ՏԵՂԱԿԱՆ
ԴԱՏԱՐԱՆՈՎ
ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ
ԳՐԱՒՈՒՄՆԵՐ
Է.
–
Օրինական
հանգամանքէ
զուրկ
ո՛
եւ
է
թղթով
կամ
անընդունելի
վկայութիւններով
Հայոց
դէմ
բացուած
հողային
դատերը
ի
նպաստ
յափշտակողներու
վճռուած։
1)
Հերու՝
Սասնոյ
Կէօսրէքցի
Աշօ
պին
Ֆէրօ
անուն
քիւրտ
մը
1293
թուակիր
թուղթ
մը
կը
ներկայացնէ
Մշոյ
դատարանին,
իբր
Հեթենք
գեղին
հողերու
իճարէին
թուղթը,
որով
գիւղին
բոլոր
կալուածները
իրեն
սեփականացուած
է
եղեր
են
(պէտք
է
գիտնալ
թէ
այս
թուղթը
թափուի
կալուածագիր
մը
չէ).
դատարանը
առանց
լսելու
հայերուն
օրինաւոր
առարկութիւնները՝
կը
վճռէ
թէ
Հեթինկի
հողերը
Ալօյին
սեփականութիւններն
են,
ա՛յո
Հեթինկին,
որուն
4-5
երեւելիները
18-20
տարի
առաջ
խաֆիրութեան
պահանջները
մերժելնուն
համար
սպաննուած
էին,
գիւղ
մը՝
ուր
կանգուն
ու
խանգար
երեք
եկեղեցի
ու
գերեզմանատուն
կան
դարերէ
հետէ
Հայերէ
բնակելի։
(Այս
դատը
սակայն
թեէմիզէն
նագս
եղած
է)։
–
Կարգ
մը
քրտեր
ալ
այս
տեսակ
դատ
մը
բացին
Դժպատրիկի
հայոց
դէմ,
ու
շահեցան,
տեղական
դատարանէն,
թէեւ
բեկուեցաւ
թեէմիզէն։
Խաֆիրառու
աղաներ
սկսած
են
ոտնձգութիւններ
ընել
նաեւ
Քոր-Երիցանք,
ուր
այս
տարի
հողային
վէճերով
երկու
հայեր
սպաննուեցան.
Կելիկոզան,
ինչպէս
եւ
Փսանքի
ու
Հազզօյի
այլեւայլ
գիւղերու
դէմ։
Ը.
–
Անհատական
շինծու
վկայութեանց
վրայ
Հագգը
Գարարի
իրաւունք
տալով
քրտերուն,
նոյն
իսկ
թափուլի
գիւղերու
գրաւումները.
–
1)
Տատրոգոմ
գիւղ,
սեփականութիւն
Մշոյ
Ս.
Յովհաննու
վանքին,
ուր
իբր
20
տուն
Հայեր
կային,
հողերը
կանոնաւոր
թափուով
38
տարի
առաջ
գնած
էին
մալուլիէթէն
օրինաւոր
աճուրդով
ու
բնիկ
Հայերու
բոլոր
կալուածներն
ալ
թափու
եղած
էին,
մինչ
ո՛չ
մէկ
արձանագրութիւն
կար
քրտերու
անուան։
Էմլաքը,
աշարը,
աղնամը
բնիկ
Հայեր
կուտային,
եւ
տուրքը՝
վանքը
կուտար։
Վեց
տարի
առաջ
Ալմանլը
քրտեր
կը
թելադրուին,
եւ
դատ
կը
բանան
ու
տեղական
դատարանը
շինծու
վկայութիւններով,
առ
ոչինչ
համարելով
նախորդ
դատական
վճիռն
ալ՝
քրտերուն
կը
սեփականացնէ,
որոնք
առանց
սպասելու
իսթինաֆի
վճռին՝
1905
մայիս
20ին
կը
յարձակին
գեղին
վրայ
ու
Հայերը
կը
ցրուեն,
անոնց
41
կտորի
չափ
տուները,
ախոռները,
գոմերը
եւ
վանապատկան
շէնքերը,
պարտէզներն
ու
հողերը
կը
գրաւեն,
ասոր
հետեւանքով
200ի
չափ
բնիկ
Հայեր
զրկուած
ասդին
անդին
կը
թափառին,
ու
բոլոր
արտեր-չայիրները
քիւրտեր
կը
շահագործեն։
Թ.
–
Դատարանը
եօգլամայ
մէմուրներու
անկանոն
կալուածագրերը
կը
հաստատէ
ՙի
վնաս
հայ
սեփականատէրերու։
1)
Մշոյ
Գզլաղաճ
գիւղացի
Պօղոս
Յակոբեան,
Սահակ
Եղօյեան
Աստրկանց՝
աղերսագրով
մը
ետ
կը
պահանջեն
իբր
300
ոսկի
արժող
իրենց
թափուլի
հողերը
Շարաֆկանցի
քիւրտ
Սալիէի
որդիներէն՝
Ապաօյէն
եւ
Մհէէն,
որոնք
նախորդ
շրջանին
խլած
էին։
Տէֆթէրհանէի
մէջ
Հայերը
իրենց
կալուածագրերով
երբ
իրաւունք
կը
ստանան,
այն
ատեն
քրտերը
եօգլամայ
մէմուրէն
առած
նոր
կալուածագիր
մը
ցոյց
կուտան
ըսելով
որ
իբր
թէ
ժառանգներուն
հայրը՝
Եղօն,
8
տարի
առաջ
ծախած
ըլլայ
զանոնք.
մինչդեռ
Եղօյին
նոյն
թուականէն
15
տարի
առաջ
մեռած
ըլլալը
հաստատելով,
եօգլամայի
թղթին
կեղծ
ըլլալը
երեւան
կʼելնէ։
Բայց
դատարանը
բաւական
կը
համարէ
մէկ
երկու
վկաներ
լսել,
ինչ
որ
շատ
դժուար
բան
մը
չէ,
ու
դատը
ի
նպաստ
քրտերուն
կը
վճռուի…։
Ժ.
–
Անհատական
պարտքի
փոխարէն
գեղեցիներու
հողերը
ի
նպաստ
պարտապահանջներու
վճռուած՝
տեղական
դատարանէ.
Օրինակ.
–
Բաղէշի
Մօտկան
գազային
Հաւու
թաղի
եւ
Միրի
թաղի
գիւղերուն
Հայերը
իրենց
կալուածագրերը
դատարանին
ներկայացնելով՝
կը
բողոքեն
Շէյխ
Զէյնէտտինի
կողմէ
իրենց
հողերուն
վրայ
կատարուած
տիրապետութեան
դէմ։
Դատավարութեան
ատեն,
թէեւ
Հայերու
սեփականութիւնը
կը
հաստատուի
բայց
Շէյխ
Զէյննէտտին,
ըստ
սովորութեան,
վկաներ
կը
բերէ
դատարանի
առջեւ
եւ
Հայոց
հողերը
հաճըզ
կʼընէ։
ԺԱ.
–
Եօգլամա
մէմուրիի
ապօրէն
կալուածագրով՝
հողերը
Ֆէրադ
եղած
նոյն
իսկ
հողատէրերու
բացակայութեան
միջոցին.
Օրինակ.
–
Մշոյ
Աւազաղբիւրցի
Սեդրակ
Պաղտասարեան
կը
բողոքէ
թէ
հօրը
մահուանէն
վերջ,
ինքը
իբր
անոնք
որբ,
Եդեսիոյ
որբանոցը
կը
ղրկուի,
ուրկէ
երբ
որ
կը
վերադառնայ,
կը
տեսնէ
որ
իր
հայրենի
թափուլի
ժառանգութիւնը
23
արտ,
2
գոմ,
2
ջրաղաց,
2
մարագ՝
իբր
500
ոսկի
արժէքով,
գրաւուած
են
թուրք
Եուսուֆ
աղայէն.
ժառանգորդը
ետ
կը
պահանջէ
զանոնք,
որուն
ի
պատասխանի,
Եուսուֆ
աղան
կը
յայտարարէ
թէ՝
հայրը՝
Պատասար,
1310ին
եօգլամալով
ծախած
է
զանոնք
իրեն։
Ուստի
գործը
կառավարութեան
կʼիյնայ.
նուֆուսի
եւ
վէրկիի
պաշտօնատուներէն
կը
հաստատուի
թէ
Պաղտասարը
1310էն
6
տարի
առաջ՝
1304ին
մեռած
է,
թէ
էմլաք
եւ
արազիի
վէրկիներ
Պաղտասարի
անուան
են…։
եւ
սակայն
հողերը
ետ
չեն
տրուած՝
թէ
այս
եւ
թէ
նմանօրինակ
բողոքարկուներուն։
ԺԲ.
–
Երկրագործական
պանքայէն,
չնչին
գիներով
գրաւուած
հողեր,
որը
ծախուած,
որը
ծախուելու
վտանգին
տակ։
1)
Արագցի
Հլղաթ
Ճնտօյեանի
արտը
Իսմայիլի
Նատօն
առած
է
200
ղրուշով։
Ցրօնքցի
Խչօյի,
Մագարի,
Եղիազարի
360
արտավար
29
արտերը
չնչին
գներով
ծախուած։
2)
Ախճանցի
Յովոյի
եւ
Խաչոյի
60
քիլ
էնոց
արտերը՝
10
ոսկիի
գրաւ։
Աւօյի
150
արտավար
հողերը՝
15
ոսկիի
գրաւ։
(Ախճանէն
ընդ
ամէնը
պանքայի
գրաւին
տակ
կը
գտնուին
տակ
կը
գտնուին
164
արտեր
եւ
չայիր,
Ցրօնք
գիւղէն՝
20
արտեր,
Պուլանըգ՝
Համզաշեխէն՝
41
արտեր)
եւն.
։
ԺԳ.
–
Պետական
տուրքի
պատրուակով՝
թանկարժէք
հողերը
չնչին
գներով
ծախուած.
Օրինակ.
–
Պուլանըգի
Ոտնչոր
գիւղացի
Ռէս
Ապտա
աղան՝
Մկրտչի
2
ընդարձակ
արտերը,
2
մարգագետինները,
1
ձաւարհան,
1
բանջարանոցը,
որոնք
իբր
400
ոսկի
կ՚արժէն՝
աշարի
(տասանորդ)
45
ոսկիի
պարտքին
փոխարէն
Կորի
կառավարութեան
միջոցաւ
ծախուած
է
Խարապաշէհիր
գիւղի
բռնակալ
Ավանզատէ
Մէհմէտ
Սայիտ
աղային,
չնայելով
որ
Մկրտիչը
իր
լուծքը,
տաւարը
ծախած
եւ
պատրաստակամութիւն
յայտնած
է
պարտքը
վճարելու։
Զրկեալները
տակաւին
կը
բողոքեն՝
բայց
անոնց
ստացուածքը
ետ
չէ
տրուած։
ԺԴ.
–
Հալածական-փախստական,
նոյնիսկ
բնիկ
Հայերու
հողերը,
տեղական
իշխանութեանց
ձեռքով
իսլամ
մուհաճիրներու
տրուած։
Օրինակ.
–
1)
Մուշի
նախկին
կառավարիչ
Մահմուտ
փաշա,
1903ին
նեղը
դնելով
Մշոյ
Վարդենիս
գիւղի
հայերը
անոնցմէ
ստորագրութիւն
կը
պահանջէ
իր
7
տնւոր
հայերու
350
արտավար
հողերուն
համար,
բայց
անկէ
զատ
կը
խլէ
1750
տէօնում
հողեր
ալ
բնիկներէն
եւ
40է
աւելի
Չէրքէզ
ընտանիքներ
կը
զետեղեն
Վարդենեսի
եւ
Արտօնքի
մէջ
տեղ,
անոնց
ոռոգման
ջուրին
վրայ։
Չէրքէզները
1908ին
784
արտավար
ալ
կը
խլեն
բնիկներէն,
որուն
150ը
Վարդինիսի
եկեղեցիինն
է։
Հայերը
կը
բողոքեն,
այց
Չէրքէզները
չեն
հեռացուած։
Այսպէս՝
մուհաճիր
Չէրքէզներուն
համար
խլուած
են
Մշոյ
Առնիստ
գեղէն
97
արտեր,
չայիրներ
(1500
արտավար),
17
կալեր,
28
բանճարանոց
եւն.
։
Մշոյ
Դրմերտ
գիւղէն
16
արտեր,
10
մարգագետին
եւն.
(մօտ
1000
արտավար)։
2)
Պուլանըգի
Թեղուտի
մէջ
տեղաւորուած
են
35-40
տնւոր
մուհաճիրներ,
որոնք
գրաւած
են
տեղւոյն
Հայերէն
իբր
42
տուն,
յարակից
շէնքերով
150է
աւելի
արտեր,
մարգեր,
մինչ
վերադարձող
հայ
պանդուխտները
անտուն,
անտեղ
կը
տառապին։
Պուլանըգի
մէջ՝
այսպիսի
գրաւումներ
եղած
էին
Գարաղըլ,
Համզաշեխ,
Եօնճալը,
Շեխեազուպ,
Լիղ,
Կողակ,
Շեխվէլի
են
իբր
8-9
գեղերու
մէջ։
3)
Կարնոյ
Խնուս
գաւառի՝
Չէվիրմէ
գիւղէն՝
խլուած
են
1907ին
59
արտեր
ու
չայիրներ,
երկրորդ
անգամ
հարիւրաւոր
արտեր
ու
գետիններ։
Խնուսի
Գոզլու
գիւղէն
արտեր,
չայիր,
արոտատեղի
իբր
4000
արտավար։
Իսկ
Լագպուտագ
եւ
Սիմօ
անուն
գիւղերը,
ամբողջովին
գրաւուած
են
Չէրքէզներէ։
–
Այս
տարի
նոր
փորձեր
սկսած
էին,
նոյնիսկ
Մանազկերտի
եւ
Գարագայեաց
գեղի
հայերուն
սեփական
Պօսթան
Գայեայ
ըսուած
հողերը
մուհաճիրներուն
տալու
համար,
որու
մասին
բողոքներ
ալ
եղան։
Ընթերցողները
կրնան
գիտնալ
թէ
այս
յականէ
անուան
ցուցմունքները,
ոչ
թէ
իբր
ամբողջութիւնն
են
գգրաւումներուն,
այլ
միայն
օրինակներ։
Հայապատկան
հողերու
գրաւմանց
ամբողջութիւնը
գրքեր
կը
կազմէ։
Ջանադիր
ենք
կազմելու
վիճակագիր
մը,
թէեւ
ո՛չ
լիակատար
քանի
որ
գաւառներու
մէջ
հողային
բովանդակ
յափշտակութիւններու
ամբողջական
եւ
լրացուցիչ
վիճակագիրը
չունինք
տակաւին։