Հողային հարցը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԱՆԻ ՄԸ ԽՕՍՔ ՍԱԼԱՖԻ ՄԱՍԻՆ

Սալաֆը կամ սէլէմը ահռելի վաշխով առեւտուրի մէկ ձեւն է. տեսակ մը թալան։ Սալաֆը թէեւ հինէն կար, բայց հարկահաւաքութեան երեսէն անլուր համեմատութեան հասաւ։ Օրինակ, 25 ղրշ. կը տրուէր հողագործին՝ 7-8 ամիսէն փոխարէնը տալու 1 գառնուկ, կամ քիլէ մը ցորէն, որոնք առնուազն 40-50ական ղրշ. կʼարժէին, թէեւ երբեմն ցորենը կրնար 100-150ի բարձրանալ։ Եթէ պայմանաժամին գառնուկը չյանձնուէր, հետեւեալ տարին 2 գառնուկ կը պարտէր եւ այսպէս յաջորդաբար։ Օրինակի համար, 20 ղրշ. ը աճելով՝ 4 տարուան մէջ 3-400 ղրշ. ի վաշխ կը գոյացնէր եւ եթէ սալաֆը միշտ շրջուէր՝ 10 տարուան մէջ քանի մը հազարի կը հասնէր։

Օրինակ՝ օղունքցի Սերոբ Ֆրխօյեան 3 քիլէ կորեկ կʼառնէ Սալաֆտարէն ու 200 ղրուշի մուրհակ կուտայ։ Որոշեալ ատեն Սերոբը չի կրնար պարտքը տալ, 200 ղրուշի նոր սալաֆ կը կնքուի 6 քիլէ ցորենի վրայ. Սերոբ չի կրնար 6 քիլէ ցորենը տալ, սալաֆտարը կը գրաւէ անոր 3 գոմէշները, որ առնուազն 1200 ղրուշ արժէին։ Լուծքը կʼարձակուի ու Սերոբ կը մեռնի։

Սէլէֆի առեւտուրը հողերու վրայ ալ տեղի կʼունենար. այսինքն աղքատ հողագործը չնչին գումարի մը փոխարէն արտը գրաւ կը դնէր, որուն եկամուտը կը վերաբերէր դրամատիրոջ եւ եթէ հողագործը չհատուցանէր փոխ դրամը՝ հողը վրայ կʼերթար։ Օրինակ մը. Օղունկցի Դաւիթի կնոջ մէկ արտը միայն 6 մէճիտի փոխարէն գրաւ էր Մշեցի թուրքի մը, որ տարուէ տարի նոյն արտէն կը տանէր առուոյտը եւ մօտ 8-10 քիլէ կորեկ, նուազագոյն հաշուով՝ տարին 4-500 ղրշ., իսկ 6 մէճիտը միշտ տալիք կը մնար։