (Հայ մը) երբ ասիկա չէր ուզած իր եւ գեղացի Հայոց հողերը անոնց անուան ինթիգալ ընել։ Իճարէի այն յերիւրանքը խաճիրառուներուն նոր գրգիռ մը եղաւ Հայոց հողերը իրենց վրայ ինթիգալ ընելու, մանաւանդ որ կը տեսնեն թէ տեղական դատարանն ալ իր բարեացակամութիւնը չի խնայեր այս մասին… ինչպէս պիտի տեսնենք յետոյ՝ անոր արձակած վճիռներէն։

Օր. 1) Պալաքլը Շէկօ տան քիւրտերը Սասնոյ Արծուիկ գիւղի խաֆիրառուներն էին. նախորդ շրջանին կը սպաննեն Խաչատուր Մխիկեանը ու Յովսէփ Գասպարեանը, վերջինիս հայրն ալ կը սպանուի Մաշկաթցի քիւրտերէ, որուն հետեւանքով իբր 13 տնւոր հայեր կը փախին ու անոնց հողերը կը գրաւուին։

2) Բռնաշէն գաւառ, Պալաքլը Սալիմ, Իպրահիմ, Միրխօ, Ողէր եւլն. քիւրտերը գրաւեր են Շահվէրտի գիւղացիներու արտերը, Հայերէն մաս մը փախած են, մնացածներն ալ քիւրտերու ծառայութեան մէջ՝ կիսրար լուծք կʼընեն եւլն. ։

4) Շիկալինք գեղէն փախած են 10 տնւոր հայեր, ու Պալաքցիներ գրաւած են անոնց ամէն ունեցածները։ Պալաքցի Հըվտօ Շաքիրի տղաքը ետեւէ ետեւ կը սպաննեն Մակար Յակոբեանը եւ Զաքարը, գրաւելով անոնց տներն ու հողերը եւլն. ։